«Ֆորմիւլա-1». Գերմանացի Ռոզպըրկ Տիրացաւ Տարեշրջանի Առաջին Աւստրալիոյ Կրան Փրիի Տիտղոսին

Նիքօ Ռոզպըրկ
Երէկ` կիրակի, 16 մարտին, տեղի ունեցաւ «Ֆորմիւլա-1»-ի 2014 տարուան ախոյեանութեան առաջին հանգրուանի` Աւստրալիոյ կրան փրին:
«Մերսետես»-ի մաս կազմող գերմանացի Նիքօ Ռոզպըրկ ապահովեց տարեշրջանի իր առաջին 25 կէտը, երբ 58 լեփ ունեցող այս կրան փրին արձանագրեց 1 ժամ 32′ 58″ արդիւնք մը:
Անոր ետին յաջորդաբար 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը գրաւեցին Քեւին Մակնիւսըն եւ Ենսըն Պաթըն:
Նշենք, որ 22 վարորդներէն 7-ը այս կրան փրիին անբախտ գտնուելով չկրցան հասնիլ ժամանման գիծ:
Շաբաթ օր տեղի ունեցած փոլ-փոզիշընի մրցումներուն, առաջին դիրքը գրաւած անգլիացի Լուիս Հեմիլթըն («Մերսետես») այս կրան փրին կիսատ ձգածներուն կարգին եղաւ:
Հետաքրքրական եղաւ «Թորօ Ռուսօ»-ի ռուս 19 տարեկան Տանիել Քվիաթի կատարածը այս կրան փրիին:
Ան յաջողեցաւ «Ֆորմիւլա-1-»-ի աշխարհի ախոյեանութեան պատմութեան մէջ դառնալ, ամէնէն երիտասարդ վարորդը, որ իր անդրանիկ մասնակցութեան կը յայտնուի առաջին 10-ին մէջ:
Ստորեւ կու տանք երէկուան կրան փրիին արդիւնքները եւ տարեշրջանի իրենց կէտերը ապահոված վարորդները.

