Քարթինկ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Փաթրիք Եւ Քրիսթոֆըր Նըժէյմ Տիտղոսակիր

PROFOTO
Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, նախանցեալ օր «Փիթ Սթափ»-ի վազքուղիին վրայ տեղի ունեցաւ Լիբանանի քարթինկի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումը` մասնակցութեամբ մեծաթիւ հանդիսատեսներու:
14 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ առաջին դիրքը գրաւեց Քրիսթոֆըր Նըժէյմ, որ արձանագրեց 15′ 58″ 159 արդիւնք մը (ընդամէնը` 20 լեփ):
Անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Քրիսթոֆըր Ռըզք (16′ 01″ 663) եւ Ռաշետ Ղանեմ (16′ 17″ 885):
Ինչ կը վերաբերի 15 տարեկանէն վար դասակարգին, առաջին դիրքը գրաւեց Փաթրիք Նըժէյմ` արձանագրելով 17′ 22″ 107 արդիւնք մը (22 լեփ): Անոր ետին յաջորդաբար 2-րդ եւ 3-րդ հանդիսացան Մաթիաս Նըժէյմ (17′ 27″ 352) եւ Քարլ Մասաատ (17′ 27″ 375):
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի կազմակերպիչ յանձնախումբի պատասխանատու Կեպի Քրեքըրի եւ ուրիշներու:
Նշենք, որ երրորդ հանգրուանի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 5 ապրիլին:

