Իսրայէլի Նախկին Նախարարը Կը Քննադատէ Նեթանիահուի Կառավարութիւնը, «Նախքան Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Վատթարացումը, Հայոց Ցեղասպանութիւնը Մերժեցիք»

saridԻսրայէլի կրթութեան նախկին նախարար Եոսի Սարիտը հրէական «Հաարեց» թերթին մէջ հրապարակուած իր յօդուածին մէջ քննադատած է Պենիամին Նեթանիահուի կառավարութիւնը:

Նախկին նախարարը «Ոչ թէ սկզբունքներու, այլ` շահերու երկիր» վերնագրով յօդուածին մէջ անդրադարձած է Իսրայէլի արտաքին քաղաքականութեան հարցերուն: Սարիտ կառավարութիւնը մեղադրած է Հայոց ցեղասպանութեանը ճանաչումը Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու պատճառով օրակարգէ դուրս մղելու համար:

Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով նախկին նախարարը մասնաւորապէս ըսած է. «Ցեղասպանութիւնն ալ մերժեցինք, մինչ  Էրտողան մեզ հրապարակաւ կը մեղադրէր: Նախքան Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու վատթարացումը` Հայոց ցեղասպանութիւնը մերժեցիք»:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )