Գիւմրիի Մէջ Կայացաւ «Հայատեացութիւնը Ազրպէյճանում» Ռուսերէն Գիրքի Շնորհահանդէսը

kumri-KirkԳիւմրիի «Սախարովի անուան մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան կենտրոն»-ին մէջ, փետրուար 23-ին տեղի ունեցաւ «Հայատեացութիւնը Ազրպէյճանում» ռուսերէն փաստավաւերագրական գիրքին շնորհահանդէսը, որուն ներկայ եղաւ գիրքին համահեղինակը` ազրպէյճանագէտ Անժելա Էլիպեկովան: Ձեռնարկը կազմակերպած էր պատմաբաններու «Վիկտորիա» ակումբը:

Աշխատութեան համահեղինակներ Անժելա Էլիպեկովան եւ Արմինէ Ադիբեկեան օգտագործած են միայն պաշտօնական փաստեր եւ յայտարարութիւններ, մէջբերումներ կատարուած են ազրպէյճանական մանկական, գեղարուեստական, ուսումնական գրականութենէն, ինչպէս նաեւ` պաշտօնական հանդիպումներու ընթացքին յայտարարութիւններէն, որոնք բոլորը Ազրպէյճանի մէջ հայատեացութեան օրինակներ են: «Նպատակը բոլորին ցոյց տալ է, թէ ովքեր են ազրպէյճանցիները, ինչ դրսեւորումներ կը ցուցաբերէ ազրպէյճանցի հասարակութիւնը, եւ այս առնչութեամբ ինչ խնդիրներ ունինք Հայաստանի մէջ: Ասիկա պարզապէս ուղեցոյց կարելի է համարել: Ես եւ իմ համահեղինակս բացարձակապէս ոչ մէկ սեփական կարծիք եւ վերաբերում արտայայտած ենք, գիրքին մէջ միայն փոքրիկ ներածական խօսք կայ, ուր կոչով դիմած ենք հասարակութեան` գիրքը կարդալէ ետք զայն առիթ չնկատել ազրպէյճանատեացութեան: Մենք ոչ մէկ պարագայի այդ նպատակը կը հետապնդենք: Գիրքը կ՛արգիլենք նաեւ կարդալ անչափահասներուն եւ թոյլ ջիղեր ունեցող մարդոց», յայտնեց հեղինակը: Խօսելով Ազրպէյճանի մէջ հայատեացութեան դրսեւորման մասին` Անժելա Էլիպեկովան նշեց, որ ատիկա նոր երեւոյթ չէ եւ չէ ծագած վերջին տարիներուն, այլ աւելի հին հիմեր եւ արմատներ ունեցող երեւոյթ է, ինչ որ գիրքին մէջ կը փաստուի:

Գիրքին մէջ նաեւ ներառուած են հայատեացութիւն արտայայտող ազրպէյճանական հեքիաթներ, ասացուածքներ եւ առածներ:

Կարճ ժամանակի մէջ գիրքը բաւական մեծ արձագանգ գտած է ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ` արտերկրի մէջ: Անիկա լոյս տեսած է պետական աջակցութեամբ: Երկու հազար տպաքանակով լոյս տեսած գիրքը արդէն սպառած է: Անիկա ոչ միայն պիտի վերահրատարակուի պետական միջոցներով, այլ նաեւ պիտի թարգմանուի անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներու:

«Այս փաստագրական գիրքի առաւելութիւնն այն է, որ լոյս է տեսել ռուսերէն` հասարակութեան աւելի լայն շրջանակներին հնարաւորութիւն տալով ծանօթանալու իրավիճակին: Կարեւորում եմ նաեւ փաստագրական լինելու հանգամանքը` հասարակութեանը իրավիճակը փաստերով ներկայացնելու առաւելութիւնը», հանդիպումին ընթացքին նշեց պատմաբան, պատմաբաններու «Վիկտորիա» ակումբի նախագահ Լիլիթ Ասոյեանը:

«Շատ կարեւոր եւ հիմնարար աշխատութիւն է: Անշուշտ, շատ լաւ կը լինի, որ գիրքը լոյս տեսնի ե՛ւ անգլերէն, ե՛ւ ֆրանսերէն տարբերակներով: Ուրախ կը լինեմ, որ մեր երկրում տարբեր դեսպանատների միջոցով իրականացուի այս գրքի տարածումը, որովհետեւ միջազգային ասպարէզում շատ քիչ են տեղեկացուած, թէ Ազրպէյճանն ի՛նչ քաղաքականութիւն է վարում իր երկրի ներսում», հանդիպման ընթացքին նշեց քաղաքագէտ Գագիկ Համբարեանը:

Share this Article
CATEGORIES