«Խոջալու. Յանցագործութեան Անատոմիա» Աշխատութեան Ներկայացում

khotch-kirkՀայկական կողմը երբեք չէ ժխտած, որ Խոջալուի մէջ պատահածը ոչ հեռաւոր անցեալին պատկանող ողբերգութիւն է, խորքին մէջ անիկա ոչ թէ պարզապէս ողբերգութիւն է, այլ` յանցագործութիւն:

Ազրպէյճանական քարոզչական աշխատանքները նկատի ունենալով` այսօր հայկական կողմերը Սումկայիթի ոճրագործութեան իւրաքանչիւր տարելիցին պէտք է բոլորին յիշեցնէ, թէ ովքեր են Խոջալուի ոճրագործութեան հեղինակները:

Այս նիւթին նուիրուած էր Արցախի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Վահրամ Աթանէսեանի «Խոջալու. յանցագործութեան անատոմիա» աշխատութիւնը:

Վերնագիրը պատահական կերպով չէ ընտրուած: Հիմնական իւրայատկութիւնը այն է, որ գիրքը հիմնուած է ոչ հայկական աղբիւրներու ուսումնասիրութեան վրայ: Աւելի՛ն. Վահրամ Աթանէսեան վստահ է` «Խոջալուի բնակչութեան սպանդը կազմակերպուած է եղել, այն էլ` բաւական բարձր մակարդակով»: Վերջին տարիներուն լոյս ընծայուած իր յօդուածներուն հիման վրայ կազմուած աշխատութեան մէջ այդ մասին վկայող առաւել քան բաւարար փաստեր ներկայացուած են:

«Ազրպէյճանական քարոզչամեքենան, որ արդէն մօտ երկու տասնամեակ այս թեմայի շրջանակներում հազարաւոր մեղադրականներ է տարածել հայերի հասցէին, այդ նոյն մեղադրականներում բազմաթիւ սխալներ է բաց թողել, որոնց վերլուծութիւնը միայն բաւարար կը լինի Խոջալուի դէպքերի իրական պատկերն ունենալու համար: Դա, սակայն, մէկ-երկու հոգու աշխատանք չէ», համոզուած է Վահրամ Աթանէսեան:

Անոր համաձայն, հանրայայտ ճշմարտութիւնը պէտք չէ միշտ կրկնել: «Հայկական կողմը հնարաւորութիւն ունի առնուազն ամէն տարի Խոջալուի մասին ճշմարտութեան մի մասնիկ բացայայտել ու ներկայացնել աշխարհին», դիտել տուած է ան:

 

Share this Article
CATEGORIES