ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. ՀԵՄԻՆԿՈՒԷՅԻ ԱՆՁՆԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԳԱՂՏՆԻՔԸ
ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՄԷՆԷՆ ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԱԾ ԳՐԱԳԷՏԸ` ԸՌՆԸՍԹ ՀԵՄԻՆԿՈՒԷՅ 50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ԻՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ՎԵՐՋ ԴՐԱՒ ԱՅՆՊԻՍԻ ՁԵՒՈՎ, ԶՈՐ ԱՆՈՐ ԿԵՆՍԱԳԻՐՆԵՐԸ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱԾ ԵՆ ԲԱՑԱՏՐԵԼՈՒ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ԳՐԷ ՀՈԳԵԲԱՆԱԿԱՆ ՆՈՐ ՎԵՐԼՈՒԾՈՒՄԻ ՄԸ ՄԱՍԻՆ, ՈՐ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏԻՏԱՆԻՆ ԱՆՁՆԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐԸ ԿԸ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐԷ ԱՆՈՐ ՄԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ: ԱՅՍ ԷՋՈՎ ՏՐՈՒԱԾ ՅՕԴՈՒԱԾԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ՄԱՍԸ ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ, ԹԷ ԱՇԽԱՐՀԸ ԻՆՉՊԻՍԻ՛ ՊԱՏԿԵՐԱՑՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱԾ Է ՌԱԶՄԱՃԱԿԱՏՆԵՐԷՆ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐՆԵՐ ՅՂՈՂ ԵՒ ԻՐ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՎԷՊԻ ՎԵՐԱԾԱԾ ԳՐԱԳԷՏԻՆ ՄԱՍԻՆ: ՅՕԴՈՒԱԾԻՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ՄԱՍԸ (ՏԵՍՆԵԼ` ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ ՕՐՈՒԱՆ ԹԻՒՈՎ) ԽՈՐԱԶՆՆԻՆ ԴԻՏԱՐԿՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ՑԱՅՏՈՒՆ ԿԱՊԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ Ի ՅԱՅՏ ԿԸ ԲԵՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԱՅՍ ՀԵՂԻՆԱԿԸ, ՈՐ ԱՐԺԱՆԱՑԱԾ Է «ՓԱՓԱ» ԿՈՉՈՒՄԻՆ, ԱՄԲՈՂՋ ԿԵԱՆՔ ՄԸ ԱՊՐԱԾ Է ԵՒ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾԱԾ` ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՓՆՏՌՏՈՒՔՈՎ ԵՒ ՄԱՀՈՒԱՄԲ ՀԱՄԱԿՈՒԱԾ:

Հեմինկուէյ 1943-ին իբրեւ պատերազմի լրագրող կ՛ուղեկցի դէպի Նորմանտի ուղղուող եւ Տի. Տէյին ցամաքահանումին պատրաստուող ամերիկացի զինուորներու։
Կիրակի, 2 յուլիս 1961-ի առաւօտեան կանուխ ժամերուն Միացեալ Նահանգներու ամէնէն աւելի փառաբանուած գրագէտը եւ 20-րդ դարու գրականութեան տիտաններէն Ըռնըսթ Հեմիկուէյ արթնցաւ Այտահոյի Սոթութ լեռներուն վրայ գտնուող իր բնակարանին մէջ, զգուշութեամբ իջաւ անկողինէն` չարթնցնելու համար իր կինը` Մերին, բացաւ կղպուած դուռը մարանին, ուր կը պահէր իր զէնքերը եւ ընտրեց զոյգ փողով զէնք մը, զոր կը սիրէր գործածել աղաւնի որսալու համար: Զայն տարաւ տան դիմաց գտնուող բացատը, զոյգ փողերը դրաւ ճակատին, ձեռքը իջեցուց վար, բթամատը սեղմեց բլթակին վրայ եւ պայթեցուց իր ուղեղը:
Մահը տեղի ունեցած էր առաւօտեան ժամը 7:00-ին: Անոնք, որոնք տեսած էին Հեմինկուէյի անշնչացած մարմինը, նշած էին, թէ ան ընտրած էր իր նախասիրած հանդերձանքը, զոր կը կոչէր «կայսեր շրջազգեստը»: Թերեւս անոնք յիշած էին Շէյքսփիրի Կղէոպատրային բառերը, զորս ան արտասանած էր` օձի թոյնը ընդունելէ առաջ. «Տուէ՛ք ինծի շրջազգեստս, դրէ՛ք թագը գլխուս, անմահութեան տենչեր ունիմ մէջս»: Հեմինկուէյի այրին լրատու գործակալութիւններու յայտնած էր, թէ տեղի ունեցած էր դժբախտ պատահար մը, թէ` Ըռնըսթ կը մաքրէր իր զէնքերէն մէկը, երբ անիկա արկածով պայթած էր: Լուրը մեծ տառերով սփռուած էր ամերիկեան օրաթերթերու առաջին էջին վրայ:
Ամիսներ ետք միայն Մերի Ուելշ Հեմինկուէյ պիտի կարենար յայտարարել, թէ իր ամուսինին մահը անձնասպանութիւն էր: Եւ շուրջ 50 տարի տեւած է, մինչեւ որ կարելի եղած է իրարու քով բերել անձնասպանութեան պատճառները այս հսկայական անձնաւորութեան, այս աղմկարար գործի մարդուն, այս ցլամարտիկին, ծովերուն խորերը գացող ձկնորսին, ճերմակ կէտեր որսացողին, պատերազմի հերոսին, նշանառուին, չորս անգամ ամուսնացած բազմակողմանի եւ տոկուն մարդուն, զոր կը պաշտէր իւրաքանչիւր զտարիւն ամերիկացի տղամարդ: Ինչպէ՞ս կրնար անձնասպան ըլլալ ան: Ինչո՞ւ վերջ պիտի դնէր իր կեանքին: Իրերայաջորդ կենսագիրներ, ինչպէս` Ա. Ի. Հոխթնըր, Քարլոս Պէյքըր, Ք. Ս. Լին, Ա. Ճ. Մոնիէ, Անթոնի Պըրճըս «ծամծմած են» գոյութիւն ունեցող տուեալները, ինչպէս` Հեմինկուէյի անվերջ ճամբորդութիւնները, բազմաթիւ սէրերը, գրական ասպարէզին վերելքներն ու վայրէջքները: Սակայն ի վերջոյ Թեքսասէն գիտնական մը պիտի կարենար բոլոր ապացոյցները դնել լուսարձակի տակ եւ յայտարարել իր մտահոգիչ եզրակացութիւնները:
ԻՏԷԱԼԱԿԱՆԱՑՈՒԱԾ ԿԵԱՆՔ ՄԸ
Հեմինկուէյի իտէալականացուած կեանքը, այն պատմութիւնը, զոր գրագէտը ի՛նք կ՛ուզէր հաւատացնել աշխարհին, պարզ էր. ան կատարեալ մարդն էր, ուղեղի եւ մկանի կատարեալ մէկտեղումը: Արկածախնդրութեան ծարաւէն մղուած` ան տեւաբար կը հպարտանար իր իրագործումներով: Ծանր խմող կռուազանն էր ան, որ կը սիրէր գտնուիլ իրադարձութիւններու կեդրոնը` ռազմաճակատի առաջին գիծին վրայ, թէ` վարազ մը որսալու հեռաւորութեան: Ան նաեւ իր ժամանակներու լաւագոյն գրագէտն էր, որ կ՛ատէր վիքթորեան ժամանակներու ուռուցիկ բառերով լեցուն արձակը` նախընտրելով մաքուր եւ անպաճոյճ պարզութիւնը, զգացումը փոխանցելով նոյնքան ըսուած, որքան` չըսուած բաներով: Ա. Աշխարհամարտին իտալական ռազմաճակատին վրայ վիրաւորուած վայելուչ տղամարդն էր ան, որ կ՛ապաքինէր եւ կը սիրահարէր սիրուն հիւանդապահուհիի մը, ապա` իբրեւ արդիւնք կը գրէր «Է ֆերուել թու արմզ» վէպը : Ան 1920-ական տարիներու ամերիկացի գրագէտներէն եւ արուեստագէտներէն առաջիններէն էր, որոնք կը թափառէին Փարիզի մէջ` «միասնաբար հանճարներ կազմելով»:
Հեմինկուէյ 1930-ական տարիներուն գացած է Սպանիա` կռուելու համար Ֆրանքոյի բռնատիրութեան դէմ եւ գրած է «Ֆոր հում տը պել թոլզ» վէպը, որուն մէջ ամերիկացի քաջարի զինուոր մը կը սիրահարի Մարիա անունով հայդուկային պատերազմ մղող գեղջկուհիի մը: Բ. Աշխարհամարտին ան կը մասնակցէր Նորմանտիի ցամաքահանումին եւ Փարիզի ազատագրումին: Պատերազմէն ետք ան իր չորրորդ կնոջ հետ մեկուսած էր Քուպայի մէջ, ուր կ՛որսար մեծ դունջով ձուկեր, եւ ուր գրած էր «Տի օլտ մեն էնտ տը սի» վիպակը` արժանանալով Նոպելեան մրցանակի: Այնուհետեւ առիւծի նման դիմաւորուած էր, ուր որ գացած էր, սակայն սպաննուած էր` զէնքով, դժբախտ արկածի մը պատճառով:
Այս է պաշտօնական պատմութիւնը: Այսուհանդերձ Հեմինկուէյի մահուան յաջորդ տարիներուն աստիճանաբար սկսած են ի յայտ գալ տարբեր կեանքի մը բաղկացուցիչ տարրերը: Օրինակ` անոր մասին պատերազմի ժամանակներու վերաբերող արձանագրութիւնները: Հեմինկուէյ միայն 18 տարեկան էր, երբ զինուորագրուած էր` կռուելու համար Ա. Աշխարհամարտին: Անոր ձախ աչքը տկար էր. թերութիւն մը, զոր ժառանգած էր մօրմէն, ինչ որ թոյլ չէր տար, որ մասնակցէր կռիւներուն: Ան Իտալիա գացած էր` Կարմիր Խաչի պահեստի ջուրերը եւ վիրաւորները փոխադրելու համար: Գիշեր մը վիրաւորի մը օգնելու ժամանակ ոտքէն վիրաւորուած էր եւ փոխադրուած էր հիւանդանոց` 3 այլ վիրաւորներու եւ 18 հիւանդապահներու հետ: Թէեւ անոր սիրահետումերը երբեք իրենց լրումին չէին հասած մայրապետ Ակնիւ ֆոն Քուրովսքիի հետ, սակայն ան սիրահարած էր եւրոպական մշակոյթին եւ բարքերուն, շրջած էր իտալական վերարկու մը ուսերուն, գինի խմած էր եւ որդեգրած էր բրիտանացի սպայ Էրիք Տորման- Սմիթի հնչիւնաբանական երանգները:
Փարիզի մէջ, ուր ժամանակաւոր վիպերգական կեանք մը ապրած էր իր առաջին կնոջ` Հատլիի եւ նորածին զաւկին` Ճոնի հետ, Հեմինկուէյ սկսած էր կերտել իր անունը իբրեւ գրագէտ, սակայն նաեւ դրսեւորել տրամադրութեան վտանգաւոր վերիվայրումներ, ինչպէս` զայրոյթ եւ վիրաւորական վերաբերմունք, նաեւ` իրեն օգնութիւն ցուցաբերող անձերու դէմ թշնամական կեցուածք: Ի վերջոյ լքած էր Հատլին եւ զաւակը, սկսած էր կենակցիլ Փոլին Ֆայֆըրի հետ. որոշում մը, որ զինք տանջած էր յանցանքի զգացումներով լեցուն մղձաւանջներով, ապա փոխադրուած էր Ֆլորիտա:
Այնուհետեւ անյայտ պատճառով մը Հեմինկուէյ համակուած էր ցլամարտով. արեան փառաբանութեամբ, ձիերու դուրս թափած բորոտիքով, ցլամարտիկներու հանդերձանքով եւ սուրով, սպաննելու արուեստով: Կը թուի, թէ Հեմինկուէյ իր «Տեթ ին տի աֆթըրնուն» վէպին մէջ կը փորձէր գրի առնել մահուան իր սեփական փիլիսոփայութիւնը, զոր հասկնալը դիւրին չէր: Քննադատ Մաքս Իսթման դժգոհութիւն կը յայտնէր, թէ անոր արձակի ոճը համազօր դարձած էր «կուրծքի վրայ կեղծ մազերու»: Ուղղակի ցուլեր սպաննելու անկարող ըլլալով` Հեմինկուէյ փոխադրուած է Մոմպասա, ուր կրնար օրինաւոր կերպով սպաննել Քուտուի առիւծները: Ցամաքի վրայ իր սփռած մահով չբաւարարուած` ան Հաւանայի մէջ գնած էր11 մ երկարութեամբ ձկնորսական նաւ մը, զոր կոչած էր Փիլըր, որսալու համար իրմէ երկու անգամ աւելի մեծ ծովային արարածներ: 1928-1936 ան յայտնապէս ամիսներ շարունակ լուսանկարուած է իր որսերուն կողքին: Այս լուսանկարներուն մէջ կը տեսնենք վայելուչ, մկանոտ, արեւէն կարմրած փայլուն պատկերը մարդու մը, որ այլ ձկնորսներու հետ կը կոնծէ Սլոփի Ճոյի գինետան մէջ:
Քաղաքացիական պատերազմի օրերուն Հեմինկուէյ գացած է Սպանիա, ո՛չ թէ Ճորճ Օրուելի պէս կռուելու համար այլ որովհետեւ գործուղուած էր, որպէսզի տեղեկագրէր Հիւսիսային Ամերիկայի օրաթերթերու միութեան համար, նաեւ որովհետեւ իր նոր սէրը` Մարթա Կելհոռն պիտի երթար հոն: Ան բազմաթիւ առիթներով շեշտած է, թէ կողմ չէր, եւ թէ` չէր փափաքեր տեսնել Միացեալ Նահանգներու դերակատարութիւնը` օտար երկրի մը ներքին պատերազմին մէջ: Հակառակ ռմբակոծումներուն, ան Մատրիտի մէջ անցուցած էր իր կեանքին ամէնէն հաճելի օրերը, վայելելով վոտքա եւ ձկընկիթ` Կէյլորտ պանդոկին մէջ, ուր հաստատուած էին ռուսական բարձրագոյն գրասենեակները, պատրաստելով ժապաւէն մը` «Տը սփանիշ ըրթ» վերնագիրով եւ անձամբ գրելով անոր սուր քննադատութիւնը, երեւակայական բովանդակութեամբ լեցուն տեղեկագիրներ ուղարկելով օրաթերթերու, որոնք զանոնք կը քննադատէին իբրեւ «շատ անբաւարար»: Կը թուէր, թէ Հեմինկուէյ կը խաղար, գրաւիչ ռազմիկի մը դերը, սակայն իրականութեան մէջ մակերեսային սիրողական տիպար մըն էր ան, որ կրնար Սպանիայէն հեռանալ երբ որ ուզէր: 1936-ին Մատրիտի մասին գրած էր թատրերգութիւն մը` «Տը ֆիֆիթ քալըմ» վերնագիրով. անիկա կը պատմէր լրագրող քաջ կնոջ մը` Տորոթիի մասին, որ կը սիրահարէր խիզախ եւ չարքաշ, տեւաբար յարբեցող Ֆիլիփի հետ. իրականութեան մէջ լրտես մը` ծպտուած իբրեւ պատերազմին մասին տեղեկագրող թղթակից: Ինզքինք պատկերող գրութիւն մըն էր այս, ինքնաձաղկումի վերածուած:
Երբ 1944-ին Միացեալ Նահանգներ դարձան կռուող կողմ Բ. Աշխարհամարտին, Հեմինկուէյ յաջողեցաւ Անգլիա հասնիլ` «պատերազմի առաջնահերթ գործով»: Ան սկսաւ «Քոլիըրզ Մակազին»ի համար տեղեկագիրներ գրել թագաւորական օդուժին մասին: Ծանր պարտականութիւն մըն էր: Սենեակ մը առաւ Տորչեսթըրի մէջ, ուր սկսաւ հիւրեր ընդունիլ իբրեւ ամերիկացի մեծանուն գրագէտ, սկսաւ հաւաքոյթներու երթալ եւ դրուատական ու շոյող ակնարկութիւններ լսել իր առնական ու մօրուքաւոր հմայիչ կերպարին մասին:
Երբ Հեմինկուէյ լուսանկարիչ Ռոպըրթ Քափայի հետ գինարբուքէ մը ետք ինքնաշարժի ծանր արկածէ մը վիրաւորուած էր, Մարթա Կելհոռն, որ դէպի Անգլիա ճամբորդած էր պայթուցիկ նիւթերով լեցուն նաւով մը, իրեն այցելած էր հիւանդանոցին մէջ եւ ծաղրած` անոր կեղծ հերոսութիւնները: Կարծէք խայթոցէ մը մղուած` Հեմինկուէյ անմիջապէս միացած էր Նորմանտիի վրայ յարձակելու պատրաստուող ծովուժին եւ աւելի ուշ` զօր. Փաթոնի գունդերուն: Կէս լրագրող մըն էր ան, միաժամանակ` կէս կռուող մը: Փարիզի ազատագրումին օրը ան կը գտնուէր պանդոկի մը մէջ, սեփական փոքր գունդի մը հետ: Երբ ֆրանսացի զօրավար մը իրմէ պահանջած էր, որ հեռանար, ան ազատագրած էր «Թրեվըլըր՛զ քլապ»ն ու «Ռից» պանդոկը, ուր առած էր սենեակ մը, իր նոր սէրը` Մերի Ուելշը հաճոյացնելու համար…
Դիւրին է դառնութեամբ խօսիլ Հեմինկուէյի մասին: Անոր ձեւացումները, ճշմարտութիւնը տարբեր ձեւով ներկայացնելու անոր մօտեցումը, յոխոռտանքով լեցուն սուտերը կրնան մոռացութեան մատնել անոր անվիճելի քաջութիւնը: Հեմինկուէյ կը սիրէր գտնուիլ պատերազմի կեդրոնը, մաս կազմել դէպի Արտեն յառաջացող հրասայլերու երթին եւ Պիւլճի ճակատամարտին, անցնիլ կրակոցներու մէջէն, տեսնել իր շուրջ փամփուշտներու տարափին բռնուած տղամարդիկը: Սակայն դժուար է անտեսել այն զգացումը, թէ այս բոլորը քաջութեան արդիւնք չէր, այլ` հոգեբանական ախտագին մղումի մը` սեփական անձին շուրջ թատերականութիւն մը հիւսելու: Իսկ երբ կը քննենք Հեմինկուէյի պատկերը իբրեւ հերոս, ի յայտ կու գայ ինքզինքին վնաս հասցնելու արտասովոր ենթամակարդակ մը: Ի յայտ կու գայ, թէ Հեմինկուէյ իր կեանքին աւելի քան կէսը անցուցած է ինքզինք քանդելով:
ԻՆՔՆԱԿՈՐԾԱՆՈՒՄ
Երբ 1928-ին Հեմինկուէյ աւարտելու վրայ էր «Է ֆերուել թու արմզ» վէպը, լուր ստացած էր, թէ իր հայրը` Քլարըսն անձնասպան եղած էր` գլուխէն կրակելով Ամերիկայի քաղաքացիական պատերազմէն մնացած զէնքով մը: Այդ ժամանակ էր, որ սկսած էր փուլ գալ Հեմինկուէյի կեանքը: Արտաքին ամէնէն բացայայտ ապացոյցը ֆիզիքական իրերայաջորդ եւ տարօրինակ արկածներն էին. մեծ մասը` գլուխէն հարուածներ: Փարիզի մէջ նման պատահար մը պատճառ դարձած էր, որ գանկը ճեղքուէր եւ 9 կարերով միացուէր. լուացարանին մէջ շղթայ մը քաշած էր` կարծելով, թէ պէտքարանին ջուրն էր, սակայն ամբողջ պատուհան մը ջախջախուած էր գլխուն վրայ: Հեմինկուէյ տարօրինակ կերպով սկսած էր արկածի ենթարկուելու հակամէտ դառնալ: Մարթայի հետ բուռն վէճէ մը ետք ինքնաշարժի արկածի մը ենթարկուելով` գլուխը զարկած էր ինքնաշարժին առջեւի ապակիին, ուրկէ դուրս ելած էր` բզկտելով մաշկը, եւ որուն համար կարիքը ունեցած էր 57 կարերու: Երեք ամիս ետք մոթոսիքլէթէ մը թռած էր, երբ խոյս կու տար Նորմանտիի մէջ գերմանական կրակոցներէն: Այնուհետեւ սկսած էր տառապիլ գլխացաւէ, ականջներուն մէջ թրթռացումներէ, շիլութենէ, ամիսներ շարունակ խօսելու եւ յիշողութեան դժուարութիւններէ: Բ. Աշխարհամարտէն ետք, երբ գացած էր Քուպա, ինքնաշարժը հակակշիռէ դուրս եկած էր եւ սահած. Հեմինկուէյի գլուխը հայելիին զարնուած էր եւ պատռած էր անոր ճակատը: Հինգ տարի ետք, երբ յարբած կը քալէր իր նաւուն տախտակամածին վրայ, սահած ու ինկած էր` վնասելով ուղեղը: Նոյնիսկ կարելի է մտածել, թէ Հեմինկուէյ կը փորձէր նմանիլ իր մեռած հօր եւ ընդօրինակել գլուխը վիրաւորելու անոր արարքը:
Սակայն Հեմինկուէյ իր ամէնէն ահաւոր վնասուածքը պիտի կրէր յունուարին, երբ Մերիի հետ Նայրոպիէն փոքր օդանաւով մը կ՛ուղղուէր դէպի պելճիքական Քոնկօ: Օդանաւը ջախջախուելով էջք կատարած էր Վիքթորիայի ջրվէժներուն քով, փշոտ մացառուտի մը մէջ, ուր վիրաւորուած էր Հեմինկուէյի ուսը: Մինչ անոր մահուան մասին տարաձայնութիւններ կը լսուէին, Հեմինկուէյ իր ուղեկիցներուն հետ կը փրկուէր եւ կը փոխադրուէր 12 հոգինոց Տը Հաւիան ռափիտ օդանաւով, որ ինքնին կրակ պիտի առնէր էջուղիին վրայ: Օդանաւին դուռը ճզմուած ըլլալով` Հեմինկուէյ կամաւոր կերպով առաջարկած էր իր գլուխը գործածել իբրեւ մուրճ, երկու անգամ գլուխով հարուածած էր դուռը եւ դուրս եկած: Ան կը սիրէր այս դէպքը ներկայացնել իբրեւ գերմարդկային գործնապաշտութեան դասական օրինակ, սակայն արարքը գրեթէ մահուան առաջնորդած էր զինք: Ճաթած էր անոր գանկը եւ բզկտուած` գլխուն մաշկը. ուղեղային եւ ողնածուծային հեղուկներ կը հոսէին անոր ականջէն: Նայրոպիի մէջ Հեմինկուէյի վիճակը ախտաճանաչուած էր իբրեւ ընդհանուր ծանր ցնցում, աջ աչքի տեսողութեան ժամանակաւոր կորուստ, ձախ ականջի լսողութեան կորուստ, մկանային անդամալուծութիւն, առաջին կարգի այրուածք` դէմքին, թեւերուն եւ գլխուն վրայ, վնասուած թեւ, ուս եւ ոտք, ճզմուած ողնաշար, վիրաւորուած լեարդ, պայծաղ եւ երիկամ: Զարմանալիօրէն ան դարձեալ նոյն վիճակին մէջ պիտի գտնուէր մէկ ամիս ետք. երբ կ՛օգնէր մարելու փոքր կրակ մը, ինկած էր անոր բոցերուն մէջ` երկրորդ կարգի այրուածքներ ստանալով ոտքերուն, փորին, կուրծքին, շրթներուն, ձախ ձեռքին եւ աջ բազուկին վրայ:
Հեմինկուէյի ինքնազոհաբերութեան ախորժակը կը մրցէր անոր յարբենալու արտասովոր մղումներուն հետ: «Վենետիկի Կրիթթի պալատին վերակացուն ինծի կ՛ըսէր, թէ առաւօտ կանուխ երեք շիշ Վալփոլիչելլան ոչինչ էր իրեն համար, – կը գրէր Անթոնի Պըրճըս:- Ապա կը յաջորդէր տայքիրին, սքոչը, թեքիլան, պուրպոնը, առանց գինիի մարթիին: Ֆիզիքական պատիժը, զոր կը ստանար ոգելից ըմպելիներէն, սիրաբանութիւնն էր: Այլ պատիժներ «աւելորդ» էին, ինչպէս` երիկամներու հարցեր` Սպանիոյ սառն ջուրերուն մէջ ձկնորսութեան պատճառով, անծանօթ պատճառով մը զիստի մկանի վնասուածք, երբ այցելած էր Փալենսիա, մատ մը, որ հալած էր մինչեւ ոսկորը` բռնցքահարուածի յատուկ տոպրակի մը զարնելու պատճառով»:
Ոգելից ըմպելիի գործածութիւնը վատթարացած էր` հօրը անձնասպանութենէն ետք: Հեմինկուէյ 1937-ին բժիշկի մը դիմած էր` ստամոքսի ցաւերու համար. ախտաճանաչուած էր լեարդի վնասուածք եւ անոր յանձնարարուած էր հրաժարիլ ոգելից ըմպելիներէն: Հեմինկուէյ մերժած էր: 7 տարի ետք, 1944-ին, երբ Մարթա Կելհոշն այցելած էր իրեն հիւանդանոցին մէջ, անկողինին տակ գտած էր ոգելից ըմպելիներու դատարկ շիշեր: 1957-ին անոր բժիշկ բարեկամը` Ա. Ժ. Մոնիէ ստիպողական շեշտով մը կը գրէր. «Իմ սիրելի Էռնի, պէտք է դադրեցնես ոգելից ըմպելիի գործածութիւնը: Ասիկա չափազանց կարեւոր է»: Սակայն նոյնիսկ ասիկա լսելէ ետք Հեմինկուէյ անկարող էր դադրեցնել խմիչքի գործածութիւնը:
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ