ԱՓՐԻԿԷԻ ՄԷՋ ՎԵՐՍՏԻՆ ՑԱՆԵԼ ՊԻԼ ԿԷՅՑԻ ՈՃՈՎ
Պիլ Կէյց Նիկերիա այցելեց 2006 թուականին եւ լսեց հացահատիկի արտադրութեան մասին:
Աշխարհի աղքատներուն համար աւելի լաւ առողջապահական միջոցառումներու ապահովման համար միլիառաւոր տոլարներ ծախսելու կողքին, Մայքրոսոֆթի հիմնադիր Պիլ Կէյց յաւելեալ ուշադրութիւն սկսած է դարձնել Ափրիկէի տագնապահար, բայց պայքարող փոքր հողագործներուն, երկրագործներուն:
Պի.Պի.Սի.ին տուած հարցազրոյցի մը մէջ աշխարհի ամէնէն ազդեցիկ մարդասէր բարերարը բացատրեց, թէ ինչո՛ւ երկրագործութիւնը այժմ իր հիմնադրամին երկրորդ գլխաւոր ծրագիրն է:
Մօտեցումը, ըսաւ ան, կը համատեղէ գործնական օգնութիւնը, ինչպէս` բարելաւուած սերմեր, երկրագործներու համար աւելի լաւ տեղեկատուութեան հետ: Ծինային փոփոխութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` ան ըսաւ, թէ որոշ պարագաներու ատիկա կը նկատէ լուծում մը, թէեւ հիմնադրամի սերմերու աշխատանքը այդ ձեւով չէ եղած:
Սննդամթերքի բարձրացող սակերը նոր ստիպողութիւն, հրատապութիւն աւելցուցին երկրագործներուն դժուարին կացութեան վրայ, ցամաքամասի մը մէջ, ուր գիւղատնտեսութիւնը, հողագործութիւնը չէին տեսած այլ վայրերու մէջ վերջին տասնամեակներուն արձանագրուածին նման յառաջընթաց:
Վերջերս հրատարակուած գիրքի մը մէջ` «Նոր հունձքը», Հարվըրտ համալսարանի դասախօս Քալեսթուս Ճումա կ՛ըսէ, թէ մինչ սննդամթերքի համաշխարհային արտադրութիւնը վերջին 40 տարիներուն ընթացքին աճած է 145 առ հարիւրով, սակայն ափրիկեան արտադրութիւնը 1960-էն ի վեր նուազած է 10 առ հարիւրով:
ՏԻՊԱՐ ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՆԵՐ
1994 թուականէն ի վեր Պիլ եւ Մելինտա Կէյց հիմնադրամը շուրջ 2,3 միլիառ եւրօ ծախսած է համաշխարհային բարգաւաճման համար, ներառեալ` երկրագործական օգնութիւն, իսկ համաշխարհային առողջապահութեան համար` 14,5 միլիառ տոլար:
«Ես բացարձակապէս կը կարծեմ, որ այս պարագաներէն քանի մը հատէն ծինային փոփոխութեան միջոցով կարելի է նոր սերմեր ստանալ…
ՊԻԼ ԿԷՅՑ
Արեւելեան Ղանայի մէջ երկրագործ մը, որ Պի.Պի.Սի.ին խօսեցաւ, գանգատեցաւ, որ շրջանին մէջ կան երկրագործներ, որոնք կը շարունակեն հողագործութեան կտրատելու եւ այրելու աւանդական վարժութիւնը` առանց նկատի առնելու հողը:
Կէյց ըսաւ, որ իր ծրագիրին նպատակն է նուազեցնել այս վարժութիւնը` մատակարարելով նոր, աւելի արդիւնաւէտ սերմեր, իրականացնելու հողի ուսումնասիրութիւններ եւ ստեղծելով գումար մը` առաւել մատչելի վարկերով սերմնացու եւ պարարտացուցիչներ գնելու համար:
Երկրորդ երկրագործ մը, Քենիոյ մէջ, խօսեցաւ իր շրջանին մէջ դժուարութիւններու, հարցերու մասին. խեղճ ճամբաներ, ինչպիսի սերմեր եւ քիմիական նիւթեր օգտագործելու մասին տեղեկատուութեան բացակայութիւն եւ այլն:
Երկրագործները, ըսաւ ան, երբեմն կը խաբուին գործակալներէ, որոնք կեղծ սերմեր կը վաճառեն, մինչ պարարտացուցիչներ եւ քիմիական նիւթեր օգտագործելու եղանակին մասին տեղեկատուութեան բացակայութեան պատճառով նշուած նիւթերը երբեմն սխալ կը խառնուին իրարու:
Կէյց ըսաւ, որ իր ծրագիրն է երկրագործներուն աւելի լաւ տեղեկութիւն տալ ձայնասփիւռով:
Նաեւ հարցազրոյց կը կատարուի յաջողած երկրագործներու հետ, որոնց աշխատանքը կը նկարահանուի եւ կը ցուցադրուի: Այլ երկրագործներ կրնան առնչուիլ այս ժապաւէններուն, որովհետեւ անոնք կը ցուցադրեն արտադրողներ, որոնք իրենց բարբառով կը խօսին եւ նման պայմաններու մէջ կ՛աշխատին:
ԾԻՆԱՅԻՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԲԵՐԱԿ
Պատասխանելով հարցումի մը, թէ յատուկ օրինակով մը ինք Ափրիկէի մէջ ինչպէ՞ս օգնած է երկրագործութեան, Կէյց յիշեց, որ հանդիպած է բրինձի ցանքով զբաղող կին երկրագործներու, որոնք դիմակալած էին հեղեղի տագնապը:
Անոնց բերքը յաճախ կը մեռնէր երկար ատեն մնալով ջուրին մէջ, ըսաւ ան: Իբրեւ լուծում` Կէյցի հիմնադրամը գործակցաբար ստեղծեց նորութիւն մը, որ կը կոչուի լարուածութիւն հանդուրժող, կամ լարուածութեան դիմացող բրինձ: Ցանքի մշակումէն ի վեր ապացուցուած է, որ ատիկա ոչ միայն աւելի դիմացկուն, տոկուն է, այլեւ աւելի բերք կ՛արտադրէ, ըսաւ Կէյց:
Ան աւելցուց, որ մինչ լարուածութեան դիմացող բրինձը ստեղծուած է բնականոն պատուաստումով, բազմացումով, այլ ոչ թէ` ծինային փոփոխութեամբ (ԾՓ), հիմնադրամի կարգ մը ծրագիրներ կը ներառեն Ծ.Փ.:
«Յաճախ կ՛ունենաք նշանագիծեր, ինչպէս` բարձր ջերմաստիճանով զբաղիլը, որ ձեզ ոչ մէկ տեղ կը հասցնէ,- ըսաւ ան եւ աւելցուց,- դժբախտաբար այս աղքատ երկրագործները համաշխարհային կլիմայական ջերմացումին պատճառով աւելի տաք եղանակներ պիտի դիմակալեն, ուրեմն ես կը կարծեմ, որ տեղին կ՛ըլլայ օգտագործել այն բոլոր միջոցները, գործիքները, որոնք անոնց համար ապահով եւ մատչելի են:
«Ես վստահօրէն կը կարծեմ, որ կարգ մը այսպիսի պարագաներու ծինային փոփոխութեան միջոցով կարելի կ՛ըլլայ քննադատներու, ինչպէս` «Կրինփիս»ի կողմէ բնապահպանական վտանգ նկատուող ԾՓ սերմերը այժմ կ՛աճեցուին աշխարհի 10 առ հարիւր հերկելի հողերու տարածքին, ինչպէս սահմանուած է ՄԱԿ-ի կողմէ, իսկ ամբողջ աշխարհի 50 առ հարիւրը կը մշակուի Միացեալ Նահանգներու կողմէ:
Սակայն, եթէ այժմու միտումները շարունակուին, բարգաւաճող երկիրները քանի մը տարուան մէջ իրե՛նք 50 առ հարիւրը պիտի աճեցնեն:
ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԴԵՐԸ
Մայքրոսոֆթի հիմնադիրներու կոչը` աղքատ երկրագործներու աշխատանքին ներդրում ընելու վերաբերեալ, քաջալերուեցաւ Ուաշինկթընի կողմէ, որ սկսած է համագործակցիլ ափրիկեան գործակալութեան հետ` հովանաւորութեամբ իր հիմնադրամին:
Միացեալ Նահանգներու երկրագործութեան նախարար Թոմ Վիլսաք վերջերս փոխըմբռնման յուշագիր մը ստորագրեց Ափրիկէի մէջ Կանաչ յեղափոխութեան դաշինքին (ԱԿՐԱ) հետ` նպատակ ունենալով խթանելու ցամաքամասի երկրագործական փոքր տնտեսութիւնները:
Կը նախատեսուի միացեալ աշխատանքով մշակել սերմեր, հարստացնել հողը, կասեցնել բերքի կորուստը եւ կառավարել ջրային հարստութիւնը:
Պիտի ըլլան նաեւ երկրագործներու վարժեցման ծրագիրներ, պիտի ստեղծուին շուկայական տեղեկատուական համակարգեր եւ պիտի բարելաւուի ենթակառոյցը` շեշտը դնելով սննդամթերքի արտադրութեան յաւելման վրայ, մասնաւորաբար` հացահատիկի արտադրութեան կեդրոններուն մէջ, ինչպէս` Ղանա, Քենիա, Մալի, Թանզանիա եւ Մոզամպիք:
«Երկրագործութեան զարգացումը բանալին է` նուաճելու յաւելեալ եկամուտներ եւ պայքարելու համար միլիոնաւոր մարդող աղքատութեան դէմ», ըսաւ Վիլսաք, Ուաշինկթընի մէջ ստորագրման արարողութեան ատեն: «Մենք շատ խանդավառ ենք` օգնելով երկրագործներուն, որպէսզի աւելի արդիւնաւէտ ըլլայ անոնց աշխատանքը,- ըսաւ Պիլ Կէյց Պի.Պի.Սի.ին: Ան աւելցուց.- ոչ միայն բաւարար աճեցնելու, իրենց ընտանիքները կերակրելու համար, իրենց երեխաներուն սնուցումը բարելաւելու, որպէսզի այդ երեխաները կարենան իրենց ամբողջ ներուժը զարգացնել, այլեւ` անոնց տալու համար կանխիկ եկամուտ, որպէսզի իրենց երեխաները դպրոց ղրկեն եւ սննդամթերքի սակերը նուազին, նաեւ` քաղաքաբնակ աղքատներուն համար»:
ՓԱԹՐԻՔ ՃԱՔՍԸՆ