ԻՆՉՈ՞Ւ ՄԱՒԻ ՄԱՐՄԱՐԱՆ ԴՈՒՐՍ ԲԵՐՈՒԵՑԱՒ

Զարմանք չպատճառեց այն լուրը, թէ Մաւի Մարմարան մաս պիտի չկազմէ այն նաւախումբին, որ շուտով Կազա պիտի նաւարկէ` ասպարէզ կարդալով իսրայէլեան շրջափակումին: Այս զարգացումին պատճառը այժմ կը բացատրուի իբրեւ արդիւնք «թեքնիք դժուարութիւններու»: Յստակ է, որ շատ աւելին ներառուած է, քան զուտ «թեքնիք դժուարութիւններ»ը:

Թուրքիոյ իսլամական բարեգործական խումբին ներկայացուցիչները, ամէն ճիգ ի գործ կը դնեն համոզելու, թէ նաւախումբին Մաւի Մարմարան չներառելու իրենց որոշումին պատճառը Թուրքիոյ կառավարութեան բանեցուցած ճնշումը չէ: Սակայն հակառակը ենթադրելու բոլոր հիմքերը կան:

Այսուհանդերձ յստակ է, որ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան (ԱԲԿ) չի պատշաճիր այն տպաւորութիւնը, թէ կառավարութիւնը ճնշում բանեցուցած է բարեգործական խմբակին վրայ, որպէսզի վերջինս այս նաւը Կազա չղրկէ:

Եթէ յայտնի ըլլար, թէ ԱԲԿ-ն կրնայ ճնշում բանեցնել կազմակերպիչներուն վրայ, որպէսզի Մաւի Մարմարան չներառեն Իսրայէլի շրջափակումին ասպարէզ կարդացող այս նոր փորձին, ապա պիտի յառաջանար հարցումը, թէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը անցեալ տարի ինչո՞ւ նաւուն արգելք չեղաւ, այդպէսով շրջանցելով, կասեցնելով զարգացումները, որոնց պատճառով իսրայէլացի զինուորներու ձեռքով 9 թուրքեր սպաննուեցան:

Յետոյ այս բոլորին մէջ կայ «Ֆեթհուլլահ Կիւլէն» ուղղութիւնը: Կիւլէն, ղեկավարը թրքական իսլամական շատ ազդեցիկ խումբի մը, որ ինքնապարտադրուած աքսորի մէջ կ՛ապրի (Միացեալ Նահանգներ), եւ որ շատ մեծ թիւով հետեւորդներ ունի ԱԲԿ-ի համակիրներու շարքերուն մէջ, դէմ արտայայտուեցաւ իսրայէլեան շրջափակումը ճեղքելու Մաւի Մարմարայի անցեալ տարուան փորձին:

Այս նկատողութիւնը հարուածային, ցնցումի ալիք մը ուղարկեց իսլամական խումբերու, որոնք ի զուր կը սպասեն Կիւլէնի հերքումին, թէ ինք ոչինչ ըսած է Մաւի Մարմարայի փորձը մերժելու մասին: Այլ կերպով, կան նաեւ իսլամականներ, որոնք կասկածի կ՛ենթարկեն Կազա ուղարկուելիք նոր նաւախումբին Մաւի Մարմարայի մասնակցութեան խոհեմութիւնը:

Բացի ատկէ, նաւախումբին գործունէութեան վերաբերեալ կան միջազգային կազմակերպութիւններու յայտարարութիւնները, ուր երեւան կու գայ, թէ որոշ դժգոհութիւններ յառաջացուցած է Կազայի շրջափակումը ճեղքելու փորձը, զոր Իսրայէլի կողմէ յաջող կերպով ներկայացուած է իբրեւ թրքական-իսլամական նախաձեռնութիւնը, որ անշուշտ այդպէս չէ:

Նոյն ատեն Իսրայէլ յայտարարեց, թէ Թուրքիոյ Կարմիր Մահիկը արտօնութիւն տուած է Էրեցի սահմանային անցքէն Կազա փոխադրելու բոլոր անհրաժեշտ բժշկական նիւթերը:

Յստակ է, որ այս քայլին նպատակն էր զինաթափ ընել Իսլամական բարեգործական խումբին այն պնդումը, թէ Մաւի Մարմարա նաւով իրենք Կազա կը տանին հրատապ անհրաժեշտութիւն ներկայացնող բժշկական պարենաւորում: Դժուար է հաւատալ, որ թրքական կառավարութիւնը այս զարգացումներուն մասնակից չէ:

Եւ անշուշտ կան զարգացումները Սուրիոյ մէջ, ուր պատահածները նաեւ կարելի չէ անտեսել: Թուրքիոյ իսլամական բարեգործական խմբակին անկեղծութիւնը կրնար հարցականի տակ առնուիլ եթէ ան յամառէր Կազան կարեւորել, շեշտել, այնպիսի ժամանակ մը, երբ պէտք էր իբրեւ մարդասիրական օգնութիւն յատկացնող կազմակերպութիւն իր բոլոր կարելիութիւններով փութար թուրք-սուրիական սահման` օգնելու համար գաղթականներուն:

Ոչ ալ պէտք է անտեսուի այն փաստը, որ ոչ մէկ ապահովագրական ընկերութիւն այս պայմաններուն մէջ Մաւի Մարմարան կ՛ապահովագրէ:

Թուրքիոյ կառավարութեան համար բնաւ նպաստաւոր պիտի չըլլայ, եթէ այս պարագաներուն մէջ չապահովագրուած նաւ մը Թուրքիոյ հարիւրաւոր քաղաքացիներ փոխադրէ եւ ինք ձեռնածալ մնայ, ոչինչ ընէ:

Վերջաւորութեան Թուրքիա պիտի չուզէր վտանգել ինքզինք եւ առնել քայլ մը, որուն ճամբով Մաւի Մարմարա նաւը կրնայ մեկնիլ Կազա, Թուրքիոյ համար պատճառելով նոր տագնապներ, այնպիսի ժամանակ մը, երբ Անգարայի շրջանային պատասխանատուութիւնները կ՛աւելնան: Անհարկի եւ անտեղի տագնապներ այսպէսով շրջանցուեցան:

Ասիկա, անշուշտ ապացուցած կը համարէ վիճելի այն խնդիրը, թէ արդեօք այս քայլը թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններու բարելաւմա՞ն ի նպաստ պիտի ըլլայ: Ատիկա հաւանական չի թուիր մօտիկ ապագային, քանի որ Իսրայէլ թրքական արիւն հոսեցուցած է եւ խնդրոյ առարկայ թուրքերը կը պահանջեն, որ Իսրայէլ քաւէ իր մեղքերը. ներում հայցէ եւ հատուցում կատարէ:

Սակայն չի թուիր, թէ Իսրայէլ պատրաստ է ասիկա ընելու, ուրեմն լարուածութիւնը մօտիկ ապագային պիտի շարունակուի:

ՍԵՄԻՀ ԻՏԻԶ

«Հիւրրիէթ»

Share this Article
CATEGORIES