ԿՌՈՒԵՑԷՔ ՏՂԷՔ… ԿՌՈՒԵՑԷՔ ՔԱՋ ՔԱՋ

Ո՞վ էր սակայն հայու այս բեկորը, որ առանձին, անգիտակցաբար գուցէ, կազմած էր Լիզպոնի ամբողջ հայ գաղութը տարիներով:

Անցնող քառասուն տարիներու ընթացքին կտրած իր ճամբան շատ ալ տարբեր չէր անոնցմէ` որոնք պատանութենէն նոր անցած սերունդն էին 1915-ի դէպքերուն: Բախտին ետեւէն վազելով Իզմիրէն անցած էր Փարիզ, յետոյ Մեքսիքօ, ապա դարձեալ Փարիզ` ուրկէ փոխադրուած էր Մատրիտ, ու տասը տարի մնալէ ետք այնտեղ, եկած ու վերջնականապէս խարիսխ նետած էր Փորթուկալեան այս ափերուն վրայ: Այստեղ աշխատած էր աւելի քան երեսուն տարի, մինչեւ որ տիրացած էր գորգի եթէ ոչ միակ, գէթ` երկրին մեծագոյն վաճառատան:

Իզմիրը ձգող պատանի Զաւէնին ունեցածը այսօր, ֆրանսացի կին մըն էր եւ երեք փորթուկալցի զաւակներ: Եւ ասոնց համար կ՛արիւնէր, աննկարագրելի տրտմութիւնով մը կ՛արիւնէր սիրտը Պարոն Երամեանին, ամէն անգամ որ ինքզինք գտնէր հայ ընտանիքի մը հայկական մթնոլորտին մէջ:

– Մենք սխալ մը ըրինք, դուք չըլլա՛յ որ ընէք. կը խրատէր դէմը ելլող ամուրի ազգակիցները:

Որքա՜ն ուրախացած էր քանի մը տարի առաջ, երբ բարեկամս, իր ընտանիքով Արեւելքէն եկած ու հաստատուած էր այստեղ իր նոր պաշտօնին բերումով: Անկէ ի վեր, շաբաթը մէկ երկու անգամ, գիշերները, Պարոն Երամեան կը հանդիպէր անոնց, կը նստէր ժամ մը երկուք, կը խօսէր հայերէն ու կ՛երթար տուն` նորոգուած, հանդարտած կարծես:

– Աչքը սիրեմ հայերուն, պէ, կ՛ըսէր յաճախ, ամէն անգամ որ պատրաստուէր մեկնելու, ժամ մը նստելէ ետք:

Պարոն Երամեանին ծանօթութիւնը հայ կեանքին մասին կանգ առած էր ասկէ քառասուն տարի առաջ: Օտար էր պարզապէս` անկէ ի վեր մեր հայ իրականութեան մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն:

Որքա՜ն խանդավառուած էր շրջան մը առաջ, երբ Ամենայն Հայոց Հայրապետը այցելած էր Լիզպոն: Տարիներ վերջ առաջին անգամ ըլլալով զգացած էր դարձեալ թէ ինք մէկ մասն է ամբողջի մը, ինչ փոյթ թէ հիմա փրթած այլեւս անկէ` ու ծփացող` կեանքի ովկէանոսին հեռաւոր ափերուն վրայ: Իր ուրախութիւնն ու ազգային հպարտութիւնը ուզած էր յայտնել «պզտիկ յիշատակ մը» տալով Վեհափառին, իր զգացումները արտայայտող պզտիկ նուէր մը, պարտականութի՛ւն մը աւելի, ինչպէս կ՛ըսէր ինք: Եւ յաջորդ առաւօտ վաճառատուն գացած էր սովորականէն կանուխ աւելի, զատած էր մէկը իր խոշոր, թանկագին գորգերէն, ու ճամբած զայն Վեհափառին:

– Հայ ըլլալնիս կիտցանք պէ. կ՛ըսէ մինչեւ այսօր տակաւին, ամէն անգամ որ խօսքը կ՛ըլլայ Կաթողիկոսին այցելութեան:

Կինը, տարիներ վերջ` այսօ՛ր ալ տակաւին կը մնար յամառօրէն կառչած ամէն բանի որ բերած էր միասին Փարիզէն` որպէս լեզու, մանաւանդ որպէս բարք…: Ու ասոնք, իր ամուսնին գաւառացիի քիչ մը անտաշ նկարագրին ու սովորութիւններուն դէմ պայքարեր էին անտեղիտալիօրէն, պայքարեր ու դիմացեր:

Զաւակնե՞րը: Անոնք կը կազմէին խառնուրդ մը երկու բարքերու, ֆրանսականին ու… փորթուկալեանին` որուն մէջ բացած էին իրենց աչքերը ու հասակ նետած:

Տարիները ուրեմն այսպէս, հետզհետէ օտար դարձուցեր էին ընտանիքի պատուական այս հայրը` ի՛ր իսկ զաւակներուն ու կնոջ` որոնց երջանկութեան, վայելքին համար ոչինչ խնայած էր առաջին մէկ օրէն: Բաբան սքանչելի մարդ էր, ամէն անգամ որ պէտք ունենային անոր: Անկէ անդին` բաբան կար կամ դկար, միեւնոյնն էր կարծես իրենց համար:

Պարոն Երամեան յուզումով կը յիշէր հիմա իր խեղճ մայրը, գաւառացի հայ մայրը` որ միասին քաշքշած էր տեղէ տեղ, իր բախտին ետեւէն, Իզմիրէն Փարիզ, Փարիզէն Մեքսիքօ, անկէ Մատրիտ ու Մատրիտէն Լիզպոն: Գուրգուրացած էր անոր վրայ մինչեւ վերջ: Այդ բոլորը սակայն ոչինչ կրցած էին փոխել մօրը հոգիէն ներս, ու օտարութեան բացած վէրքը անոր սրտին վրայ կոտտացած էր միշտ:

Երկիրը, տունն ու տեղը կորսնցուցած ըլլալու իր տառապանքը խորացած էր, ու աւելի բարդացած` երբ տունէն ներս մտած էր Էլին, «ֆրանսացուն աղջիկը», օտար դարձնելով զինք նոյնիսկ իր սեփական տան մէջ:

– Խե՜ղճ մայրիկս, կը պատմէ Պարոն Երամեան մինչեւ այսօր, խեղճ մայրիկս դժբախտ եղաւ, դժբա՛խտ:

Երեք թոռնիկները, հասկնալի պատճառներով օտար կը մնան մինչեւ վերջ ալ խեղճ մեծ մայրիկին համար, երբ անոնց հետ բա՛ռ մը անգամ չի կրնար խօսիլ իր լեզուով, իր գիտցած միակ լեզուով: Իսկ կեանքի իր վերջին տարիներուն, երբ կը մեծնան այլեւս թոռները, առանձին սենեակ մը կը վարձուի իրեն համար, իրեններէն հեռու յարկաբաժնի մը մէջ:

Այստեղ, իր Զաւէնին կանոնաւոր այցելութիւնները ոչինչ կը փոխեն իր տրամադրութենէն, երբ գիտէ մանաւանդ, թէ ուրիշ տեղեր, ուրիշ մայրեր կան, նոյնիսկ երկրի իր հին ծանօթներէն, այնքան մօտիկ իրարու, իրենց անցեալին ու բարքերուն, ժամուն ու պատարագին, հարսերուն ու թոռներուն: Մինչդեռ ինք կը մնայ այստեղ, փակուած իր սենեակին չորս պատերէն ներս, ու պատուհանին առջեւ նստած, օրերով, օրերո՜վ մինակ, կը դիտէ փողոցէն անցնողները, անծանօթ դէմքեր բոլորն ալ:

Օր մըն ալ, բազմանդամ, երջանիկ հայ ընտանիքի մը օրհնուած յարկին տակ իր աչքերը բացած հայ մայրիկը, ասկէ քանի մը տարի առաջ վերջնականապէս կը փակէ զանոնք փորթուկալեան ափերուն վրայ, պզտիկ սենեակի մը չոր ու ցուրտ առանձնութեան մէջ:

Անշունչ մարմինը ժամերով կը մնայ մէջտեղ, որովհետեւ եկեղեցիները` որոնք կաթոլիկ են բոլոր, կը մերժեն Լուսաւորչի մէկ զաւակը ընդունիլ Աստուծոյ տունէն ներս: Պարոն Երամեան, ազդեցիկ իր ծանօթներուն միջամտութեան շնորհիւ, մեծ դժուարութեամբ կը յաջողի վերջապէս ապահովել ներկայութիւնը կաթոլիկ, օտար եկեղեցականի մը, որ կու գայ գերեզմանատո՛ւն միայն, մայրիկը փոս իջեցնելէ առաջ քիթին տակէն կարճ, լատիներէն աղօթք մը մրմռալու:

– Դժբախտ եղաւ մայրիկս, դժբախ՛տ, կ՛ըսէ Պարոն Երամեան մինչեւ այսօր, երեւակայեցէք, այդքան հաւատացեալ կինը առանց եկեղեցիի, առանց հայ տէրտէրի թաղեցինք…:

***

Կէսօրուան ճաշը անցաւ շատ զուարթ մթնոլորտի մը մէջ: Հաճելի էին մանաւանդ ժողովրդական պարերը` որոնք կարճ ընդմիջումներով տեղի կ՛ունենան ճաշարանին կեդրոնը, գիւղացիներուն կողմէ, իրենց ազգային տարազներով: Պատերուն զարդերը, նուագն ու պարերուն վառվռուն կշռոյթը` հաճելի մթնոլորտ մը ստեղծած էին սրահը լեցնող գինիի բոյրին ու կրունկներու թոփիւնին հետ:

Նոյն զուարթ մարդն էր Պարոն Երամեան ճաշի ամբողջ տեւողութեան, եւ կ՛ուզէր որ զուարթ ըլլային նաեւ շուրջինները, մե՛նք: Ինքզինք օտար, անհանգիստ զգացողը Ժինէթն էր միայն, Պարոն Երամեանին աղջիկը, երբ մանաւանդ չէր հասկնար ինչ որ կը խօսէր բաբան, կը խօսէինք մենք:

– Չօճուխներս կ՛ըսին քի իրենք ֆրանսացի ին, հայ չին զգար ինքզինքնին: Ինքզինքնիդ կրնաք հայ չզգալ, ըսի իրենց անցած օր, բայց գլոխնիդ կը  կտրիմ եթէ ուրանաք որ ձեր երակին մէջէն հայու արուն կը վազէ, իմ արունս կը վազէ:

– Ի՞նչ ըսին այդ խիստ յայտարարութեանդ, մէջ մտայ ես, թերեւս անտեղի կերպով:

– Ինչ պիտի ըսին, վրաս խնտացին, անցան:

Ճաշէն ետք քալեցինք պահ մը գիւղին ծառազարդ հրապարակէն: Միւսները կ՛երթային առջեւէն, խումբով: Պարոն Երամեան, գինիին ազդեցութեան տակ դարձած էր աւելի դիւրազգած, աւելի տխուր հիմա: Մտած էր թեւէս ու հին ծանօթներու պէս կը քալէինք դանդաղօրէն, լուռ: Իմ ներկայութիւնս` կարծես նոր առիթ մը ըլլար իր մոռցուած, կորսուող հայութիւնը անգամ մը եւս իրեն յիշեցնելու:

– Գիտե՞ս, ըսաւ յանկարծ, մենք մարշ մը ունէինք ժամանակին, եղանակը կը յիշե՞ս:

Յայտնի եղաւ որ «Փամբ Որոտան»ն էր փնտռած երգը: Յայտնեց տակաւին թէ գիտէր ուրի՛շ եղանակ մըն ալ, որուն առաջին տողին բառերը միայն մնացած էին միտքը.

«Կռուեցէք տղէք, կռուեցէք քաջ քաջ»:

Լռեց պահ մը դարձեալ ու յանկարծ, յանցաւորի մը պէս աւելցուց.

– Մենք չկրցանք կռուիլ, շուտ մը յանձնուեցանք. գոնէ դո՛ւք շարունակեցէք «կռիւը»:

Ըսաւ ու լռեց սակայն անմիջապէս, կարծես զղջացած այդքանն ալ ըսած ըլլալուն համար, ու անդրադառնալով իր բառերուն ստեղծած մթնոլորտին լրջութեան` շարունակեց.

– Գիտե՞ս, ուրիշ աղուոր երգ մըն ալ կայ, նոր լսեցի բայց շատ հաւնիր իմ. գիտիս նը էրգէ տէ մտիկ ընիմ: Ըսաւ ու սկսաւ ի՛նք երգել, իբրե՜ւ թէ երգել, բայց դարձեալ առաջին տողերը միայն.

«Ո՛րքան ցանկացայ ես մէկին սիրել»:

– Բայց այս մէկը ուրկէ ո՞ւր, Պարոն Երամեան, ըսի, զարմացած, ասիկա բաղդատաբար նոր երգ է:

– Էս ըսոր տիսքն ըլ ունէի, հին բարեկամ մը նուէր խրկիր էր անցած տարի, բայց կոտրեցաւ:

– Ճիշդ է, շատ բարակ ու նուրբ են նոր տիսքերը, պզտիկ անզգուշութիւն մը բաւական է որ ճաթին:

– Ատ տեսակ ճաթիլ չէր ըսիկա, մանաւանդ կոտրեր էին: Ձանս չհանեցի, իրենք ալ կարծեցին քի կլլեցուցին:

«Իրենք»ը կինն ու աղջիկն էին անշուշտ, որոնք, այլապէս այնքան ազնիւ ու բարի, դաւադրաբար ճեղքած էին երգապնակը իր բացակայութեան ու տեղաւորած ետ, իր տեղը, դարակին վրայ: Եղած էին այսքան անգութ` պարզ այն պատճառով որ, Պարոն Երամեան, վաճառատունէն վերադարձին, ամէն օր, կը նուագէր զայն վեց, եօթ, ութ անգամ, իրարու ետեւէ, ձանձրացնելու աստիճան տնեցիները` որոնց` բնականաբար ոչինչ կ՛ըսէր անիկա:

Ո՛չ, ատ տեսակ ճաթիլ չէր ասիկա, կոտրեր էին պարզապէս:

Ճի՛շդ իր սրտին պէս:

***

Քանի մը շաբաթ առաջ երբ երկրորդ անգամ Լիզպոն վերադարձայ, առաջին առիթով հարցուցի Պարոն Երամեանին մասին:

– Գիտէ՞ք ինչ, ըսաւ բարեկամիս տիկինը անմիջապէս, ձեր հասնելէն քանի մը օր առաջ ձեր խօսքը եղաւ, ինք ալ ձե՛զ հարցուց: Ըսինք իրեն թէ հոս կ՛ըլլաք շուտով: Շատ ցաւեցաւ որ ժամանակ չկայ ձեզի գրելու որ իրեն համար «Որքան Ցանկացայ»ին մէկ տիսքը բերէք միասին:

Առանց տեղեակ ըլլալու` գոհացում տուած էի իր փափաքին, ու կ՛երեւակայէի հիմա թէ որքան հաճելի անակնկալ մը պիտի ըլլար իրեն, երբ լսէր:

Ա՛յդպէս ալ եղաւ, երբ երկու օր վերջ երգապնակը յանձնեցի իրեն: Առաւ զայն ձեռքին մէջ, դարձուց մի քանի անգամ ու յաղթական յարեց.

– Հիմա նորէն մտիկ կ՛ընինք ամէն օր. ու կարճ դադարէ մը ետք աւելցուց. էս ըլ կոտրին նը ի՞նչ պիտի ընինք:

– Հոգ մի ըներ, Պարոն Երամեան, ըսի, երեք հատ բերած եմ միասին ճիշդ այդ նկատումով, եւ եթէ պէտք ըլլայ աւելիին` կրնանք բերել տալ անմիջապէս. տեսնենք թէ ի վերջոյ ո՞վ պիտի ըլլայ տեղի տուողը, նահանջողը, մե՞նք թէ ֆրանսացիները:

– Գիտե՞ս, ըսաւ, յանկարծ կարեւոր բան մը յիշողի երեւոյթով: Զատիկին, էրթալէդ վերջ հայկական դրօշակ մը կարել տուի եւ տունը փռեցի սեղանին վրայ: Տղաքս ու աղջիկս վրաս խնդացին, աս անճաշակ լաթի կտորը մէջտեղէն վերցո՛ւր ըսին: Տունը ի՛մ տունս է ըսի, դուք խօսելու իրաւունք չունիք: Հիմա ամէն անգամ ուր տուն մտնիմ աւելի զօրաւոր կը զգամ, կարծես քի մինակ չիմ ալ: Մեռնելէս ետք գիտիմ, ամէն բան օտարին պիտի մնայ: Ո՞վ գիտէ, ան ատեն ըսոնք իրենց մականունն ըլ կը փոխին, ատ ձեւով իրենց վրայէն հայկական վերջին նշանն ըլ սրբուած կ՛ըլլայ…

Տեսայ որ թած էին աչքերը: Անդրադարձաւ ի՛նք ալ յանկարծ, ու իր քաղաքականութենէն այս շեղումը չներեց ինքզինքին: Ափին կռնակով սրբեց աչքերը, ու ժպտելով, երգելէ աւելի պոռաց կարծես.

«Կռուեցէք տղէք, կռուեցէք քաջ քաջ»

Ելաւ յետոյ ոտքի, հայրաբար նետեց թեւը ուսիս, ու այս անգամ աւելի մեղմ ձայնով մը յարեց.

– Մենք չկրցա՛նք կռուիլ, շուտ մը յանձնուեցանք, գոնէ դո՛ւք շարունակեցէք կռիւը:

ՎԱՀՐԱՄ ՄԱՎԵԱՆ

(Հատուած)

Share this Article
CATEGORIES