Հայկական Քաղաքներուն Մէջ Որո՞նք Յաղթած Են Թուրքիոյ Տեղական Ընտրութեանց Ընթացքին

Eski-ErmeniՄինչ Թուրքիոյ մէջ կը շարունակուի քննարկուիլ անցեալ կիրակի կայացած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն արդիւնքները եւ անոնց ընթացքին արձանագրուած օրէնքի խախտումները, Պոլսոյ «Ակօս» թերթը հետաքրքրական ուսումնասիրութիւն մը կատարած է այն մասին, թէ մինչեւ Հայոց ցեղասպանութիւն Թուրքիոյ մէջ հայերով բնակուած քաղաքներուն մէջ ո՞ր կուսակցութիւնները որքա՛ն ձայն հաւաքած են: Ուսումնասիրութենէն պարզուած է, որ ժամանակին հայաբնակ եղած քաղաքներուն մէջ այսօր ընտրուած են հիմնականին մէջ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում (ԱԲԿ) ու ընդդիմադիր Ազգայնական շարժում (ԱՇԿ) կուսակցութիւններուն ներկայացուցիչները:

Ստորեւ` արդիւնքները.

Քոզան (Սիս, Ատանա)“Աշկ 47%, Աբկ 42%

Կիլիկիոյ սիրտին մէջ տեղակայուած Քոզանի վիլայէթի վարչական կեդրոնը հանդիսացող Սիսը հայ թագաւորներու մայրաքաղաքն էր: 1914-ին հոն ապրող 8 հազար բնակիչներէն 5600-ը հայ էր: 1902-ին Սիսի 7 հայկական դպրոցները 641 աշակերտ ունէին:

Թալաս (Կայսերի, Կեսարիա)` Աբկ 47%, Աշկ 41%

Կեսարիայէն 5 քմ հարաւ-արեւելք տեղակայուած Թալաս քաղաքին մէջ 20-րդ դարասկիզբին 1894 հայեր կը բնակէին` կազմելով բնակչութեան 42 տոկոսը: Հակառակ վերջին հարիւր տարիներուն ընթացքին տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն, այսօր քաղաքին մէջ տակաւին շատ բաներ կը յիշեցնեն երբեմնի հայկական անցեալը:

Շապին Գարահիսար (Կերասուն)` Աբկ 41%, Աշկ 32%

17-րդ դարասկիզբին այս քաղաքին մէջ 1600 հայկական տուն կար: Հայերը բաւական բարեկեցիկ կեանք ունէին եւ զարմանալի չէ, որ 1895-ին, 5 հազար հայերու սպանութենէն ետք, թուրքերու սահմանափակ ունեցուածքը մեծապէս եւ արագօրէն աճեցաւ: Այնուհանդերձ, մինչ Համաշխարհային Ա. պատերազմ, հոն տակաւին 4918 հայ կ՛ապրէր` կազմելով բնակչութեան մեծամասնութիւնը:

Մելիքղազի (Գերմիր/Կարմիր) Աբկ 61%, Աշկ 25%

Կարմիր 365 հոգինոց հայկական բնակչութիւն ունեցող գիւղ մըն էր: Անոր հիասքանչ գմբէթով Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցին տարածաշրջանի ամենահին կառոյցներէն մէկն էր: Գիւղի բնակիչները յայտնի էին իբրեւ հմուտ վաճառականներ:

Քեմալիէ (Ակն/Երզնկա) Աբ Կ52%, Աշկ 43%

Երզնկան 7700 հայ եւ 6 հազար թուրք բնակիչ ունեցող քաղաք մը եղած է 20-րդ դարու սկիզբը, ուր կային նաեւ շուրջ 300 վաճառականներ: Գիւղատնտեսութեան համար յարմար տարածքներու բացակայութիւնն ու շուկաներու վրայ տեղական արհեստի գործերու սակաւութիւնը պատճառ դարձած էր, որ հայերը զբաղին առեւտուրով եւ ֆինանսական գործերով:

Պայպուրթ (Բարբերդ)` Աբկ 52%, Աշկ 38%

Բաբերդի մէջ 3500 հայ, 2200 թուրք եւ 500 յոյն կը բնակէր: Քաղաքին մէջ կը գործէր մեծ ու փոքր շուրջ 400 արհեստաւոր` կտորի ներկարարներ, մոմագործներ, մետաքսեայ եւ բրդեայ գորգագործներ, զինագործներ, ոսկերիչներ եւ այլն: Բացի 3 կրթօճախներէ, ուր 420 աշակերտ կը սորվէր, աւանին կեդրոնը հայերու պատկանող բազմաթիւ կրօնական կառոյցներ կային:

Էլազըղ (Խարբերդ) Աբկ 55%, Աշկ 29%

Խարբերդի մէջ 39,788 հայ կ՛ապրէր: Հոն կար 67 եկեղեցի, 9 վանական համալիր եւ երկու դպրոց, ուր կ՛ուսանէին 8660 աշակերտներ:

Աւելցնենք, թէ անցեալին հայաբնակ, իսկ ներկայիս քրտաբնակ շրջաններուն մէջ, ինչպէս` Արարատ, Բաղէշ, Կորճէք, Մարտին, Տիգրանակերտ, Սղերդ, Տէրսիմ, Վան, Իկտիր ու Սասուն, յաղթանակ արձանագրած են քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան կամ անոր գաղափարակից անկախ թեկնածուները:

Նաեւ, Կարնոյ, Մուշի, Սեբաստիոյ, Ուրֆայի, Արտահանի եւ Քիլիսի մէջ յաղթանակած է իշխող կուսակցութիւնը, իսկ Կարսի մէջ յաղթանակ արձանագրած է Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES