«Վան – Վասպուրական Աշխարհը»` Պատմագիտական, Տեղագրական, Բանասիրական Հետազօտութեանց Ընդմէջէն (Հեղինակ` Խաչատուր Լեւոնեան)
ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
2013-ին, Պէյրութ, «Տիզայն» Քեստանեան» տպարանէն լոյս տեսած է Խաչատուր Լեւոնեանի «Վան-Վասպուրական աշխարհը» խորագրեալ հատորը, զոր կազմած, խմբագրած եւ ծանօթագրած է լիբանանահայ խմբագիր եւ գրագէտ Երուանդ Հ. Քասունի: Սոյն գործը հրատարակութիւնն է «Կարպիս Լ. Նազարեան հիմնադրամ»-ի (Թիւ 20):
Յիշեալ գործը կը բաղկանայ 320 էջերէ եւ ունի հարուստ բովանդակութիւն, որուն մաս կը կազմեն պատմագիտական ակնարկներ, պատմական վայրեր, դիցապաշտական նշմարներ գաւառի մէջ, ժողովրդային տօներ գաւառի մէջ, կրթական եւ տպագրական հաստատութիւններ Վանի մէջ, քարտէսներ եւ նկարներ եւ այլազան ծանօթագրութիւններ:
Խաչատուր (Խաչիկ) Լեւոնեան (1855-1915 թթ.) ծնած է Վան` Այգեստանի Ս. Յակոբ թաղամաս: Հայրը` Յակոբ Լեւոնեան ծանօթ էր հայ հին ու նոր գրականութեան, որուն շնորհիւ ան պաշտօնի կը կոչուէր Սուրբ Յակոբի թաղականութեան եւ Սուրբ Ղուկասեան վարժարանի հոգաբարձութեան մօտ:
Խաչատուր Լեւոնեան Վանայ մէջ օրինաւոր դպրոց մը չգտնելուն համար կը յաճախէ Ս. Յակոբայ խղճուկ ծխական դպրոցը` աշակերտելով վարժապետ Մարտիրոս Բիւզանդեանի, Մեսրոպ քհնյ. Փափազեանի եւ վարժապետ Տիգրան Ամիրջանեանի: Վանի մէջ կը սորվի ֆրանսերէն` Տիգրան վարժապետէն, իսկ անգլերէն` Վան եկած ամերիկացի միսիոնարներէն:
Խաչատուր Լեւոնեան վաղ տարիքին կը նուիրուի գրականութեան` ստորագրելով բանաստեղծութիւններ:
Խաչատուր Լեւոնեան հայ գրականութեան հանդէպ իր սէրը կը դրսեւորէ Վանի շուկային մէջ հիմնելով գրախանութ մը, որ կը դառնայ մտաւորականներու ժամադրավայր մը եւ ուսման կեդրոն մը:
Խորացնելու համար իր գիտելիքներու պաշարը, Խաչատուր Լեւոնեան Վանի միսիոնար բժիշկ Ռէյնոլտսի մօտ բնագիտութեան դասերու կը հետեւի, ապա մուտք կը գործէ ուսուցչական ասպարէզէ ներս, ուր տասնեակ տարիներ շարունակ, օրական երեք ժամ, հայերէն կը դասաւանդէ Ամերիկեան աղջկանց վարժարանի բարձրագոյն կարգերուն` արժանանալով իր աշակերտուհիներուն հիացումին: Որոշ շրջան մը կը ստանձնէ նոյն վարժարանին տնօրէնութիւնը:
Խաչատուր Լեւոնեան կը ստանայ մտաւորականի հեղինակութիւն` շնորհիւ պատմագիտական, տեղագրական, ազգագրական, վիպական, թատերական եւ հրապարակագրական կալուածներու մէջ իր ձեռք բերած արդիւնաւէտ իրագործումներուն:
Խաչատուր Լեւոնեան կ՛ըսէ, թէ քսանհինգ տարեկան հասակէն ամբողջ Վասպուրականը պտտելով` կը կատարէ տեղագրութիւնը հայկական վանքերու ու սրբավայրերու եւ կը կատարէ նաեւ ընդօրինակութիւնը այդ վայրերուն մէջ գտնուող ձեռագիրներու եւ յիշատակարաններու:
Խաչատուր Լեւոնեան Վանի հիւսիսային գաւառներէն սկսելով, մինչեւ Տուրուբերան ու Մուշի Սուրբ Կարապետ հետիոտն պտտած եւ Խաչիկ Գռուզեանի ընկերակցութեամբ հարաւային գաւառներու մէջ մանրակրկիտ ուսումնասիրութիւններ կատարած ըլլալով` ձեռք բերած է ընդարձակ ծանօթութիւններ, որոնք իրեն համար անսպառ նիւթ կը մատակարարեն պատմելու եւ գրելու:
Խաչատուր Լեւոնեան աշխատակցած է սփիւռքահայ հետեւեալ թերթերուն. «Արեւելք», «Արեւելեան մամուլ», «Աւետաբեր», «Բանասէր», Բիւզանդիոն», «Բիւրակն», «Ծաղիկ», «Հայաստանի Կոչնակ», «Հայկունի», «Հայրենիք» (Կ. Պոլիս), «Ճէրիտէի Շարգի», «Մանզումէ Էֆքեար», «Մասիս», «Մուրճ», «Նոր Այգ», «Սուրհանդակ» եւ «Վան Տոսպ»:
Խաչատուր Լեւոնեան ունի հարուստ նամականի: Իրեն հասցէագրուած բազմաթիւ նամակներուն մէջ ժամանակի մեծանուն մտաւորականներն ու խմբագիրները գնահատանքով կ՛արտայայտուին իր մասին:
Խաչատուր Լեւոնեան օգտագործած է հետեւեալ գրչանունները. Արգոս Բիւզանդ, Բիւզանդ, Գ. Ատէեան, Գ. Արծրունի, Գ. Լ., Գ. Լ. Թոթովենց, Գ. Լ. Ծիլվան, Գ. Լ. Տոսբեցի, Գագիկ, Գիմլիուն, Դէտ, Դիտակ, Թղթակից, Լ., Խ. Լ., Խ. Լ. Գ., Ծերուկ, Ծիլվան, Շահ-Սուար, Տոսբեցի, Տոսբունի, Վոշիկ-Գրչակ, Քննադատ եւ Քրոնիկոն:
Խաչատուր Լեւոնեան ունէր այնքան համեստ եկամուտ, որ հազիւ կը հոգար օրուան ապրուստը իր երեք զաւակներուն: Վասպուրականի աղէտն ու գաղթը կորուստի կամ անորոշ ճակատագրի կը մատնեն իր ձեռագիր աշխատասիրութիւնները: 1915-ի յուլիսին մեծ տառապանքով կը հասնի Երեւան, ուր զոհ կ՛երթայ յոգնութեան եւ անօթութեան: Ան իր աչքերը կը փակէ 15 դեկտեմբեր 1915-ին:
Հետեւեալ գործերը մաս կը կազմեն Խաչատուր Լեւոնեանի գրչի արտադրութիւններուն.
«Աղթամար եւ իր կաթողիկոսութիւն», 1903:
«Մոռցուած էջեր կամ փշրանքներ տոհմային պատմութեան», 1913:
«Ջեհրան ի Թեհրան», պատմական վէպ, 1909-ին:
«Նամանի նահատակներ», 1912:
«Տան անդիւորներ եւ տրամախօսութիւններու շարք մը»:
«Դիցապաշտական նշմարներ գաւառի մէջ»:
«Իմաստասիրական բառարան»:
«Բնավայրք եւ սրբավայրք Վասպուրական», եւ այլն:
Դժբախտաբար Խաչատուր Լեւոնեանի վերոյիշեալ գործերէն ոչ մէկը բախտը կ՛ունենայ առանձին հատորով լոյս տեսնելու:
Գրաւիչ հրատարակութիւն մըն է սոյն գործը, որուն վերջին էջերուն վրայ կ՛երեւան լուսանկարները Վասպուրական եւ Վան քաղաքներու քարտէսներուն, Խրիմեան Հայրիկի, Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ, Նարեկայ վանքի եւ պատմական արժէք ներկայացնող վայրերու:
Պէտք է ըսել, որ Խաչատուր Լեւոնեանի վերոյիշեալ գործը շահեկան հրատարակութիւն մըն է, ուր հեղինակը կը ներկայացնէ Վան-Վասպուրական աշխարհը պատմական անցեալը իր բազմերանգ երեւոյթներով եւ ազգային ուշագրաւ բարքերով:

