«Հայ Դատը Այսօր» Հաղորդաշար. «Հայ Դատը Եւ Հայ Դպրոցը»
Հարցազրոյցը վարեց` ԱՔԱՍԻԱ ՓՈԼԱՏԵԱՆ
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Այս դասընթացքները ի՞նչ կ՛ընդգրկեն:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Այս դասընթացքներուն կը ներկայացուին Հայոց ցեղասպանութեան պատմական, օրինական եւ իրաւական հիմքերը, ապա, ինչ որ շատ կարեւոր է, զուգահեռներ կը գծուին Հայոց ցեղասպանութեան եւ օտար ցեղասպանութիւններու միջեւ: Այլ խօսքով, Հայոց Ցեղասպանութիւնը աշակերտութեան չի ներկայացուիր հայոց պատմութեան նեղ պրիսմակով, այլ` միջազգային օրէնքի եւ մարդկային իրաւանց սկզբունքներու լայն դիտանկիւնէն: Այս նիւթը երբեք չի ծանրաբեռներ աւարտականի աշակերտները, ընդհակառա՛կն, անոնք հետաքրքրութեամբ կը հետեւին այս նիւթին եւ սիրով կը կատարեն ուսուցիչին կողմէ իրենց թելադրուած պրպտումի եւ ուսումնասիրական աշխատանքները:
Հիմնական հարցը այս պարագային հետեւեալն է. մենք պէտք ունինք շատ յանդուգն եւ լուրջ քայլերու` ընդհանուր ծրագիրի մը մշակման համար: Չի կրնար ըլլալ, որ 2014 թուական հասնինք եւ մեր վարժարաններուն մէջ հայոց պատմութիւնը դասաւանդուի տարբեր-տարբեր ձեւերով: Կը հասկնանք, որ կրթական ընդհանուր ծրագիրները տարբեր են, յարանուանական եւ միութենական տարբեր վարժարաններ տարբեր ծրագիրներ ունին: Կը հասկնանք նաեւ,որ պահերու թիւը տարբեր է, դասագիրքերը տարբեր են, ուսուցիչներու պատրաստութեան ձեւը եւ տարողութիւնը տարբեր է, բայց վերջաւորութեան ունինք մէ՛կ Հայաստան, մէ՛կ Դատ, մէ՛կ պահանջատիրութիւն, մէ՛կ թշնամի, հետեւաբար կրնանք եւ պէտք է համաձայնինք Հայ դատի դասաւանդման հիմնական սկզբունքներու շուրջ եւ անոնցմէ մեկնած` պատրաստենք ուսուցիչներու ուղեցոյցներ եւ մղենք, որ երբ տարբեր վարժարաններու մէջ անիրաւութեան կամ անարդարութեան եւ հատուցման մասին կը խօսինք, գէթ նոյն բանը փոխանցենք նորահաս սերունդին: Նուազագոյնը հասարակ յայտարար մը գտնենք եւ համաձայնինք, որ Ցեղասպանութեան նիւթը ինչպէ՞ս պիտի ներկայացնենք մեր աշակերտութեան: Կը հաւատա՞ք, որ այսօր մենք կը խօսինք Ցեղասպանութեան հատուցման եւ Հայ դատի նորագոյն զարգացումներուն մասին, բայց մինչեւ օրս չունինք Հայոց ցեղասպանութիւնը ներկայացնող հիմնական գլխաւոր աղբիւր մը, որպէսզի թելադրենք աշակերտներուն կարդալ: Մէկը Արամ Անտոնեան կու տայ` «Այն սեւ օրերուն», ուրիշ մը կը թելադրէ հայր Վահան Յովհաննէսեանի հայոց պատմութեան դասագիրքը, մեր պարագային կը թելադրենք Արշաւիր Շիրակեանի «Կտակն էր նահատակներուն» գիրքին Երուանդ Փամպուքեանին ներածականը` «Ապրիլեան եղեռն»-ը, որ բաւական ծանր է եւ 70 էջերու վրայ կ՛երկարի: Մենք պէտք է համաձայնինք նաեւ Ցեղասպանութեան հետեւանքները ներկայացնելու ձեւին մասին, մեր կորուստները ինչպէ՞ս ներկայացնել` մշակութային կորուստ, կրթական, ազգային, հողի, լեզուի, բարքերու, սովորութիւններու, արժէքներու կորուստ, այս բոլորին շուրջ տարակարծութիւն չունինք կաթողիկէ, աւետարանական, առաքելական, բարեգործական, կուսակցական խտրութիւն չկայ, բոլորս եթէ այս հիմնական նիւթերուն շուրջ համաձայնինք, մեծ բան կատարած կ՛ըլլանք:
Այս իմաստով դրական փորձ մը կատարած է Ռուբինա Փիրումեանը, երբ պատրաստած է Հայ դատի դասագիրքեր: Նախաձեռնութիւնը սկսած է 25 տարի առաջ: Այսօր Միացեալ Նահանգներու հայկական վարժարաններու բարձրագոյն կարգերուն մէջ հայոց պատմութիւն չէ, որ կ՛առնեն, այլ` Հայ դատ, 10-րդ, 11-րդ եւ 12-րդ դասարաններ: Շատ կարեւոր է, որ այս դասագիրքերը ունին նաեւ իրենց ուսուցիչի ուղեցոյցը եւ աշակերտի աշխատանքի տետրակը: Կ՛արժէ այս գիրքերը բերել, մեր իրականութեան պատշաճեցնել եւ օգտագործել: Դասագիրքերուն ծրագիրը կ՛երկարի 17-րդ դարէն մինչեւ մեր օրերը: Յայտնեմ նաեւ, որ 2000 թուականին Ռուբինա Փիրումեանի դասագիրքերու այս շարքը խտացուեցաւ մէկ հատորի մէջ եւ արեւելահայերէնով տպուեցաւ հայրենիքի մէջ, եւ որպէս Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հրատարակութիւն` ներկայացուեցաւ դպրոցներուն:
Ռուբինա Փիրումեանի եւ ընդհանրապէս Հայ դատով հետաքրքրուողներու համար, հարկ է որ հայ աշակերտներ, երբ շրջանաւարտ կ՛ըլլան մեր վարժարաններէն, ծանօթ ըլլան տարրական կարգ մը գիտելիքներու: Օրինակ, աշակերտներ պէտք է գիտնան`
– Հայկական հարցին հիմքը կազմող հասկացողութիւնները. մարդկային իրաւունք, ազգ, հայրենիք, պետականութիւն:
– Հայկական հարցի ծագումն ու զարգացումը:
– Հայութեան վիճակը օսմանեան եւ ռուսական կայսրութիւններու տիրապետութեան ներքեւ:
– Հայկական հարցին միջազգայնացումը:
– Հայկական զարթօնքը եւ կուսակցութիւններու կազմութիւնը` իբրեւ հայ քաղաքական կեանքի զարգացման կարեւոր փուլ:
– Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ անոր շարունակուող հետեւանքները:
– Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը:
– Հայաստանի խորհրդայնացումը եւ սփիւռքի կազմութիւնը:
– Հայ դատի հետապնդման պայքարը սփիւռքի մէջ, յատուկ անդրադարձով Լիբանանի մէջ կատարուած աշխատանքներուն:
– Խորհրդային Հայաստանը եւ յետստալինեան շրջանի մեր ժողովուրդի ազգային գիտակցութեան զարթօնքը:
– Արցախեան ազատամարտը եւ Հայաստանի վերանկախացումը:
– Թուրքիոյ դերը Հայ դատի պայքարի ջլատման աշխատանքներուն մէջ:
– Նորանկախ Հայաստանը եւ հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւններու փորձառութիւններն ու ապագայ հեռանկարները:
– Ջաւախքի եւ իսլամացուած հայերու հարցերը:
Այս բոլորը ընդհանուր վերնագիրներ են: Որքան գիտենք, Հայաստան կրթական իր քաղաքականութեան մէջ տակաւին յստակ ծրագիր մը չունի Հայկական հարցի եւ Հայ դատի իր պատկերացման մասին, բայց մենք սփիւռքի մէջ իրաւունք չունինք նման պատկերացում եւ ծրագիր չունենալու: Մեր ներկայացուցած կէտերուն շուրջ կարելի է համաձայնութիւն գոյացնել: Այս առիթով կ՛առաջարկենք մասնագէտներով քննել այս կէտերը, դնել զանոնք սեղանի վրայ, արծարծել եւ եզրակացութիւնը փոխանցել կրթական պատասխանատուներուն, թող իրենք ալ քննեն եւ վերջնական եզրակացութիւնները փոխանցեն մեր ուսուցիչներուն` առ ի գործադրութիւն:
Հ.- Ուսուցիչներու պատրաստութեան գծով աշխատանքներ կը տարուի՞ն այս դժուարութիւնները դիմագրաւելու համար:
Վ. Ա.- Ուսուցիչներու պատրաստութեան հարցը հայագիտական հիմնարկներու պարտականութիւնն է եւ բոլորս ալ գիտենք այսօր այդ հիմնարկներուն պարզած վիճակը, հետեւաբար պէտք չէ մեծ ակնկալութիւններ ունենալ այս իմաստով: Հայաստանի հայագիտական հիմնարկներուն պատկերը տարբեր է: Այնտեղ կարելի է մասնագիտական գիտելիք ձեռք ձգել, բայց կարելի չէ սփիւռքեան մեր բոլոր մտահոգութիւններուն բաւարարութիւնը գտնել: Հարցը Ցեղասպանութեան գիտական դասաւանդման չի վերաբերիր, որքան այն հաւաքական յիշողութեան, որ այսօր կորսուելու վրայ է սփիւռքի մէջ: Ինչպէ՞ս պահպանել այդ յիշողութիւնը եւ զայն վերածել ամէնօրեայ պայքարի մղիչ ուժի: Սփիւռքի մէջ, Ցեղասպանութիւնը ամէն օր շարունակուող իրականութիւն է: Անոր հետեւանքները մենք ամէն օր կը կրենք մեր կեանքի տարբեր մարզերուն մէջ: Այս բոլորը սփիւռքեան մասնագէտը միայն կրնայ ճիշդ ձեւով ներկայացնել: Մեր կարիքները եւ առաջնահերթութիւնները տարբեր են: Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկին յաջող փորձառութիւնը ասոր խօսուն ապացոյցն է: Մեր օրերուն լուծումներ գտնելու փորձեր կը կատարուին, սակայն բաւարար չեն: Դրական եւ ողջունելի են, օրինակ, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութիւնը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան արեւմտահայերէնի պահպանման դասընթացքը: Ժամանակի ընթացքին կարելի է զանոնք աւելի ընդլայնելով զարգացնել: Բայց կարեւորը այս խնդրին մէջ ուսուցիչի պատրաստութիւնն է: Եթէ մենք ուսուցիչ չունենանք, այս բոլորը անիմաստ կը դառնան: Ուսուցիչներն են, որոնք պիտի պատրաստեն նոր սերունդները: Ի՞նչ իմաստ ունին գեղեցիկ շէնքերն ու կառոյցները, եթէ անոնց ոգի ու շունչ տուող ուսուցիչները չկան: Հայ դատի առաքեալները պիտի գան մեր դպրոցներէն: Այդպէս եղած է նախապէս: Մեծ դեր ունին նաեւ մեր միութիւնները, որոնց պատասխանատուները եւս կու գան դպրոցներէն: Այդ պատասխանատուները մեր դպրոցներէն հասակ կ՛առնեն, եւ եթէ դպրոցներուն մէջ ստացած են հիմնական գիտելիքներ, շունչ ու ոգի, ապա կրնան զանոնք փոխանցել իրենց միութենական շարքերուն:
Հ. Ի՞նչ պէտք է ըլլայ ուսուցիչին դերակատարութիւնը, որպէսզի աշակերտը հայագիտական ճիւղը ընտրէ կամ հայոց պատմութեան հետեւելու փափաք ունենայ: Ո՞վ եւ ինչպէ՞ս այդ բոլորին հետաքրքրութիւնը կրնայ ունենալ:
Վ. Ա.- Պատասխանեմ նախ կատակով մը` «խենթ» պէտք է ըլլալ այս օրերուն Հայ դատի կամ հայոց պատմութեան ուսուցիչ ըլլալու համար: Լրջօրէն պատասխանելու պարագային պիտի ըսէինք, որ նման ուսուցիչ ըլլալու համար անհրաժեշտ է գիտակցութիւն, աւելի ճիշդ` ինքնագիտակցութիւն, առաքելութեան մը ձգտումը պէտք է ունենալ եւ մինչեւ ծայր զոհաբերութեան երթալու պատրաստակամութիւնը: Ընդունինք, որ այսօր մեր շուրջը անհրաժեշտ մթնոլորտը չկայ աշակերտները դէպի հայագիտական նիւթեր մղելու համար: Այսօրուան հայերէնի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչները մեծ մասամբ 1980-ական եւ 1990-ական տարիներու շրջանաւարտներ են, որովհետեւ այդ տարիներուն վարակիչ եւ քաջալերական մթնոլորտ կար: Նախ պէտք է մթնոլորտ ստեղծել, ապա քաջալերել, գտնել նման տրամադրութիւն ունեցող տղաք, որոնք անպատճառ որ կան:
Տարիներ առաջ ազգային մը հետաքրքրական առաջարկ մը ներկայացուց պրըվէի դասարանէն ետք երեք տարուան հայագիտական բաժին մը հիմնելու մեր վարժարաններուն մէջ, թէկուզ` քանի մը աշակերտով: Իններորդ կարգէն ետք կարելի է պետական ծրագրին ու պաքալորէային հետ ստեղծել հայագիտական բաժին մը անոնց համար, որոնք հայագիտական հետաքրքրութիւններ ունին: Մենք ըլլանք մեր տղոց մղիչ ուժը դէպի հայ դպրոց, դէպի ուսուցչութիւն, դէպի ազգային-հասարակական գործունէութիւն: Կը կարծենք, որ այս է որ կը պակսի մեզի, որովհետեւ այսօր մարդիկ կը նախընտրեն իրենց շրջանակին մէջ յաջողած անձեր ըլլալ, քան` իրենց համայնքին ու ժողովուրդին ծառայող ազգայիններ: Որովհետեւ ազգային գործը հսկայական զոհողութեամբ կ՛ըլլայ, երբեմն անձին անհատական կեանքին, նիւթականին եւ հանգիստին հաշուոյն կ՛ըլլայ, շատեր հեռու կը մնան անկէ: Իսկ մինչեւ հիմա այդ ասպարէզը ընտրողները այդ բոլոր մտահոգութիւնները չունէ՞ին արդեօք… Կ՛արժէ մտածել այդ մասին:
Հ.- Որպէս եզրափակիչ խօսք` ի՞նչ քայլեր կ՛առաջարկէք, որպէսզի Հայ դատը առաւել ներկայութիւն դառնայ հայկական դպրոցին մէջ:
Վ. Ա.- Նախ մենք պէտք ունինք երկխօսութեան: Իւրաքանչիւր համայնք, իւրաքանչիւր կուսակցութիւն, իւրաքանչիւր կրթական հաստատութիւն ունի իրեն յատուկ փորձառութիւնը, որմէ օգտուելու կարիքը ունինք բոլորս: Մենք պէտք ունինք երկարաշունչ ծրագիրներու մշակման, կրթական ու յատկապէս հայագիտական եւ հայոց պատմութեան մեր ծրագիրներու արդիականացման: Այստեղ մեծ դեր ունին ընելիք Հայ դատի մարմինները, ուսումնական խորհուրդները, տնօրէնները, ուսուցիչները եւ այս նիւթով հետաքրքրուած մասնագէտները` ընկերաբաններ, հոգեբաններ, մանկավարժներ թէ այլ: Բոլորը ըքով-քովի գալով պէտք է քննեն, արծարծեն այս հարցերը եւ առաջարկներ ներկայացնեն: Այս առումով մենք ունինք առաջարկներ, որոնց մասին թերեւս կ՛արժէ մտածել:
Յառաջիկայ տարի Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակն է: Կրնա՞նք մեր դպրոցներուն մէջ այս առիթով շաբաթը կամ ամիսը պահ մը յատկացնել Հայ դատի տարբեր նիւթերու քննարկման համար: Մեր երկրորդ առաջարկը կը վերաբերի Հայ դատի դասագիրքերու կամ հարց-պատասխան գիրքերու պատրաստութեան: Անյապաղ պէտք է ձեռնարկել այդ աշխատանքին, նուազագոյնը` ծրագրել: Հիմք մը կայ, կ՛ըսէինք` Ռուբինա Փիրումեանի աշխատանքը: Այդ հիմքին վրայ կարելի է կառուցել մեր աշխատանքը: Պէտք է մեր դպրոցները օժտել Հայ դատի դասագիրքերով, ուսուցիչներու ուղեցոյցներով, որպէսզի այդ հարցը միանգամընդմիշտ լուծուի:
Երրորդ` հարիւրամեակի առթիւ կարելի չէ՞ մտածել հարիւր աշակերտ Հայաստան ղրկելու մասին, ապրիլ 24-ը թող Ծիծեռնակաբերդի մէջ նշեն, Ցեղասպանութեան թանգարան այցելեն, միլիոնաւոր հայութեան հետ նահատակներու յիշատակը ոգեկոչեն եւ ազգային պահանջատիրութեամբ լիցքաւորուած` Լիբանան վերադառնան ու այդ մթնոլորտը փոխանցեն իրենց դասընկերներուն, ծնողներուն եւ շրջապատին: Իսկ մեր ամէնէն կարեւոր առաջարկը պիտի ըլլայ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի մարմիններու կողքին կրթական յանձնախումբի մը ստեղծումը, որպէսզի ան մնայուն ձեւով քննէ եւ ծրագրէ այս բոլորը եւ համահայկական տարողութեամբ հասարակաց ծրագիր մը պատրաստէ եւ ներկայացնէ մեզի` կրթական պատասխանատուներուս: Միայն այս ձեւով, ծրագրումով եւ յարատեւ աշխատանքով կրնանք Հայ դատը վառ պահել մեր աշակերտներուն մէջ եւ միայն անդուլ ճիգերով կրնանք պատրաստել սերունդ մը, որ հարիւրամեակի ջահը Ցեղասպանութեան երրորդ-չորրորդ սերունդէն պատուով պիտի ստանձնէ եւ իր կարգին զայն արժանաւոր կերպով պիտի փոխանցէ յաջորդող սերունդներուն, մինչեւ որ այդ ջահը կարենանք վառել «կատարն հայրենի լերանց հեռագոյն»:
(Շար. 2 եւ վերջ)

