«Ֆենիսիա» Պանդոկին Մէջ. Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ Յատուկ Մամլոյ Ասուլիս Մը
Հովանաւորութեամբ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրի, այսօր` ուրբաթ, 11 ապրիլին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ (Պէյրութ) տեղի պիտի ունենայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որ պիտի յատկացուի քաղցկեղէ տառապող երեխաներուն` անոնց ապահովելու համար լաւագոյն խնամքը:
8 վազողներ` Ալի Քուտամի, Իմատ Լատքանի, Ժորժ Հուայեք, Խըտըր Պատրան, Մոհամետ Մարհամօ, Ժիհատ Աշքար, Ռապիհ Ֆարսուն եւ Մարք Ժըպրան, 7-11 մայիսին պիտի վազեն 210 քմ երկարութիւն ունեցող վազքի մրցումին` լիբանանեան դաշտային շրջաններուն մէջ` «մենք կը վազենք, դուք նիւթապէս կ՛օժանդակէք» նշանաբանին ներքեւ:
Անոնք օրական պիտի վազեն մօտաւորապէս 42 քմ: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի Նաքուրայէն (հարաւ):
Նշենք, որ վազքի այս մրցումը, որ յատկացուած է բարեսիրական նպատակի համար, տեղի պիտի ունենայ գործակցութեամբ Լիբանանի մէջ գտնուող քաղցկեղի կեդրոնին («CCCL»):

