Փինկ Փոնկ. Շապապ Հաուշ Ումարա` Պեքաայի Նահանգի Ախոյեան
Լիբանանի փինկ փոնկի Բ. դասակարգի տղոց ախոյեանութեան աւարտական հանգրուան հասնող խումբերուն թիւը ամբողջացաւ` հասնելով 12-ի, երբ Շապապ Հաուշ Ումարա (Զահլէ) հանդիսացաւ Պեքաայի նահանգի ախոյեան` աւարտական մրցումին 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Քամետ Լոզի:
Աւարտական այս մրցումէն ետք տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ ֆետերասիոնին ներկայացուցիչներուն:
Վիճակաձգութեամբ այդ 12 խումբերը բաժնուեցան չորս խմբակի` հետեւեալ ձեւով.
Ա. ԽՄԲԱԿ.- Լիուա Սայտա, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ եւ Տանք Անթիլիաս:
Բ. ԽՄԲԱԿ.- Շապապ Ֆաուար, ՀՄԸՄ Անթիլիաս եւ Հարեթ Սայտա:
Գ. ԽՄԲԱԿ.- Շապապ Հաուշ Ումարա, Շապապ Ռիատի Պէյրութ եւ Անդրանիկ Անթիլիաս:
Դ. ԽՄԲԱԿ.- Շեպիպեթ Ամիլա – Ֆըրն Շըպպեք, Ահլի Սայտա եւ Ինաաշ Իժթիմահի Քանաթ:
CATEGORIES Մարզական

