Արման Քարամեան` Տուպլէի Հեղինակ
Ռումանիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 25-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Քլինչենին, որուն մաս կը կազմեն Արման եւ Արտաւազդ Քարամեան եղբայրները, իր դաշտին վրայ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Կլորիա Պուզէուի հետ:
Հիւրընկալ կազմին մարզիկներէն Արման Քարամեան տուպլէի հեղինակ դարձաւ` սկիզբը բանալով մրցումին հաշիւը, ապա այլ կոլ մըն ալ նշանակելով, երբ արդիւնքը կ՛ընթանար 1-1 հաւասարութեամբ:
Այս մրցումէն ետք Քլինչենին, որ իր տրամադրութեան տակ ունի 37 կէտ, կը գրաւէ դասաւորման 4-րդ դիրքը, իր լուրը կ՛եզրափակէ ArmSport.am:
CATEGORIES Մարզական

