Յայտարարութիւններ (11 Ապրիլ 2014)
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Սեդա Ուրիշեան եւ զաւակը` Արա (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Վիքթոր եւ Թալին Ֆղալի եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Վազգէն եւ Շաղիկ Սեփեթճեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Յովսէփ եւ Ալիս Ուրիշեան
Տէր եւ տիկին Վիգէն եւ Թամի Հատիտեան եւ դուստրը
Տիար Վիգէն Ուրիշեան եւ դուստրը
Տէր եւ տիկին Ատուր եւ Արաքսի Ուրիշեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Անի Ուրիշեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տիար Յակոբ Գարճեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Ճորճ եւ Սալբի Ուրիշեան-Սանկաքիս եւ զաւակը
Տէր եւ տիկին Ատնան եւ Անի Ուրիշեան-Պըրրի եւ զաւակը (Գերմանիա)
Տէր եւ տիկին Վաչէ եւ Թալին Ուրիշեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Աւագ եւ Լիլի Ուրիշեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Վահէ եւ Հուրիտ Հատիտեան եւ զաւակունք
Սոնա Չոլաքեան
Ուրիշեան եւ Ֆղալի ընտանիքներ
Սեփեթճեան եւ Հատիտեան ընտանիքներ
Սանկաքիս եւ Չոլաքեան ընտանիքներ
Թիւթիւնճեան եւ Մելքոնեան ընտանիքներ
Գալճեան եւ Քիւրեճեան ընտանիքներ
Պաղպուտարեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, հօրեղբօր, խնամիին եւ հարազատին`
ՏԻԳՐԱՆ ՈՒՐԻՇԵԱՆԻ
(Ծնեալ` 1929-ին)
մահը, որ պատահեցաւ երկուշաբթի, 7 ապրիլ 2014-ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ, յետ երկարատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի շաբաթ, 12 ապրիլին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, «Հոլիվուտ Հիլզ Ֆորեսթ Լոն» գերեզմանատան «Օլտ Նորթ Չըրչ» մատրան մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի ամփոփուի նոյն գերեզմանատան մէջ:
- Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
———————————————————————————-
ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ ԶՕՐԱԿՑԻՆՔ
ՔԵՍԱՊԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ
Սիրելի՛ հայորդի,Հայ կաթողիկէ երիտասարդութեան Քեսապի շտապ օգնութեան մարմինը կոչ կ՛ուղղէ համայն լիբանանահայութեան աշխուժ կերպով մասնակցելու իր կազմակերպած դրամահաւաքին` առ ի զօրակցութիւն տեղահանուած մեր քեսապահայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն:
Վստահ եղէք, որ ձեր սրտաբուխ նուիրատուութիւնները այս դժուարին օրերուն դիմադրութեան եւ յոյսի շունչ պիտի տան քեսապահայ մեր հայրենակիցներուն, որպէսզի յաղթահարեն առկայ դժուարութիւնները եւ վերադառնան իրենց բնակավայրերը:
Նուիրատուութեան կեդրոններ`
Հայ կաթողիկէ Ս. Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ ժողովրդապետութիւն – Էշրեֆիէ
(երկուշաբթիէն ուրբաթ, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 1:00)
Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ / Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութիւն – Տըպպաս Հրապարակ (երկուշաբթիէն ուրբաթ, առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 1:00)
Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութիւն – Պուրճ Համուտ
(երկուշաբթիէն ուրբաթ, առաւօտեան ժամը 8:30-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00)
Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութիւն – Զալքա (երկուշաբթիէն ուրբաթ, առաւօտեան ժամը 8:30-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00)
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ
ՔԵՍԱՊԻ ՇՏԱՊ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
———————————————————————————-
ՀՍԿՈՒՄԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Ուրախութեամբ կը յայտարարենք, որ ուրբաթ, 11 ապրիլ 2014-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, հսկումի արարողութիւն պիտի կատարուի Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ:
Արարողութեան պիտի նախագահէ եւ քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ՊԵՏՐՈՍ ԱԲՂՅ. ՄԱՆՈՒԷԼԵԱՆ
Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու սոյն արարողութեան եւ հաղորդուելու օրուան պատգամով:
ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
———————————————————————————-
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
ԵՒ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԹԱՓՕՐ
Կիրակի, 13 ապրիլ 2014-ին, Ծաղկազարդի տօնին առիթով, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ պիտի պատարագէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:30-ին
Սկիզբ Ս. պատարագի` ժամը 10:30-ին
Մանուկներու թափօր` ժամը 11:00-ին
Ծաղկազարդի տօնին առիթով, մայրավանքի շրջափակին մէջ հաւաքուած հայ մանուկներուն ու պատանիներուն իր հայրական խօսքը պիտի ուղղէ եւ ապա վեհարանին մէջ զիրենք պիտի ընդունի
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ԴՌՆԲԱՑԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Նոյն օրը, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Դռնբացէքի արարողութիւն, նախագահութեամբ վեհափառ հայրապետին:
Պիտի քարոզէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու առաւօտեան մատուցուելիք սուրբ եւ անմահ պատարագին եւ յետմիջօրէի Դռնբացէքի արարողութեան` լեցուելու համար Քրիստոսի գալստեան խորհուրդով:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
———————————————————————————-
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ` ԱՅՆՃԱՐԻ ՄԷՋ
Կիրակի, 13 ապրիլ 2014-ին, Ծաղկազարդի առիթով Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ եպս. Փանոսեան պիտի այցելէ Այնճար, ուր պիտի պատարագէ եւ քարոզէ, ինչպէս նաեւ կատարէ մանուկներու օրհնութիւնը Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ:
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու սրբազան հօր դիմաւորումին առաւօտեան ժամը 9:30-ին, ապա` սուրբ պատարագին եւ լսելու սրբազան հօր պատգամը:
Ժամերգութեան սկիզբ` ժամը 8:00-ին
Ս. պատարագ` ժամը 10:00-ին
Քարոզ` ժամը 11:30-ին
Մանուկներու օրհնութիւն` ժամը 12:00-ին
Ս. ՊՕՂՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈԳԵՒՈՐ
ՀՈՎԻՒ ԵՒ ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
———————————————————————————-
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԸ`
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Կիրակի, 13 ապրիլ 2014-ին, Ծաղկազարդի տօնին առիթով Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ԶԱՐԵՀ ԱԲՂՅ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 7:30-ին
Ս. պատարագ` ժամը 9:30-ին
Քարոզ եւ թափօր` ժամը 11:00-ին
ԴՌՆԲԱՑԷՔ
Նոյն օրը, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, տեղի պիտի ունենայ դռնբացէքի արարողութիւն, զոր յաւուր պատշաճի պիտի կատարէ եւ քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ԶԱՐԵՀ ԱԲՂՅ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Հրաւիրուած է հաւատացեալ ժողովուրդը:
Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
———————————————————————————-
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԸ
ԺՈՒՆԻԷԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Այսու կու գանք յայտարարելու մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, թէ կիրակի, 13 ապրիլ 2014-ին կը զուգադիպի Քրիստոսի Երուսաղէմ յաղթական մուտքը` Ծաղկազարդի տօնը:
Տեղի պիտի ունենայ հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ:
Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբան:
ԳԵՐՊ. Տ. ՓԱՌԷՆ Ծ. ՎՐԴ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:00-ին
Պատարագ` ժամը 10:00-ին
Քարոզ` ժամը 11:00-ին
Մանուկներու Ծաղկազարդի թափօր` ժամը 11:30-ին
Երեկոյեան դռնբացէքի արարողութիւն ժամը 5:00-ին
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու հոգեպարար արարողութեան եւ հաղորդուելու օրուան Ս. խորհուրդով:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ԺՈՒՆԻԷԻ, ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ, ԶԱԼՔԱՅԻ
ԵՒ ՇՐՋԱԿԱՅԻՑ
Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
———————————————————————————-
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԸ`
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Էշրեֆիէ
Կիրակի, 13 ապրիլ 2014-ին, Ծաղկազարդի տօնին առիթով Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ եւ քարոզէ`
ԳԵՐՊ. Տ. ՎԱՂԻՆԱԿ Ծ. ՎՐԴ. ՄԵԼՈՅԵԱՆ
– Ժամերգութիւն` ժամ 7:30-ին
– Ս. պատարագ` ժամը 9:30-ին
– Մանուկներու թափօր` ժամը 11:00-ին
– Օրհնութիւն մանուկներու` դասին մէջ ժամը 11:15-ին
ԴՌՆԲԱՑԷՔ
Նոյն օրը կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին տեղի պիտի ունենայ դռնբացէքի արարողութիւն:
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
———————————————————————————-
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ
ԵՒ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԹԱՓՕՐ`
Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Կիրակի, 13 ապրիլ 2014-ին, Ծաղկազարդի տօնին առիթով Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ, քարոզի եւ թափօրին նախագահէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ԱՐՏԱԿ ԱԲՂՅ. ԱՐԱՊԵԱՆ
– Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:00-ին
– Սկիզբ Ս. պատարագի` ժամը 10:00-ին
– Մանուկներու թափօր` ժամը 12:00-ին
ԴՌՆԲԱՑԷՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Նոյն օրը, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ դռնբացէքի արարողութիւն:
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու առաւօտեան սուրբ եւ անմահ պատարագին եւ յետմիջօրէի արարողութեան` լեցուելու համար Քրիստոսի Գալստեան խորհուրդով:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
———————————————————————————-
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԸ
ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Կիրակի, 13 ապրիլ 2014, Ծաղկազարդի տօնին առիթով, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ հայրապետական սուրբ եւ անմահ պատարագ, հանդիսապետութեամբ`
ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ԵՒ ԳԵՐԵՐՋԱՆԻԿ
ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՏՐՈՍ ԺԹ.
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ
Սուրբ պատարագի ընթացքին, պիտի կատարուի ուռերու օրհնութիւնը, ապա` Ս. պատարագի աւարտին, տեղի պիտի ունենայ աւանդական թափօրը եւ անդաստանը եկեղեցւոյ բակին մէջ` մանուկներու, երիտասարդներու եւ հաւատացեալներու ներկայութեամբ:
Անդաստանէն ետք, ամենապատիւ հոգեւոր տէրը շնորհաւորութիւնները կ՛ընդունի եկեղեցւոյ դահլիճին մէջ:
Նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, պիտի կատարուի դռնբացէքի արարողութիւն եւ Ս. հաղորդութեամբ օրհնութիւն:
———————————————————————————-
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ
ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԹԱՓՕՐ`
Ս. ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Կիրակի, 13 ապրիլ 2014-ին Ծաղկազարդի տօնին առիթով Նոր Հաճնոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ պիտի պատարագէ, քարոզէ եւ թափօրին նախագահէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ՎԱՀՐԻՃ ԱԲՂՅ. ՂԱՐԱԽԱՆԵԱՆ
Սկիզբ ժամերգութեան` ժամը 8:00-ին
Սկիզբ Ս. պատարագի` ժամը 9:30-ին
Քարոզ` ժամը 10:30-ին
Թափօր` ժամը 11:00-ին
Երեկոյեան դռնբացէքի արարողութիւն` ժամը 4:00-ին
Սիրով կը հրաւիրենք հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուելու Ս. պատարագին եւ դռնբացէքի արարողութեան, լսելու հայր սուրբին պատգամը:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՆՈՐ ՀԱՃՆՈՅ Ս. ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
———————————————————————————-
ՀԲԸՄ-ՀԵԸ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Համագործակցութեամբ` Donner Sang Compter-ի
«Blood Drive»
Ի յիշատակ 1915-ի Մեծ Եղեռնի Զոհերուն
Տեղի կ՛ունենայ շաբաթ, 12 ապրիլ 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00:
ՀԲԸՄ «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ, Անթիլիաս:
Հրաւէր
———————————————————————————-
ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղ
դաստիարակչական յանձնախումբ
ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
Հովանաւորութեամբ`
ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութեան
Նախագահութեամբ`
ՏԷՐ ԵՒ ՏԻԿԻՆ ՍԷՄ ՐԱԳՈՒՊԵԱՆԻ
Մասնակցութեամբ` սիրուած երգիչ
ՍԱԳՕ ԹԱՇՃԵԱՆԻ
Տեղի կ՛ունենայ կիրակի, 13 ապրիլ 2014-ին կէսօրուան ժամը 1:30-էն սկսեալ, «ԶԷՅՆ» ճաշարանին մէջ` Ժտէյտէ, «Հըքմէ» պարտէզին կից:
Տոմսերը ապահովելու համար դիմել 76-325772, 03-021440 եւ 03-009118 թիւերուն:
———————————————————————————-
Կազմակերպութեամբ`
ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Գրասենեակին (ԶՈԳ)
«ԷՍ. ԷՅ. ԹԻ.»-Ի ՈՒՍՈՂՈՒԹԵԱՆ ԵՒ
«ԷՍ. ԷՅ. ԹԻ.»-Ի, ԱՆԳԼԵՐԷՆԻ ԱՆՎՃԱՐ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐ
Տեղի կ՛ունենայ շաբաթ օրերը, կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին, Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճին մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Դասընթացքները արդէն սկսած են եւ կը շարունակուին մինչեւ Մայիս 2014-ի վերջը:
Յաւելեալ տեղեկութեան համար հեռաձայնել 70-998678 թիւին:
———————————————————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Ճամբորդական գրասենեակ մը կարիքը ունի օրիորդի մը, որ փորձառութիւն ունենայ ճամբորդական գրասենեակի աշխատանքներէ, նաեւ գիտնայ համակարգչային AMADEUS եւ GALILEO ծրագիրները գործածել, արաբերէն գիտնալը` պայման, նաեւ պայման է ֆրանսերէնին կամ անգլերէնին տիրապետելը, լաւ պայմաններ: Դիմել` հեռ. 03-430603 կամ 03-672723:
———————————————————————————-
ՎԱՐՁՈՒ ԽԱՆՈՒԹ
Պուրճ Համուտ, Արմինիա պողոտայի վրայ, նախկին «Լիւքսիա» վաճառատունը: Դիմել` հեռ. 03-160424:
——————————————–————————————-
ԱՇԽԱՏՈՂ ՄԱՅՐԵՐՈՒ
ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ
Կը ստանձնենք ձեր զաւակներուն ամբողջական հոգատարութիւնը, խնամքը եւ սնունդը, նորածինէն մինչեւ 4 տարեկան: (Ամբողջ օրուան կամ կէս օրուան ժամանակացոյցով):
Ապահով, հանգստաւէտ եւ մտերմիկ միջավայր, մասնագիտացած անձնակազմ:
Դիմել` հեռաձայնելով 70-424979 եւ 71-233991 թիւերուն:
———————————————————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Հայկական հաստատութիւն մը կարիքը ունի գործադիր քարտուղարի կամ քարտուղարուհիի մը, որ հայերէնի, արաբերէնի, ֆրանսերէնի եւ անգլերէնի տիրապետէ, ինչպէս նաեւ համակարգիչ գործածել գիտնալը` անհրաժեշտ: Դիմել` հեռ. 03-308371:
———————————————————————————-
ԾԱԽՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆՆԵՐ
ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏ (Մարաշ)
50 եւ 55 քառ. մեթր
Հեռաձայն` 03/327735
——————————————–————————————-
365 ՕՐԵՐԷՆ ՕՐ ՄԸ`
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ԾԵՐԱՆՈՑԻՆ
Անթոյեան ընտանիք իրենց ծնողներուն եւ եղբօր յիշատակին կը ստանձնէ օրուան մը ճաշի ծախսը` 300 տոլարով:
11 ապրիլ
——————————————–————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
11 ՅՈՒԼԻՍ, 2014
ԱԶԳԱՅԻՆ ԼԵՒՈՆ ԵՒ ՍՈՖԻԱ
ՅԱԿՈԲԵԱՆ ՔՈԼԵՃ
———————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ ԼԵՄ-Ի «ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
18 ԱՊՐԻԼ, 2014
———————————————————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ԼՕԽ-Ի «ԱՐՑԱԽ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
2 ՄԱՅԻՍ, 2014
———————————————————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»-Ի ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ
8 ՄԱՅԻՍ, 2014
ԾԱՆՕԹ.- ԿԸ ԽՆԴՐՈՒԻ ՉԽԱՉԱՁԵՒԵԼ:
———————————————————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ԾԵՐԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ, 15 ՄԱՅԻՍ 2014
——————————————————————————–
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ – ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
24 ՄԱՅԻՍ, 2014

