Լիբանանի Հեծելարշաւի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, որ տեղի ունեցաւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ, Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը տուաւ կարգ մը որոշումներ:

Ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան նախ խօսեցաւ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարին կատարուած այցելութեան մասին, որ եղաւ բաւական շինիչ:

Զահեր Հաժի (Լեռնային հեծելարշաւ) եւ Սալահ Ռապպահի (ճամբու հեծելարշաւ) անունները առաջադրուեցան սեպտեմբեր-հոկտեմբերին Ինշիոնի մէջ (Հարաւային Քորէա) տեղի ունենալիք ասիական 17-րդ խաղերուն մասնակցելու համար:

Մայիսին Ղազախստանի մէջ տեղի ունենալիք Ասիոյ հեծելարշաւի ախոյեանութեան Լիբանանը պիտի ներկայացնէ երիտասարդ հեծելանւորդ Բեկոր Եագուպեան` ընկերակցութեամբ ֆետերասիոնի անդամ Նազարէթ Հապիպեանի:

Ֆետերասիոնը շնորհաւորեց Աթլեթիքօ Պէյրութը եւ Ամալ Պիքֆայան, որոնք վերջերս մասնակցեցան Կիպրոսի մէջ տեղի ունեցած միջազգային շրջավազքի մը:

1996-97-ի ծնունդ կրտսեր հեծելանւորդները հրաւիրուեցան մասնակցելու ֆետերասիոնին կողմէ կազմակերպուած փորձերուն, որոնք տեղի պիտի ունենան կիրակի, 13 ապրիլին, Մարինա – Տըպպայէ շրջանին մէջ:

Ֆետերասիոնը իր մօտ անդամագրուած միութիւններուն եւ ակումբներուն առաւելագոյնը մինչեւ 28 ապրիլ ժամանակ տուաւ` ստանձնելու իրենց տարեկան հաշուարկը եւ շատ արագ հաշուեփակ կատարելու ֆետերասիոնին:

Վերջապէս, ֆետերասիոնը եզրափակեց նշելով, որ մարզիչներու դասընթացքներուն շուրջ իր տարած աշխատանքը աւելի պիտի բազմապատկէ, որպէսզի այդ ուղղութեամբ կարելի եղածին չափ շուտ տեղի ունենան այդ դասընթացքները` նոր մարզիչներ ունենալու համար:

Share this Article
CATEGORIES