Քեսապի Աղէտը Եւ Ժընեւի Հայ Գաղութը

IMG_6041Կազմակերպութեամբ Զուիցերահայոց միութեան, Ժընեւի Հայ կեդրոնին մէջ հինգշաբթի, 3 ապրիլ 2014-ի երեկոյեան, զեկուցական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ` ներկայութեամբ շուրջ յիսուն ժընեւաբնակ հայորդիներու, օրակարգ ունենալով հայ իրականութիւնը յուզող գլխաւոր նիւթը` Քեսապի աղէտը:

Զուիցերիահայ միութեան ատենապետ Նժդեհ Խաչաատուրեան իր բացման խօսքին ընթացքին, անդրադարձաւ Քեսապի հարցին, որուն համար  միութիւնը նախաձեռնած էր այս երեկոն, ապա ներկայացուց զեկուցաբերները եւ անոնց նիւթերը:

Ֆրանսահայ «Երկիր եւ Մշակոյթ» միութեան ժընեւաբնակ անդամ Անուշ Սատեֆ Տէրտէրեան լրատուական զանազան աղբիւրներէ քաղուած  համացանցի պատկերներով ներկայացուց անցնող տասնհինգ օրերու գործողութիւններուն ընթացքը, զուգահեռաբար հայկական պետական եւ կրօնական ղեկավարութեան քայլերը` այս տագնապին շուրջ:

Հայաստանի Հանրապետութեան Ժընեւի արտակարգ դեսպանորդ Սաթենիկ Աբգարեան զեկուցեց Քեսապի տագնապին առիթով Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգիսեանի գլխաւորութեամբ կատարուած պետական յարաբերութւններուն մասին`  լուսարձակի տակ առնելով Ազգային ժողովի պատուիրակութեան այցը տագնապահար հայրենակիցներուն:Ան կարեւորութեամբ շեշտեց յառաջիկայ օրերուն զուիցերիահայ գաղութին ցուցաբերելիք օժանդակութեան նախաձեռնելու եւ ցուցական զօրակցութեան մասին:

Հալէպահայ Մաթիկ Էպլիղաթեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Քեսապ գաւառին պատմականը, ազգագրական աւանդը, տոհմիկ կեանքը, աշխարհագրական դիրքը, մարդկային յարանուանական կրթական, գիւղատնտեսական, զբօսաշրջութեան եւ այլ մարզերու մասին:

Քաղաքական իրավիճակին մասին ելոյթ ունեցաւ լրագրող Վիգէն Չիթիրեան` անդրադառնալով տարածաշրջանի մէջ հակամարտ ուժերու եւ միջազգային քաղաքական կացութեան շուրջ, կարծիքներ յայտնելով յառաջիկայ հանգրուանի հայ զանգուածի դիրքորոշումներուն մասին, որուն շուրջ այլ վարկածներով ներկաներէն ոմանք  յայտնեցին իրենց տեսակէտները եւ մտահոգութիւնները:

Մթնոլորտը կը ցոլացնէր հայ ժողովուրդին այս օրերուն ապրած պատմական եւ քաղաքական ծանր վերիվայրումները, որուն մէկ մանրանկարն էր Ժընեւի հայ գաղութի յիշեալ երեկոն:

Նահատակներու  Հոգեհանգիստ  Եւ  Աղօթք`
Քեսապի Ապահովութեան Համար  

IMG_6042Կիրակի, 6 ապրիլ 2014-ին, Ժընեւի Ս.Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, Ս. պատարագէն ետք, որ մատուցեց Ժընեւի հոգեւոր հովիւ Գուսան վրդ. Ալճանեան, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ սուրիական եռամեայ տագնապի նահատակներու յիշատակին, որոնց շարքին են շուրջ եօթանասուն հայորդիք, որոնք զանազան դժբախտ պատահարներու բերումով  եւ ոմանք ալ զինուորական ծառայութեան ընթացքին զոհուած էին:

Հայր սուրբը իր քարոզին ընթացքին յիշատակեց վերջին տասնհինգ օրերուն պատահած Քեսապի աղէտը եւ անապահովութեան պատճառով Լաթաքիոյ եկեղեցւոյ մէջ ապաստանած մեր հայրենակիցներուն վիճակը` որպէս հետեւանք թրքական բարբարոսութեան եւ վրէժխնդրութեան, որ հայ ժողովուրդէն 1915 անմարդկային ոճիրներուն եւ ցեղասպանութեան համար ներողութիւն խնդրելու փոխարէն` անամօթաբար կը շարունակէ իր ընթացքը` ի տես համայն մարդկութեան, մասամբ քաջալերուած անոր լռութենէն: Աղօթելով առ բարձրեալն Աստուած` հայր սուրբը մաղթեց մեր հայրենակիցներու շուտափոյթ վերադարձը իրենց հայրենի բնօրրանը:

***

Տեղին է յիշել, որ նոյն օրը Արմէն սրկ. Մելքոնեանի կողմէ կարդացուեցաւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Ա. կաթողիկոսին հայրապետական տնօրինութեան գիրը, որով 1 ապրիլ 2014 թուականէն սկսեալ  Գուսան վրդ. Ալճանեան կը նշանակուի Ժընեւի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ եւ Զուիցերիոյ հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ:

Շնորհաւորական իր խօսքին մէջ եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդին, դպրաց դասուն եւ ժընեւահայութեան անունով սարկաւագը յաջողութիւն մաղթեց հայր սուրբին:

Իր կարգին յուզումնալից ոճով Գուսան վարդապետ գոհունակութիւն յայտնելով` վերահաստատեց իր երեսուն տարիներ առաջ կատարած ուխտը Հայաստանեայց եկեղեցւոյ ծառայութեան անդաստանէն ներս:

Գուսան վարդապետ ծնած է Սասուն, 1965-ին, նախակրթութիւնը ստացած է Կ. Պոլսոյ Էսաեան-Գարակէօզեան վարժարանին մէջ, ապա մեկնած է Երուսաղէմ, ուր կրօնական կրթութիւնը աւարտելէ ետք, 1983-ին, Եղիշէ պատրիարքի օրհնութեամբ եւ Կ. Պոլսոյ հայոց պատրիարք Գարեգին արք. Գազանճեանի ձեռամբ աբեղայ ձեռնադրուած է, մինչեւ 2013 թուական ծառայած է Երուսաղէմի Ս. Յակոբայ վանքին մէջ, վարած է տնօրէն ժողովի քարտուղարի եւ միաբանութեան աւագ թարգմանի պաշտօնները, ան հմուտ է եկեղեցական երաժշտութեան եւ հայ եկեղեցւոյ շարականներու:

                                              ԹՂԹԱԿԻՑ

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES