Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Օպաման Բազմաթիւ Վկայակոչումներ Լսեց «Շօա»-ի Ձեռնարկին

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

Ընթացիկ տարուան 7 մայիսին Լոս Անճելըսի «Հայաթ ռիճընսի սենչըրի փլազա» պանդոկին մէջ մասնակցեցայ շատ տպաւորիչ բարեսիրական ձեռնարկի մը` նուիրուած 20-ամեակին Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի «Շօա» հիմարկին, որ կը հաւաքագրէ Հրէական ողջակիզումը, հայոց, Քամպոտիոյ եւ Ռուանտայի ցեղասպանութիւնները եւ 1937 թուականի Նանճինի կոտորածէն վերապրածներու եւ ականատեսներու վկայութիւնները:

«Օսքար» մրցանակի դափնեկիր եւ միջազգայնօրէն յայտնի բեմադրիչ Սթիվըն Սփիլպըրկ «Շինտլըրզ լիսթ» շարժապատկերի նկարահանումներէն ետք ստեղծեց այս հիմարկը` Ողջակիզումէն վերապրածներու եւ այլ ականատեսներու անձնական տուեալներու հաւաքագրման եւ պահպանման նպատակով: 2006 թուականին «Շօա» հիմնարկը մաս կազմեց Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին եւ այժմ հոն պահպանուած են 52 հազար տեսագրուած վկայութիւններ` 58 երկիրներ ներկայացնող, 34 լեզուներով: Անիկա իր տեսակին մէջ մեծագոյն արխիւն է ամբողջ աշխարհի մէջ:

Ձեռնարկին կը մասնակցէր նախագահ Օպամա, որ արժանացաւ «Մարդկութեան դեսպան» բարձր պարգեւին: Մասնակիցներուն մէջ էին նաեւ` Սամուէլ Ճեքսըն, Օքթաւիա Սփենսըր, Պարպրա Սթրէյսընտ, Լիամ Նիսըն եւ Պրուս Սփրինկսթին. վերջինս մեկնաբանեց իր «Աւետեաց երկիր» եւ «Պար մթութեան մէջ» երկու յուզիչ երգերը:

2010-ին Հայկական շարժապատկերի հիմնարկը եւ Ճ. Մայքըլ Յակոբեան ստորագրեցին պատմական համաձայնագիր մը «Շօա» հիմնարկին հետ` Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներու եւ ականատեսներու տեսահարցազրոյցներու թուայնացման, պահպանման եւ տարածման համար: Անցեալ ամիս հայկական վկայութիւններու 400 թուայնացուած պատճէններ յանձնուեցան «Շօա» հիմնարկի Տեսողական պատմութեան եւ կրթութեան ուսումնարանին: 2015-ի ապրիլ 24-ին, Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով, հայկական վկայութիւնները, թարգմանուելէ, ենթախորագիրներու տեղադրումէն եւ ցուցակագրումէն ետք, Ողջակիզումի եւ միւս ցեղասպանութիւններու ականատեսներու տուեալներուն հետ մատչելի պիտի դառնան 30 երկիրներու 50 հաստատութիւններուն մէջ (ներառեալ` Միացեալ Նահանգներու Ողջակիզումի թանգարանին մէջ):

Մօտ 100 ամերիկահայեր մասնակցեցան 7 մայիսի ձեռնարկին` «Շօա»-ի մէջ հայկական հաւաքածոյի համար հաւաքելով աւելի քան 100 հազար տոլար: Երեկոյին ընթացքին բազմաթիւ յիշատակումներ եղան Հայոց ցեղասպանութեան մասին: Սփիլպըրկ առաջինն էր, որ յայտարարեց «Շօա»-ի արխիւներուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան վկայութիւնները ներառելու ծրագիրին մասին: Մասնակիցներուն ուշադրութեան յանձնուած տեսերիզին մէջ ցուցադրուեցան Ճ. Մայքըլ Յակոբեանի, Ցեղասպանութենէն վերապրած Փոլ Անտոնեանի եւ հայ բռնագաղթուածներու շարք մը լուսանկարներ: «Շօա»-ի հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Սթիվըն Սմիթ նոյնպէս խօսեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին` ներկայացնելով Եւնիկէ Սալիպեանը` Ցեղասպանութենէն վերապրած 100-ամեայ կինը, Այնթապէն: Երեկոյին հիւրընկալած կատակերգու Քոնան Օպրայընը ամպիոնէն տիկին Սալիպեանը ներկայացնելէ ետք, ձեռնարկի աւարտին մօտեցաւ անոր սեղանին եւ լուսանկարուեցաւ անոր հետ:

Սալիպեան, իբրեւ պատուաւոր հիւր, նստած էր հոլիվուտեան յայտնի դէմք Քիմ Քարտաշեանի կողքին: Յաջորդ օրը Քարտաշեան ընկերային ցանցին վրայ տեղադրեց Սալիպեանին հետ իր լուսանկարը` հետեւեալ գրութեամբ. «Ինծի համար մեծ պատիւ է ներկայ գտնուիլ «Շօա» հիմնարկի երեկոյին` Հայոց ցեղասպանութեան վկայութիւններու հաւաքագրման աջակցութեան համար: Ես նստած եմ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած 100-ամեայ ամենաոգեշնչող կնոջ կողքին»: Քանի մը օրուան ընթացքին անոր տեղադրած արձանագրութիւնը ստացաւ 400 հազար «լայք», գրեթէ 5 հազար մեկնաբանութիւններ «Instagram»-ի վրայ եւ 110 հազար «լայք»` անոր Դիմատետրի էջերուն վրայ:

Հակառակ երեկոյին ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ ամպիոնէն հնչած բազմաթիւ յիշատակումներուն` նախագահ Օպաման իր 18 վայրկեան տեւած ելոյթին մէջ որեւէ ուղղակի յղում չըրաւ հայերու կամ Հայոց ցեղասպանութեան մասին, ոչ ալ կ՛ակնկալուէր, որ պիտի ընէր: Սակայն Օպաման անուղղակիօրէն վկայակոչեց Ողջակիզումէն բացի այլ ցեղասպանութիւններ` առանց զանոնք նշելու.

«Ես կ՛ուզեմ առանձնայատուկ խօսք ուղղել այս երեկոյ մեր կողքին գտնուող վերապրածներուն` ոչ միայն Ողջակիզումէն, այլեւ ինչպէս Սթիվընը (Սփիլպըրկ) նշեց, միւս աներեւակայելի ոճրագործութիւններէն վերապրածներուն»:

«Եթէ «Շօա»-ն վերապրածներու յիշողութիւնները մեզի կը սորվեցնեն բան մը, ուստի պէտք է ըսել, որ լռութիւնը չարիքի մեծագոյն դաւադիրն է: Եւ մեզմէ իւրաքանչիւրէն կախեալ է Ողջակիզումի որեւէ հերքման խստագոյն դատապարտումը»:

«Դո՛ւք (Սփիլպըրկ), վաւերագրած էք ոչ միայն Ողջակիզումի փորձառութիւնը, այլ նաեւ` անկէ առաջ եւ ետք տեղի ունեցած վայրագութիւնները…. Ձեզի եւ «Շօա» հիմնարկի բոլոր մարդոց, նաեւ այն աշխատանքին համար, զոր կատարած էք` լուսաւորելով վկայութիւններու յաւերժական կրակը, որ կարելի չէ մարել եւ մերժել, կը յայտնենք մեր խորին երախտագիտութիւնը»:

Հայերը կարիք չունին ճնշելու Օպաման, որպէսզի ան բացայայտօրէն վկայակոչէ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Միացեալ Նահանգներու այլ նախագահ մը` Ռոնալտ Ռիկըն 1981-ի ապրիլ 22-ի իր նախագահական հռչակագիրով արդէն ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Անհրաժեշտ չէ Միացեալ Նահանգներու իւրաքանչիւր նախագահէն յամառօրէն պահանջել ամէն տարի նոյն բանը ճանչնալ: Նախագահ Օպաման պէտք է Հայոց ցեղասպանութիւն եզրը օգտագործէ ոչ թէ հայ ժողովուրդի սիրոյն համար, այլ իր սեփական պատիւը փրկելու` կատարելով այն լուրջ խոստումը, զոր տուած էր իբրեւ նախագահական թեկնածու: Միայն անկէ ետք ան կրնայ իսկապէս արժանի ըլլալ «Մարդկութեան դեսպան»-ի բարձր կոչման:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

Share this Article
CATEGORIES