Գերմանական Ֆութպոլ. Պայէրն Միւնիխ Տուպլէ Մը Իրագործեց

1705bayern-munichՇաբաթ, 17 մայիսին տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի ճակատումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան երկրին երկու անուանի կազմերը` Պայէրն Միւնիխ եւ Պորուսիա Տորթմունտ:

Պայէրն, որ արդէն իսկ բաւական առաջ ապահոված էր ախոյեանութեան տիտղոսը, յաջողեցաւ տուպլէ մը իրագործել, երբ երկարաձգման ընթացքին 2-0 արդիւնքով յաղթեց իր մրցակիցին: Արժեն Ռոպեն (107-րդ) եւ Թոմաս Միւլըր (120-րդ) նշանակեցին մարզիչ Եոսիփ Կուարտիոլայի կազմին կոլերը:

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող միջազգային յառաջապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ դաշտ ներկայացած էր հիմնական կազմին հետ, առաջինն էր, որ փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:

Share this Article
CATEGORIES