Ուրֆայի Եկեղեցին` Լքուած Ու Ախոռի Վերածուած


Թուրքիոյ Ուրֆա նահանգի (Եդեսիա) հայկական Գերմուշ (Կամուրջ) գիւղի հայկական եկեղեցին, որ 2 տարի առաջ զբօսաշրջային կեդրոն յայտարարուած էր, կը շարունակուի անխնայ թալանի ենթարկուիլ անյայտ անձերու կողմէ:
Ըստ թրքական Yeniurfagazetesi կայքին, Գերմուշ գիւղի բնակիչները անհանգստացած են, որ 1895 թուականին հայերու կողմէ կառուցուած եկեղեցին 1915-էն ետք բախտի քմահաճոյքին յանձնուած է:
Թէեւ եկեղեցին զբօսաշրջային կեդրոն յայտարարուած է եւ 2013-ին` յատուկ մաքրութեան ենթարկուած, սակայն ան կը շարունակէ մնալ գանձագողերու թիրախը:
Գիւղի բնակիչները նշած են, թէ նախորդ տարի լուր տարածուած էր, որ եկեղեցին կ՛օգտագործուի որպէս ախոռ, որմէ ետք իշխանութիւնները որոշ ժամանակ ուշադրութիւն դարձուցած են եկեղեցիին եւ ապա` դարձեալ մոռցած:
CATEGORIES Հայ Դատ

