Սեբաստիոյ Հայկական Գիւղի Գերեզմանատունը Թուրք Գանձախոյզներու Թիրախ

sep-1Մայիս 16-ին Սեբաստիոյ Քանկալ գիւղաքաղաքի Պոզարմութ գիւղի հայկական հին գերեզմանատունը օր ցերեկով թուրք գանձախոյզներու թիրախ դարձած է: Ըստ տեղական աղբիւրներու, գանձախոյզները գերեզմանատան տարածքը պեղելու թոյլտուութիւն ստացած են շրջանի գաւառապետէն:

Պեղումներուն համար օգտագործուած է հողափոր մեքենայ: Քանի մը օրերու վրայ երկարող «տքնաջան» աշխատանքէ ետք, գիւղի նախկին հայ բնակիչներուն գանձերը փնտռող թուրքերը ձեռնունայն հեռացած են: Նկարներուն մէջ կարելի է նկատել, թէ հողը փորող մեքենան որքան խորութեամբ փորած է գետինը: Հայոց նախկին գերեզմանատունը այժմ վերածուած է երթեւեկութեան հողէ ճանապարհի:

1915-էն առաջ գիւղին մէջ գործած է Ս. Սարգիս եկեղեցին, որ այժմ բնակարանի վերածուած է:

Ներկայիս գիւղը ունի 147 բնակիչ:

sep3

sep-2

 

 

 

 

 

 

sep-4

 

Share this Article
CATEGORIES