Արուեստի Աշխարհէն. Ձախէն Դիտուած Դիմանկարներու Արուեստն Ու Գիտութիւնը
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ԻՆՉՈ՞Ւ ԴԻՄԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՄԱՐԴԻԿ ԸՆԴՀԱՆՐԱՊԷՍ ՁԱԽ ԿՈՂՄԷՆ ՊԱՏԿԵՐՈՒԱԾ ԵՆ: www.lastwordonnothing.com ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ՍԱՄ ՔԻՆ ԿՈՒ ՏԱՅ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ԵՒ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ. ԴԷՄՔԻՆ ՁԱԽ ԵՒ ԱՋ ԿՈՂՄԵՐԸ Կ՛ԱՐՏԱՑՈԼԵՆ ՈՒՂԵՂԻՆ ԱՋ ԵՒ ՁԱԽ ԿԻՍԱԳՈՒՆԴԵՐՈՒՆ ՅԱՏԿԱՆԻՇՆԵՐԸ, ՀԵՏԵՒԱԲԱՐ Կ՛ԱՐՏԱՅԱՅՏԵՆ ՏԱՐԲԵՐ ԶԳԱՑՈՒՄՆԵՐ:

Ամերիկացի գեղանկարիչ Լուիս Պեթցի դիմնակարը` ձախէն նկարուած (գործ` Ուիլիըմ Մերիթ Չէյսի):
Եթէ ջղագէտներ կարենային ընտրել գաղափար մը եւ զայն արձակէին դէպի մեր համաստեղութեան հեռաւոր ծայրամասերը, բազմաթիւ ընտրանքներ պիտի ունենային: Ոմանք հաւանաբար պիտի ընտրէին այն գաղափարը, թէ` կարելի է ուղեղի նկարներու վրայ «կարդալ» մարդոց ճաշակներն ու նախասիրութիւնները, նոյնիսկ` քաղաքական գաղափարաբանութիւնները: Ուրիշներ պիտի ընդդիմանային «ջղային նոր կապեր հաստատելու» (նիւրոփլասթիսիթի) կամ «այլոց վարմունքին հայելին դառնալու» ուղեղին կարողութեան որեւէ ակնարկութեան: Տակաւին ուրիշներ շատ գոհ պիտի մնային, եթէ չխօսուէր «տրամաբանող» ձախ ուղեղին եւ «գեղարուեստական» հակումով աջ ուղեղին հակասութեան մասին, կամ` ուղեղին երկու կիսագունդերով միաժամանակ մտածելու եւ ստեղծագործական կարողութիւնը լաւագոյնս օգտագործելու յատկութեան: Ի վերջոյ` ո՞վ տեղեակ է այս բոլորին:
Այսուհանդերձ, երբեմն հակադարձը կրնայ շատ հեռու երթալ: Մանաւանդ վերոնշեալ վերջին ընտրանքին պարագային իրապէս ամօթ է, որ կեղծ հոգեբանութեան հաւատալով` մարդիկ հրաժարած են ուղեղին աջ եւ ձախ կիսագունդերուն հրաշալի աշխարհը պեղելէ: Ուղեղին երկու կիսագունդերը իրապէ՛ս օժտուած են տարբեր շնորհներով: Թերեւս կարելի է չափազանցել տարբերութիւնները, սակայն անոնք իրապէ՛ս զարմանահրաշ պատուհան մը կը բանան դէպի ուղեղին կտրած եղափոխութեան ճանապարհը եւ կը բացատրեն որոշ վիճակներու մէջ անոր գործելակերպը. օրինակ` այլոց դէմքին վրայ զգացումներ կարդալու կարողութիւնը:
Պահ մը նկատի ունեցէք այս էջով տրուած կէս ժպտուն եւ կէս խոժոռ դիմագիծերը: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը բառացիօրէն կէս ուրախ է եւ կէս տխուր: Սակայն ակնդիրին դիտանկիւնէն` իւրաքանչիւր դէմքին ձախ կողմի զգացումն է, որ կը գերիշխէ եւ կ’որոշէ զգացական ընդհանուր տրամադրութիւնը:
Երկու ձեւով կարելի է բացատրել այս: Առաջին` ուղեղին տարբեր մասերը իրարու կապուած են տարբեր ձեւերով. աջ կիսագունդը կը ղեկավարէ մարմնին ձախ մասը եւ` հակառակը: Հետեւաբար, ինչ որ տեղի կ’ունենայ մեր տեսադաշտին ձախ կողմը, կ’արձագանգէ ուղեղին աջ կիսագունդին մէջ: Երկրորդ` ուղեղին աջ կիսագունդը աւելի լաւ կը ճանչնայ դէմքերը: Երրորդ` ուղեղին աջ կիսագունդը նաեւ կը գլխաւորէ զգացումներու գործընթացը: Պէտք է նշել, թէ ուղեղին ձախ կիսագունդը եւս կրնայ կատարել դէմքերու եւ զգացումներու առնչուած գործընթացներ, սակայն` ոչ նոյնքան լաւ: Հետեւաբար մարդիկ ընդհանրապէս առաջին ակնարկով «ճշմարիտ» զգացումներու արտայայտութիւնը կը տեսնեն դէմքի մը ձախ կողմին վրայ: Այս առումով, եթէ անձի մը լուսանկարը կիսենք եւ իւրաքանչիւր կէսը դիտենք անջատաբար, ապա սովորաբար կը մտածենք, թէ տուեալ անձը աւելի «ի՛նքն» է դէմքին ձախ կողմէն դիտուած, քան` աջ:
Արուեստագէտներ երկար ժամանակ օգտագործած են ձախ եւ աջ կողմերու այս անհաւասարութիւնը` աւելի աշխուժ դիմանկարներ պատկերելու համար: Ընդհանրապէս աւելի արտայայտիչ է անձի մը դէմքին ձախ կողմը, այսինքն` այն կողմը, որ կը ղեկավարուի ուղեղին աջ կիսագունդին կողմէ, ուր տեղի կ՛ունենան զգացումներու կապուած գործընթացները: Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու արուեստի թանգարաններուն մէջ կատարուած վիճակագրութիւններ ի յայտ բերած են, թէ դիմանկարներու մէջ պատկերուած տղամարդոց 56 առ հարիւրը եւ կիներուն 68 առ հարիւրը կը դիտէ պաստառին ձախ կողմը: Եգիպտոսի եւ Ճափոնի մէջ եւս վիճակագրութիւններ ի յայտ բերած են, թէ դիմանկարներուն մեծամասնութիւնը կը դիտէ պաստառին ձախ կողմը: Կարելի է ըսել, թէ պաստառին աջ կողմը դիտելու կամ ուղիղ նայելու հաւանականութիւնը 33 առ հարիւր է:
Վերջերս կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ի յայտ բերած է շատ աւելի ուժեղ կողմնակալութիւն մը` խաչելութեան տեսարաններու մէջ, որոնք Քրիստոսը կը պատկերեն խաչին վրայ: 550 պատկերումներու աւելի քան 90 առ հարիւրին մէջ Քրիստոս կը նայի դէպի ձախ, հետեւաբար ակնդիրը աւելի կը տեսնէ անոր դէմքին ձախ կողմը: Հաւանաբար պատճառը այն է, թէ ժխտական զգացումները, վախի, ցաւի եւ տառապանքի առնչուող զգացումները շատ աւելի հակամէտ են արտացոլալու դէմքին ձախ կողմին վրայ:
Յատկանշական է, որ նման կողմնակալութիւններ արձանագրուած են անկախաբար արուեստագէտներուն ձախլիկ կամ աջլիկ ըլլալէն: Յստակ չէ, թէ արդեօք պատճառը դիմանկարուած անձերուն իրենց աւելի արտայայտիչ ձախ կողմը ցոյց տալու նախընտրութի՞ւնն է, թէ արուեստագէտներ իրե՛նք աւելի հետաքրքրական կը նկատեն անձի մը դէմքին ձախ կողմը պատկերելը: Սակայն յայտնապէս այս կողմնակալութիւնը տիեզերական է: Ուսումնասիրութիւն մը ի յայտ բերած է, թէ երեւոյթը ներկայ է նոյնիսկ երկրորդական վարժարաններու տարեգիրքերու լուսանկարներուն մէջ: Դէպի ձախ դիրքը արուեստագէտին նաեւ առիթ կու տայ պատկերուած անձին ձախ աչքը կեդրոնացնելու պաստառին վրայ: Այս դիրքով անոր դէմքին մեծ մասը կը յայտնուի պաստառին ձախ կողմը, ուր դէմքով համակուած ակնդիրին ուղեղին աջ կիսագունդը պատրաստ է քննելու զայն:

Ալպըրթ Այնշթայինի դիմանկարը` աջէն նկարուած (գործ` Ուիլիըմ Փասթեռնաքի):
Այսուհանդերձ, դիմանկարչութեան այս «ձախակողմեան» հակումին դիմաց գոյութիւն ունին որոշ բացառութիւններ, որոնք ինքնին խօսուն են: Իր ձախ եւ աջ ձեռքերով հաւասար վարպետութեամբ ստեղծագործող Լէոնարտօ տա Վինչի յաճախ խախտած է աւանդութիւնը եւ գծած է դէպի աջ դիտող դիմանկարներ: Սակայն հաւանաբար անոր ամէնէն դասական գործին` «Մոնա Լիզա»-ի դէմքը կը դիտէ ձախ: Այլ բացառութիւններ են ինքնանկարները, որոնք յաճախ կը դիտեն աջ: Արուեստագէտներ սովորաբար ինքնանկարներ կը գծեն` իրենք զիրենք դիտելով հայելիին մէջ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ անոնց դէմքին ձախ կէսը կը պատկերուի պաստառին աջ կողմը: Հետեւաբար այս «բացառութիւնը» կրնայ ինքնին հաստատել կողմնակալութեան գոյութիւնը: Եւ ի վերջոյ, այլ ուսումնասիրութիւն մը ի յայտ բերած է, թէ ականաւոր գիտնականներ, գէթ անոնք, որոնց դիմնակարները գծուած են Անգլիոյ Ռոյըլ Սոսայըթիին համար, սովորաբար կը դիտեն աջ: Թերեւս անոնք պարզապէս նախընտրած են աւելի գրաւիչ թուիլ եւ նուազ զգացական, այսինքն` մարմնաւորել գիտնականներու յատուկ «բանապաշտ» նախատիպարը:
Ի տարբերութիւն դիմանկարներու` արուեստը ընդհանրապէս դէպի ձախ կողմնակալութիւն ցոյց չի տար, գէթ ոչ` բոլոր մշակոյթներուն մէջ: Արեւմտեան գեղանկարչութեան մէջ այսպէս կոչուած հայեացքի գիծը, այսինքն` այն գիծը, որուն բնական ձեւով կը հետեւի աչքը, յաճախ կ’ուղղուի ձախէն աջ: Արեւելեան Ասիոյ արուեստը պեղող ուսումնասիրութիւններ ի յայտ բերած են, թէ այս գիծը յաճախ կ’ուղղուի աջէն ձախ, յար եւ նման` այս շրջանին մէջ ընթերցանութեան սովորութեան: Նմանօրինակ կողմնակալութիւն մը գոյութիւն ունի թատերասրահին մէջ. Արեւմուտքի թատերասրահներուն մէջ հազիւ վարագոյրը բացուի` հանդիսատեսներ սպասումով կը նային դէպի ձախ: Չինաստանի թատերասրահներուն մէջ հանդիսատեսներ կը թեքին դէպի աջ:
Որոշ բաներու մէջ (օրինակ` դիմանկարներ) ձախէն աջ թեքումի նախընտրութեան, սակայն այլ բաներու մէջ (օրինակ` բնանկարներ) անոր բացակայութեան պատճառը հաւանաբար պէտք է փնտռել մարդկային եղափոխութեան ժառանգութեան մէջ, անասնական մակարդակի վրայ: Անասուններ շատ ապահով կերպով կ’անտեսեն ձախէն աջ թեքումի տարբերութիւնները իրենց շրջապատին մէջ. տեսարան մը եւ անոր արտացոլացումը առաւել կամ նուազ չափով նոյնն են անասուններուն համար, ինչ կը վերաբերի ուտելիքի, սեռի եւ ապաստանի: Նոյնիսկ խելացի եւ զանազանող անասուններ, ինչպէս` առնէտներ, որոնք կրնան դիւրութեամբ քառակուսին զանազանել քառանկիւնէն, չեն կրնար իրարմէ տարբերել պատկեր մը եւ անոր արտացոլացումը:
Իսկ մարդ արարածը, որ կարելի չէ ըսել, թէ անասուն չէ, կրնայ նոյն ձեւով անգիտանալ ձախի եւ աջի տարբերութիւններուն, նոյնիսկ` իր սեփական մարմնին պարագային: 1800¬ական տարիներուն ռուսական բանակի մարզիչներ այնքա՛ն յոգնած էին անգրաճանաչ գիւղացիներուն բացատրելէ ձախի եւ աջի տարբերութիւնները, որ զինուորագրեալներուն մէկ ոտքին յարդ կը կապէին, միւսին` խոտ, ապա կը գոռային. «Յա՛րդ, խոտ, յա՛րդ խոտ», որպէսզի անոնք հաւասար քայլերով տողանցէին: Նոյնիսկ Սիկմընտ Ֆրոյտի եւ Ռիչըրտ Ֆէյնմանի նման հանճարներ դժուարութիւն ունեցած են աջը զանազանելու ձախէն: Ֆրոյտ բան մը յիշողութեան մէջ պահելու համար գրելու արագ շարժում մը կը կատարէր աջ ձեռքով: Իսկ Ֆէյնման կը նայէր իր ձախ ձեռքին վրայ խալի մը: Հռչակաւոր է Կէօթէի դէպի աջ նայող դիմանկարը, որ զայն կը պատկերէ երկու ձախ ոտքերով, իսկ Փիքասօ յայտնապէս ուսերը կը թօթուէր անհոգ, երբ իր գործերը սխալմամբ կը տպագրուէին ծուռ եւ ստորագրութիւնը կը կարդացուէր հակառակ կողմէն:
Հետեւաբար ինչո՞ւ մարդիկ կը նկատեն ձախի եւ աջի տարբերութիւնները: Մասամբ` դէմքերու պատճառով: Մարդը ընկերային արարած մըն է, եւ անոր երկկողմանի ուղեղին պատճառով` անոր դէմքին աջ կողմի ժպիտը նոյն ձեւով չարտացոլար, ինչպէս դէմքին ձախ կողմի ժպիտը: Գրելն ու կարդալը եւս ունին իրենց դերը: Գրաճանանչ դառնալէ առաջ մանուկներ յաճախ կը շփոթեն լատինական S եւ N տառերը, որովհետեւ անոնց ուղեղը կարողութիւնը չունի զանազանելու զանոնք: Անգրաճանաչ արհեստաւորներ, որոնք միջնադարուն փայտէ կողքեր կը պատրաստէին գիրքերու համար, կ՛անճրկէին նոյն հարցով. անոնց դրոշմած սխալ տառերը թեթեւ ու հաճելի երանգ մը կու տան լատինական ձեռագիրներուն: Միայն հետեւողական վարժութենէ ետք է, որ գրելն ու կարդալը մեզի կը յիշեցնեն, թէ այս տառերը ի՛նչ ձեւով կ՛ոլորուին:
Կարելի է շատ հեռու տանիլ ուղեղին աջ եւ ձախ կիսագունդերուն տարբերութիւնները: ճիշդ չէ այն ենթադրութիւնը, թէ ուղեղին մէկ կիսագունդը կը կատարէ խօսելու եւ զգացումները գործընթացէ անցընելու աշխատանքը, իսկ միւսը պարզապէս շարժման մէջ կը դնէ անոր ջղային կապերը: Յայտնապէս արուեստագէտներ իրե՛նք չեն յաջողած վերծանել ջղագիտական նրբութիւնները: Անոնք կը ստեղծագործեն բնազդով: Սակայն հրաշալի է տեսնել, թէ ինչպէ՛ս գեղարուեստական բնազդը եւ գիտական միտքը կը ներդաշնակուին խելացի ձեւով: Պատճա՞ռը. ուղեղին աջ կիսագունդը ստեղծագործ է, իսկ ձախը` բանապաշտ: Կարելի է ըսել, թէ ամբողջ ուղեղը կ՛աշխատի միաժամանակ:

