Թրքական Համալսարանի Հայոց Լեզուի Ամպիոնէն Վեց Շրջանաւարտ
Թուրքիոյ Կեսարիա քաղաքի Էրչիյէս համալսարանի հայոց լեզուի եւ գրականութեան ամպիոնը այս տարի առաջին շրջանաւարտները պիտի տայ: Հիմնադրման առաջին տարին` 2010-ին, այս բաժինը ընդունած էր 6 ուսանող, իսկ այժմ հետաքրքրութիւնը կ՛աճի: Այս մասին կը յայտնէ թրքական «Հապերլեր» լրատուական կայքը: Էրչիյէս համալսարանի արեւելեան լեզուներու ամպիոնի ղեկավար Կէօքսել Թիւքիոզի կարծիքով, հայոց լեզուի եւ գրականութեան բաժնի բացումը ռազմավարական քայլ է, հակառակ այն իրողութեան, որ այդ հարցին գծով բաւական ուշացած են:
Թիւքիոզը շրջանաւարտներու աշխատանքային հաւանական վայր նշած է թրքական պատմագիտական ընկերութիւնը եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, որոնք հայերէնին տիրապետող մասնագէտներու կարիք ունին:
CATEGORIES Հայ Դատ

