3000 Թուրքեր Հոլանտայի Մէջ Բողոքի Ցոյց Կը Կատարեն Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Տեղադրման Առթիւ

Almelo_3000Յունիս 1-ին Հոլանտայի Ալմելօ քաղաքի Հայոց ցեղասպանութեան նորաբաց յուշահամալիրի տարածքին մօտ հարիւրաւոր թուրքեր հաւաքուած էին` բողոքելու Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանի տեղադրման դէմ, որուն բացումը տեղի ունեցած էր ապրիլ 24-ին: Ըստ ոստիկանութեան տուեալներուն, մօտաւորապէս 3000 թուրքեր երկրի տարբեր վայրերէ ժամանած էին ցոյցի: Ցոյցը կազմակերպուած էր Հոլանտայի թրքական լոպիական կազմակերպութեանց կողմէ:

Թուրք ցուցարարները պահանջած են քանդել յուշարձանը: Հոլանտական մամուլը կը յայտնէ, թէ Ալմելոյի քաղաքապետարանը չէ ընդառաջած թուրքերու այս պահանջին, որովհետեւ համապատասխան լիազօրութիւններ չունի. յուշահամալիրի կառուցման թոյլտուութիւնը կատարուած է պատշաճ, իսկ յուշարձանը կը գտնուի Ալմելոյի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ պատկանող հողատարածքին մէջ:

almelo_Houshartsan

Share this Article
CATEGORIES