Անտիոքի, Ալեքսանտրեթի Եւ Մուսա Լերան Հայերը

Մուսալեռցիները Փոր Սայիտի մէջ

Մուսալեռցիները Փոր Սայիտի մէջ

Պատմաբան Օսման Քէօքերի նոր նախաձեռնութեամբ բացուած էր բացիկներու նոր ցուցահանդէս մը, որ կը ցոլացնէր հարիւր տարի առաջ Անտիոքի, Ալեքսանտրեթի եւ Մուսա Լերան հայերու կեանքն ու ազգային հաստատութիւնները: Օսման Քէօքեր, ինչպէս նախորդ ցուցահանդէսներուն, այս անգամ ալ կ՛օգտագործէ Օրլանտօ Քարլօ Քալումենոյի բացիկներու անօրինակ կերպով ճոխ հաւաքածոն: Ցուցահանդէսը արդէն մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է:

Այս առիթով Օսման Քէօքերի հիմնած «Պիր զամանլար եայընճըլըք» մատենաշարէն լոյս տեսաւ նոր հատոր մը, որ հարուստ է ո՛չ միայն ցուցահանդէսի ընթացքին ցուցադրուած բացիկներու նկարներով, այլ նաեւ` Անտիոքի, Ալեքսանտրեթի եւ մանաւանդ Մուսա Լերան մասին պատմական տեղեկութիւններով: Օսման Քէօքեր այս կերպով դարձեալ շատ կարեւոր նպաստ ու ծառայութիւն մը կը բերէ հայ մշակոյթին ու անցեալին: Ան շատ խղճամիտ կերպով պատրաստած ու գրի առած է այդ բնաշխարհին մէջ գտնուող քաղաքներուն ու հայերուն մասին պատմական տեղեկութիւններ, անոնց անգլերէն զուգահեռ թարգմանութիւններով: Օրինակ, հետաքրքրական է կարդալ, որ հայերը առաջին անգամ Անտիոք եկած են Ք. Ա. 83-64 թուականներուն, Մեծն Տիգրանի առաջնորդութեամբ: Յաջորդող դարերու ընթացքին այդ տարածքին մէջ հայերը երբեմն բարգաւաճած են, երբեմն նահանջած են` ըստ քաղաքական վերիվայրումներու: Քէօքեր այս պատմութիւնը կը բերէ մինչեւ մեր մօտիկ անցեալը ու մանրամասնօրէն կը պատմէ նաեւ տեղահանութեան ընթացքին մուսալեռցիներու դիմադրութիւնը, ապա` անոնց ֆրանսական նաւերով տեղափոխուիլը:

Օսման Քէօքեր

Օսման Քէօքեր

Գիրքին ետեւի կողքին վրայ կայ յուզիչ հատուած մը: Կը կարդանք. «Ասկէ մօտաւորապէս հարիւր տարի առաջ այսօրուան Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ կային աւելի քան հազար գիւղեր, որոնց բնակչութիւնը ամբողջովին կամ մեծ մասամբ հայերէ կը բաղկանար: Այսօր միայն մէկ գիւղ մնացած է: Վագըֆլը գիւղը: Այս գիրքը պատրաստուեցաւ Վագըֆլը գիւղի պատմութեան վրայ լոյս սփռելու նպատակով, բայց վերջին հաշուով երեւան եկաւ Ալեքսանտրեթի, Անտիոքի ու Մուսա Լերան հայերուն պատմութեան մասին լայն ուսումնասիրութիւն մը»:

 

Share this Article
CATEGORIES