Ըստ «Ֆորպզ»-ի Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարանը Այցելութեան Արժանի Ինը Թանգարաններու Կարգին Է
Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած Ծիծեռնակաբերդի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը ընդգրկուած է ամերիկեան հեղինակաւոր «Ֆորպզ» ամսագիրին հրապարակած այցելութեան արժանի ինը յուշակոթողներու ցանկին մէջ: Ըստ «Ֆորպզ»-ի` մայիս 21-ին Նիւ Եորքի մէջ այցելուներուն համար առաջին անգամ ըլլալով իր դռները կը բանայ 11 սեպտեմբերի ահաբեկչական յարձակման զոհ դարձած մարդոց յիշատակին նուիրուած թանգարանը:
Թանգարանը արդէն մէկ շաբաթէ ի վեր բաց է ահաբեկչական յարձակման պատճառով սպաննուածներուն հարազատներուն համար: Այս առնչութեամբ ամսագիրը անդրադարձած է աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ կառուցուած այլ ութ յուշակոթողներու, որոնք նուիրուած են ողբերգութիւններու եւ աղէտներու ընթացքին սպաննուած մարդոց յիշատակին` փորձելով պարզել, թէ այդ համալիրները ի՛նչպէս կը գործեն այսօր: Այդ ութ յուշակոթողներն են` Ողջակիզումի թանգարանը Երուսաղէմի մէջ, Ջրային աղէտներու թանգարանը Խրիմի մէջ, Չեռնոպիլի թանգարանը` Քիեւի մէջ, «Կուլակ»-ի թանգարանը Մոսկուայի մէջ, Խաղաղութեան յուշահամալիր-թանգարանը Հիրոշիմայի մէջ, «Թայթենիք Պելֆասթ» թանգարանը, Ափարթէիտի թանգարանը Ճոհանեսպուրկի մէջ:
Երուսաղէմի «Եատ Վաշեմ» թանգարանը հիմնադրուած է Բ. Համաշխարհային պատերազմէն քիչ անց` 1953 թուականին եւ Իսրայէլի օրէնսդիր մարմինին` Քնեսեթի որոշումով: Թանգարանի հաւաքածոյին մէջ ընդգրկուած են Ողջակիզումի զոհերուն պատկանող անձնական իրեր, փաստաթուղթեր եւ արուեստի գործեր:
Ջրային աղէտներու թանգարանը բացուած է 2009 թուականին եւ կը գտնուի Մալոռեչենսքոյէ գիւղին մէջ: Անիկա նուիրուած է ջրային տարերքի զոհ դարձած նաւաստիներուն, ձկնորսներուն եւ ուղեւորներու յիշատակին: Ներսէն թանգարանը խորտակուած նաւու տեսք ունի, ցուցանմուշները տեղադրուած են անկանոն կերպով` նպատակ ունենալով այցելուներուն մօտ ջուրի յատակը գտնուելու տպաւորութիւն ստեղծել:
Չեռնոպիլի թանգարանը նուիրուած է 20-րդ դարու մեծագոյն մարդկային աղէտին: 1992-ին բացուած թանգարանին մէջ աւելի քան 7000 ցուցանմուշ կայ` լուսանկարներ, գաղտնի փաստաթուղթեր, լրատուական հրապարակումներ, Չեռնոպիլի տարածքին մէջ եղած իրերու օրինակներ:
Մոսկուայի «Կուլակ»-ի թանգարանը նուիրուած է «Ճամբարներու եւ կալանավայրերու գլխաւոր վարչութեան» կողմէ ղեկավարուող զանգուածային բռնի ազատազրկման եւ կալանաւորման վայրերու բանտարկեալներուն: Թանգարանը բացուած է 2001-ին: Աշխատակիցները մինչեւ օրս կը շարունակեն նիւթերու հաւաքագրումը:
1955 թուականին Հիրոշիմայի մէջ բացուած է Հիրոշիմայի եւ Նակազաքիի ռմբակոծման յիշատակին նուիրուած Խաղաղութեան յուշահամալիր-թանգարանը: Թանգարանային հաւաքածոն կը պատմէ հիւլէական պայթիւնին ունեցած հետեւանքներուն մասին: Խաղաղութեան յուշահամալիր-թանգարան այցելութիւնը ներառուած է Ճափոնի դպրոցական ծրագիրին մէջ:
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը բացուած է 1995-ին` Օսմանեան կայսրութեան ղեկավարութեան կողմէ ծրագրուած եւ իրականացուած Հայոց ցեղասպանութեան 80-ամեակին առիթով: Թանգարանին մէջ մնայուն կերպով կը ցուցադրուին փաստաթուղթեր, վաւերագրական արժէք ունեցող լուսանկարներ, բազմատեսակ նիւթեր, որոնք կ՛արտացոլացնեն միջազգային հանրութեան վերաբերմունքը Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ:
Նշանաւոր «Թայթենիք» նաւու զոհերուն նուիրուած «Թայթենիք Պելֆասթ» թանգարանը (Հիւսիսային Իրլանտա) աշխարհի մէջ մեծագոյնը կը նկատուի: Թանգարանը կառուցուած է այն վայրին մէջ, ուր ժամանակին կառուցուած էր «Թայթենիք»-ը: Թանգարանին շէնքը նաւու ձեւ ունի:
Ճոհանեսպուրկ քաղաքին մէջ գտնուող Ափարթէյտի թանգարանը կառուցուած է բանտի օրինակով եւ կը ներկայացնէ 1948-1994 տարիներուն այդ պետութեան որդեգրած ցեղային հալածանքներու քաղաքականութիւնը: Այցելուներուն կ՛առաջարկուի իրենց մորթին վրայ զգալ ցեղային անհաւասարութիւնը. թանգարանի մուտքին երկու տեսակի տոմս կը վաճառուի` սպիտակամորթներուն եւ սեւամորթներուն համար: Խորքին մէջ տոմսերը կը տրուին անկախ այցելուներուն ցեղային պատկանելիութենէն, սակայն տոմսին համապատասխան` այցելուները տարբեր մուտքերով կ՛առաջնորդուին թանգարան:

