Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Հոգեւոր տրամադրութիւն պիտի ունենաք, բարեգործութեամբ օգտակար պիտի ըլլաք կարիքաւոր բարեկամի մը` առանց անոր զգացնելու ձեր գերակայութիւնը:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Դատական հարցի մը համար հաւանաբար դիմեն ձեր վկայութեան: Արդար կեցուածքը պայման է, եթէ նոյնիսկ մեղադրեալը ձեր բարեկամն է: Ճշմարտութիւնը արտայայտեցէք: Պիտի ունենաք հոգեկան խաղաղութիւն:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ծառայութիւն մը պիտի խնդրուի ձեզմէ, ընդառաջեցէք` առանց երկմտութեան եւ առանց փոխադարձը ակնկալելու: «Բարիք ըրէ, ծովը նետէ» խօսքին հետեւեցէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Արուեստի մասին հետաքրքրութիւն մը պիտի արտայայտէք: Ձեր փափաքը գոհացնելու համար այցելեցէք ցուցահանդէս մը կամ թատրոն դիտեցէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Կատարուած սխալին անդրադառնալը օգտակար մտադրութիւն է, սխալը կրկնելը` անմտութիւն: Անդրադարձէք այս երկու կէտերուն եւ խոհեմ եղէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Գլուխ գլխի հանդիպում մը պիտի ունենաք համակրելի անձի մը հետ: Ձեր կարծիքները արտայայտեցէք առանց վարանումի: Պիտի լսեն ձեզ ուրախութեամբ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Փոխանակ քննադատելու ուրիշները` ջանացէք նոյն սխալը չկրկնել: Եղէք տէրը ձեր խոստումին, վճարեցէք ձեր մասնավճարները` առանց ուշանալու:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր լսած գաղտնիքը պահեցէք ձեզի: Երկրորդ անձի մը լսելը տեղի պիտի տայ անհամ կացութեան մը: «Բերնէ բերան, կ՛ըլլայ գերան» չըլլայ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Հետեւեցէք յատուկ սննդականոնի մը, որպէսզի աւելորդ ճարպերէն կարենաք ձերբազատիլ: Ուժ տուէք բանջարեղէնի եւ պտուղի: Շատակերութիւնը հիւանդութիւն է:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Միշտ ըսուած է, թէ մարզանքը մարմնին ջերմուժն է: Եթէ կ՛ուզէք բարեձեւ ըլլալ, հետեւեցէք կանոնաւոր մարզաձեւի: Առատ ջուր խմեցէք, կը զօրանաք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր «այո»-ն «այո» եւ «ոչ»-ը ոչ թող ըլլայ: Ձեր միտքը մի՛ փոխէք որեւէ խոստումէ ետք: Վճռական եղէք եւ ոչ` փոփոխամիտ: Այսպիսով կը յարգուիք ամէնուն կողմէ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Վերջին օրերուն յաւելեալ գումարներ ծախսած էք, հետեւաբար առաջքը առէք այս մսխումին, որպէսզի ամսուան վերջաւորութեան նիւթական տագնապ չունենաք:

