50 Տարի Առաջ (17 Յունիս 1964)

Հատուածներ Նեհրուի Կտակէն

Մեծ հայրենապաշտ եւ փիլիսոփայ Փանտիտ Նեհրուի մահով Հնդկաստան կորսնցուց ոչ միայն քաղաքական անփոխարինելի դէմք մը, այլ` իմացական բացառիկ կարողութիւններով օժտուած մարդ մը:

Նեհրուի հայրենապաշտութիւնը ի յայտ կու գայ իր կտակէն, գրուած` այնքան զեղուն զգացումներով եւ ներշնչումով, որոնցմով կը բնորոշուի մարդը եւ հայրենապաշտը անոր մէջ:

Քանի մը հատուածներ` այդ կտակէն, բաւական են հաստատելու վերեւի բնութագրումները.-

«Հնդիկ ժողովուրդը ինծի մատուցեց այնքան սէր եւ նուիրաբերում, որ ի՛նչ ալ ընեմ, ամենափոքր չափով իսկ չեմ կրնար հատուցել: Հատուցում չի կրնար ըլլալ այնքան թանկարժէք բանի մը համար:

«Ամենայն անկեղծութեամբ կը յայտարարեմ, թէ մահէս ետք ինծի համար չեմ ուզեր, որ կրօնական որեւէ արարողութիւն ըլլայ: Չեմ հաւատար այդօրինակ սրբազան արարողութեանց:

«Երբ մեռնիմ, կ՛ուզեմ, որ մարմինս կիզուի հոն եւ աճիւններս ուղարկուին Ալլահապատ: Ափ մը աճիւն թող նետուի Գանգէս գետին մէջ: Այս փափաքս կրօնական որեւէ նշանակութիւն չունի: Մանկական տարիքէս հոգեպէս կապուած այդ գետին հետ: Եւ որքան մեծցայ, նոյնքան մեծցաւ նաեւ սէրս Գանգէսի հանդէպ: Հնդկական նախադարեան քաղաքակրթութեան խորհրդանիշն է այս գետը, որ միշտ կը փոխուի, միշտ կը հոսի, բայց միշտ կը մնայ նոյն Գանգէսը:

«Հնդկական անցեալին խորհրդանիշը եւ յիշատակ մըն է ինծի համար Գանգէսը, որ կը վազէ ներկայի մէջէն եւ կը հոսի դէպի ապագայի մեծ ովկիանոսը:

«Հպարտ եմ այն ժառանգութիւնով, որ մերն էր եւ է՛ այսօր ալ: Ունիմ այն գիտակցութիւնը, ինչպէս ունինք բոլորս ալ, թէ օղակն եմ շղթայի մը, որ կը սկսի պատմութեան արեւածագէն, Հնդկաստանի անյիշատակելի անցեալէն: Պիտի չկտրեմ այդ շղթան, զոր կը յարգեմ իբրեւ գանձ եւ որմէ կը ստանամ ներշնչումս:

«Եւ իբրեւ վկայութիւն, եւ իբրեւ յարգանքի վերջին տուրքս Հնդկաստանի իմացական ժառանգութեան, կ՛ուզեմ, որ աճիւնէս ափ մը նետէք Գանգէսի մէջ:

«Բայց աճիւններուս մեծագոյն մասը կ՛ուզեմ, որ ուրիշ կերպ գործածուի: Կ՛ուզեմ, որ սաւառնակով վեր հանուի եւ ցանուի դաշտերուն մէջ, հոն, ուր կը տքնին Հնդկաստանի գիւղացիները, որպէսզի խառնուի հնդկական փոշիին եւ հովին հետ եւ անբաժանելի մասը դառնայ Հնդկաստանի»:

 

Տոմսեր

Երանի՜ Ձուկերուն…

Բազմաթիւ միութիւններ կան Ամերիկայի մէջ` առաւել կամ նուազ հետաքրքրական, երբեմն` առաւել կամ նուազ տարօրինակ:

Այս վերջիններէն, այսինքն տարօրինակներէն մէկն է… «Թռչուն դիտողներու միութիւնը», որուն անդամները առաւօտ կանուխ կ՛արթննան, ծառախիտ վայրեր կը փութան եւ… կը դիտեն թռչուններու կեանքն ու գործունէութիւնը:

Վերջերս ասոնց վրայ աւելցած է նոր միութիւն մը… «Ձուկ դիտողներու միութիւն», որուն նպատակն է հետեւիլ ձուկերու կեանքին ու գործունէութեան, ճշդել այն պայմանները, որոնց մէջ կ՛ապրին անոնք, եւ, ի հարկին, քաջալերել ու զօրացնել ձուկերու տեսակները:

Մայամիի համալսարանին կից գտնուող ջրագիտութեան հաստատութեան մը անդամներէն Ուիլիըմ Սթիւընս կը նկատուի հիմնադիրը այս նոր միութեան: Ան տարիներով հետեւած է զանազան ջուրերու մէջ ապրող ձուկերու կեանքին եւ հետեւեալ կերպով կը ներկայացնէ իր եզրակացութիւնները.

– Ձուկը հանդուրժողական ոգի ունեցող ընկերային անասուն մըն է, որ կը համակերպի մարդոց ընկերութեան, պայմանաւ որ երկար չմնան իր քով եւ պարբերական` կարճատեւ այցելութիւններ միայն տան իրեն: Մասնաւորաբար կը դժգոհի, երբ շատ մօտենանք այն ջուրերուն, ուր իր բոյնն է հաստատած:

«Ձուկը բարդ անհատականութիւն մը ունի. զայն լաւ ճանչնալէ ետք շատ փափաք չէք զգար ո՛չ զայն որսալու, ո՛չ ալ ուտելու», կ՛եզրակացնէ «ձուկ դիտող» Սթիւընսըն…

Այս բոլոր տեղեկութիւնները հաղորդելէ ետք լրագրող մը, իր կարգին, կ՛եզրակացնէ.

– Նախագահ Ճոնսըն պատերազմ յայտարարեց այս երկրին մէջ` աղքատութեան դէմ. սակայն տակաւին ո՛չ մէկ ընկերութիւն կազմուած է… աղքատները դիտելու համար:

Ձուկերը դիտելու շուրջ ստեղծուած հետաքրքրութիւնը կը խորացնէ մեր մէջ այն համոզումը, թէ ապագան միայն ձկնագիտութեան կը պատկանի:

Մինչեւ որ գետերո՜ւ, ծովերո՜ւ եւ ովկիանոսի՜ ձուկերուն հետ կապուած հարցերու քննութիւնը չլրանայ, դժուա՜ր թէ կարելի ըլլայ լուծել մարդկութեան հարցերը:

ԳԻՍԱՒՈՐ

 

 

Share this Article
CATEGORIES