Սիրվարդ Աղբրկէնը
ՏԻՐՈՒԿ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Անսալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին «Տարեցներու տարի» կոչին` որոշեցի այցելել ու զրոյց մը ունենալ Սիրվարդ Աբելեանին հետ, որուն հանդարտաբարոյ բնաւորութիւնը եւ կեանքին պարգեւած ուրախ կամ տխուր պատահարները իմաստութեամբ դիմագրաւելու աննկուն կեցուածքը մեծապէս տպաւորեր էին զիս:
Սիրվարդ աղբըրկէնը (եղբօր, հօրեղբօր կամ մօտիկ ազգականի կին) անհամբեր կը սպասէր ինծի, համաձայն գտնուած էր հանդիպումին եւ հարցազրոյցին: Արամ Ա. հայրապետի «Տարեցներու տարի», «Հայ կնոջ տարի», «Հայ դպրոցի տարի» կոչերուն ծանօթ էր արդէն, ուրախ էր, որ կարգը վերջապէս եկած էր իրեն նման ալեհերներուն, առ այդ, պատրաստ էր հարցազրոյցին: Արդարեւ, ամբողջ հարցազրոյցի ընթացքին ան անվարան եւ ինքնավստահ լուսաբանութիւններով հարստացուց մեր տեսակցութիւնը:
Ծնած եմ Քեսապի Քէօրքինա գիւղը, 1925 փետրուար 20-ին: Այդ տարիներուն Քեսապի ժողովուրդը նոր վերադարձած էր «միւհարճիրլիք»-էն (տեղահանութիւն), մեր մանկութեան շրջանին մենք` փոքրերս, խաղի կամ ճաշի ժամանակ, անվերջ իրենց տխուր պատմութիւնները մտիկ կ’ընէինք, ու իրենց հետ մենք ալ ակամայ կու լայինք առանց շատ հասկնալու պատահածներէն: Կը յիշեմ` յաճախ կը պատմէին, որ մեծ հայրս` իրեն հետ իր հացը բաժնող թիւրքմէն բարեկամները մորթեր էին:
Մեր գիւղի բնակիչները ընդհանրապէս Աւետարանական եկեղեցւոյ կը պատկանէին: Մեր գիւղին մէջ կար աւետարանական համայնքին պատկանող դպրոց եւ գիւղի բոլոր պզտիկները նոյն դպրոցը կ’երթային, բայց վերջը բաժնուեցան, երիտասարդ տղաք, ամուսիններ, կուսակցական եւ լուսաւորչական դարձան, նոր դպրոց շինեցին եւ մեր գիւղին մէջ, այսպէս, քով քովի 2 դպրոց եղաւ: Ես քանի մը տարի աւետարանական վարժարան գացի, բայց մօրս հիւանդութեան պատճառով, հակառակ իմ կամքիս, զիս հանեցին դպրոցէն, ու ես շատ փոքր տարիքիս խնամեցի հիւանդ մայրս ու տէր եղայ քոյրերուս եւ եղբօրս:
Մօրս մահէն ետք հայրս ուզեց դարձեալ ամուսնանալ, ու այդ պատճառով զիս ալ ամուսնացուցին, համագիւղացի երիտասարդի մը հետ: Այո՛, կը ճանչնայի զինք: Մեր թաղէն էր, ես 14 տարեկան էի, ինքն ալ` 18-ը: Շատ ուրախ էինք միասին. այո՛, կ’օգնէր, բարի եւ աշխատասէր էր ան: Մեր գիւղի տղամարդիկը ընդհանրապէս շատ լաւ կը վարուէին ու կը յարգէին իրենց կիները:
Մենք արտեր ունէինք, անասուններ, ձի եւ կով: Մօտակայ գիւղերէն թիւրքմէն հողագործներ կու գային, մեր արտերը կը մշակէին, կ’օգնէին մեր գործերուն: Ժամանակին, Քեսապի կարգ մը տղամարդիկը արհեստաւորներ էին ու ամրան շրջանին ամիսներով կ’երթային շրջակայ գիւղերը աշխատելու: Վերադարձին, ձմրան պաշար կը բերէին, դրամը քիչ էր, բայց հացահատիկներով կը վարձատրուէին:
Գիւղին մէջ իմ օրս կը սկսէր շատ կանուխ: Առտու կանուխ կը վազէի աղբիւր ու պաղ ջուր կը բերէի, մածունը կը խնոցէի կարագը հանելու համար:
Յետոյ կովը կը տանէի դաշտ, կը կապէի ծառին, եւ երկու անգամ կ’երթայի տեղը փոխելու եւ ջուր տալու: Ձմեռը անասունները եւ մենք ներսը կը մնայինք, կրակին կը ծառայէինք, կիները ընդհանրապէս գեղեցիկ ձեռագործներ եւ հիւսքեր կ’ընէին: Դժուար էր գիւղացիին կեանքը: Ծխախոտի եւ ցորենի բերքը բաւարար չէր: Գարնան անձրեւի պակասը կ’ազդէր ցանքին, այդ պատճառով մերինները սկսան խնձորի ծառեր տնկել: Շուտով ամբողջ Քեսապի շրջանին մէջ շատցան խնձորի պարտէզները, ու խնձորի բերքը բարեբեր եւ շահաբեր դարձաւ ամբողջ Քեսապի ժողովուրդին համար:
Ներգաղթի ժամանակ 13 տուն Հայաստան գացին: Հայրս ու երկու քոյրերս ալ գացին Հայաստան, ես մնացի մինակ, չորցած ճիւղի նման, առանձին էի: Տարիներ վերջ 1968-ին այցելեցի Հայաստան, տեսայ քոյրերս, ուրախ ու շէն ընտանիքներ կազմեր էին: Հայրս մահացած էր արդէն: Անշուշտ կ՛ուզեմ դարձեալ երթալ Հայաստան: Ցեղասպանութեան 100-ամեակի առթիւ փափաքս է երթալ հայրենիք: Կ’ըսեն` շատ փոխուած է:
Մեր գիւղին մէջ կը գործէր Կարմիր խաչը: Բարեգործականներն ալ ունէին իրենց «շիրքեթը» (միութիւնը): Քեսապի մէջ կար գրադարանը, ես յաճախ գիրքեր բերել կու տայի: Առաջին գիրքը, որ կարդացեր եմ, Րաֆֆիի «Ոսկի աքաղաղը»-ն էր, տարիներ վերջը սինեման տեսայ Պէյրութի մէջ:
Դժբախտաբար խաչուհի չեմ եղած, ընտանեկան պարտականութիւններս առիթը չեն տուած, բայց կը գնահատեմ իրենց գործը, գիտեմ` շատ լաւ գործ կ՛ընեն հոս` Քեսապ, ամէն տեղ: Մեր համագիւղացիներն ալ մեծապէս կը գնահատեն իրենց տարած գործը: Այո՛, կը կարդամ եւ շատ հետաքրքրական կը գտնեմ ՀՕՄ-ի «Լրատուն»:
Քիչ մը կարդալ սորված էի դպրոցին մէջ, բայց վերջը մոռցայ: Աւելի ուշ նկատեցի, որ եկեղեցւոյ մէջ, հաւատացեալները Սուրբ Գիրք կը կարդային, հոգեւոր երգեր կ’երգէին գիրքը բռնած: Որոշեցի կարդալ սորվիլ, հեգելով, տքալով սկսայ ամէն օր Սուրբ Գիրք կարդալ, ու այսպէս նորէն կարդալ սորվեցայ: Շատ գիրքեր կարդացած եմ ու մինչեւ այսօր «Հորիզոն» շաբաթաթերթը կը կարդամ:
Վերջնականապէս գիւղը ձգեցի 1988-ին ու եկայ Քանատա միանալու աղջկանս` Անայիսին ընտանիքին: Փոքր տղաս տակաւին կ’ապրի Քեսապ, ուրախ էր, նորոգած էր տունը, մեծ տղան վերադարձած էր բանակէն, բայց ան հիմա անձկութեամբ եւ յոյսով կը սպասէ իր տղուն` Խաժակի վերադարձին, որ մէկուկէս տարի առաջ սուրիական բանակին մէջ ծառայած ատեն գերի բռնուեցաւ ու տակաւին կը մնայ անյայտ` հակառակ բանակի եւ մեր առաջնորդարանի փնտռտուքներուն:
Մեծ տղաս` Ճորճը, կանուխ մեկնեցաւ այս աշխարհէն: Փոքր տարիքէն ան Այնճար գնաց ուսանելու, զուիցերիացի միսիոնար քոյր Հետվիկի դպրոցը: Ճորճը դարձաւ ուսուցիչ, մտաւորական, գրեց բազմաթիւ գիրքեր: Այո՛, ես կարդացած եմ իր բոլոր վէպերը` «Աննա հարսը», «Ցկեանս Նահատակութիւն», «Աբարիկ, ափիկ մը ջուր», «Մաքարոնի թիլէկ թիլէկ» եւ ուրիշներ: Ճորճը 14 տարեկան էր, երբ գրեց «Հելէ հելէ հելէ Քեսապ» գիրքը, ցեղասպանութեան մասին գրած գիրքերու մէկ մասը թարգմանուած են անգլերէնի եւ արաբերէնի, բայց պէտք է թարգմանուին նաեւ թրքերէնի, անշուշտ այս գործերը նիւթականի կը կարօտին:
Անշուշտ կը սիրեմ Քանատան, թոռնիկներս հոս են: Առաջ ամէն կիրակի Ս. Յակոբ եկեղեցի կ’երթայի, հիմա դժուար է այլեւս, բայց կը կարդամ եկեղեցւոյ գունաւոր թերթիկները, շատ հետաքրքրական են: Անշուշտ կը փնտռեմ ու կը կարօտնամ Քեսապը, իմ գիւղս, թոնիրի պանիրով մեր հացը, բկեղը, պտուղները, հարազատներս: Վերջին տարիներուն Քեսապը շատ փոխուած էր, ալ աղքատութիւն չկար, պանդոկներ, սրճարաններ, գեղեցիկ տուներ: Բայց կարծես բարգաւաճիլ չի վայլեր հայուն: Հիմա շատ մտահոգ եմ, ե՞րբ պիտի վերջանայ այս պատերազմը:
Խրա՞տ, ի՞նչ խրատ տամ երիտասարդներուն, իրենք ամէն բան գիտեն, կը կարդան, կը լսեն, անոնք խրատի կարօտ չեն:
Ամբողջ մեր խօսակցութեան ընթացքին Սիրվարդ աղբըրկէնը հանդարտութեամբ եւ ողջմտութեամբ պատասխանեց հարցումներուս: Լաւ յիշատակներ ժպիտով մը կը լուսաւորէին իր մաշած դէմքը: Բախտաւոր կը նկատէր ինքզինք, շրջապատուած էր սիրելիներով եւ կ’արժանանար անոնց գուրգուրանքին եւ հոգատարութեան: Բայց, մերթ ընդ մերթ հեռուն սեւեռած նայուածքը, մտածկոտ դէմքը, ու անակնկալ լռութիւնը կը մատնէին իր հոգիի սուր թախիծը: Գիւղը, իր սիրելի Քեսապն ու Քէօրքիւնէն, անապահով վիճակի մէջ էին այսօր ու իր զինուոր թոռնիկը` 25-ամեայ Խաժակը տակաւին կը մնար անյայտ ու կորսուած:
Ապրիլ 2014

