Գասպար Իփէկեան
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ

Գասպար Իփէկեան
Հանդէսներու եւ զանազան ձեռնարկներու հրաւէրներուն զուգահեռ, այս օրերուն կարելի է տեսնել, նո՛յն թերթին մէջ եւ նո՛յն օրուան համար, երեք-չորս թատերական ներկայացումներու ծանուցումներ: Բոլորն ալ արուեստի նոյն մակարդակը չունին թէեւ, բայց կարելի է հաստատել բոլորին յատուկ երեւոյթ մը. լե՛փ-լեցուն սրահներ: Աննախընթաց է պատկերը Պէյրութի համար: Կը պատահի, որ մարդիկ ճամբայ ելած ըլլան, մասնաւոր նախասիրութեամբ, զաւեշտի մը ներկայ ըլլալու, բայց կիշէն փակ տեսնելով` մեկնին ուրիշ թատրոն մը, ուր… ողբերգութիւն մը կը տրուի. «Անգամ մը դուրս ելանք, գիշերը պարապ չանցընենք», եւ այնտեղ եւս տեղ չգտնեն, յուսախաբ` տուն դառնան:
Հեքիաթ չէ: Ասիկա այսպէս է եւ բոլորին տեսածն է: Վստահօրէն կարելի է հաստատել, թէ թատրոնը հայ կեանքին մէջ այլեւս գրաւած է իր պատուոյ տեղը: Վերջին չորս-հինգ տարիներուն է, որ թատերական բեմը թափ առաւ այստեղ, այսպէս, առաւելաբար շնորհիւ երիտասարդ ուժեր` Վարուժան Խտըշեանի եւ Գրիգոր Սաթամեանի աշխուժ գործունէութեան, չմոռնալով անշուշտ վաստակաւորներ Ժորժ Սարգիսեանը եւ Պերճ Ֆազլեանը, որոնց շատ բան կը պարտին առաջին երկուքը: Այս ուրախալի երեւոյթին ի տես` փորձառութիւնը մեծ է, որպէսզի մենք ալ յիշենք մեր… թատերական անցեալը:
Եւ ինչո՞ւ ոչ: Ուզողը ուզածին չափ խնդայ: Պէյրութահայ թատրոնին վեթերաններէն մէկն է, որ կը խօսի:
* * *
Գասպար Իփէկեանը Եգիպտոսէն Պէյրութ ժամանած է: Որպէս ազգային գործի՞չ: Ո՛չ: Որպէս ուսուցի՞չ: Ո՛չ: Որպէս մայիս 28-ի բանախօ՞ս: Ո՛չ: Եկած է հանգամանքով մը, պաշտօնով մը, որ զինք կը դասէ հանրապետութեան նախագահէն հազիւ թէ աստիճան մը վար եւ նախարարներէն բաւական բարձր տեղ մը:
Հասկնալու համար` պզտիկ բացատրութիւն մը: Երեսունական թուականներուն Լիբանանի կառավարութիւնը փորձ մը ըրաւ ծխախոտի մենաշնորհը Ռեժիին ձեռքէն առնելու, եւ սիկարեթի վաճառումը ազատ ասպարէզ յայտարարուեցաւ: Փորձը երեւի յաջող դուրս չեկաւ, որովհետեւ քանի մը տարի ետք մենաշնորհը վերահաստատուեցաւ ու կը տեւէ մինչեւ այսօր: Բայց միջանկեալ այդ մէկ-երկու տարիներուն ահռելի մրցադաշտ մը դարձաւ Լիբանանը սիկարեթի անհամար ընկերութիւններուն միջեւ, առասպելական մեծ դրամագլուխներով: Զիրար կոխկռտող մեծ կամ պզտիկ բազմաթիւ այդ վաճառանիշերուն մէջտեղ, ծանր հրետանին, անմրցելիօրէն վիթխարի եգիպտական սիկարեթի «Մաթոսեան ընկերութիւն»-ն էր, որուն տնօրէնն է ահա Գասպար Իփէկեանը:
«Մաթոսեան ընկերութիւն» ըսելով` մի՛ անցնիր, եւ Լիբանանի իր տնօրէնին առջեւ ալ պահ մը կեցի՛ր: Պաշտօնական քասքեթով վարորդ, որ պէտք է յարգալիր մեքենային դուռը բանայ տնօրէնին իջած կամ նստած ատեն, հարիւրաւոր պաշտօնեաներ ձեռքին տակ եւ հարիւր հազարաւոր օսմանեան դեղին ոսկիներու մատակարարումը` ձեռքին մէջ: Երեսփոխաններ, նախարարներ ժամադրութեամբ միայն կրնար խօսիլ հետը (եթէ բարեհաճ է ընդունիլ): Կիսաստուած մը, մէկ խօսքով:
Եւ ահա, հասարակ մահկանացուներու անմատչելի այդ մարդն է Գասպար Իփէկեանը, որ կը յայտարարէ, թէ որոշած է բեմադրել Լեւոն Շանթի «Օշին Պայլ»-ը: «Մաթոսեան ընկերութեան» սոսկալի տնօրէնը եւ… հայկական ներկայացում: Ատիկա ճիշդ այն տպաւորութիւնը կը թողու լսողին վրայ, ինչ տպաւորութիւն որ կրնայ գործել այսօր, եթէ ըսուի, թէ «Միտըլ իսթ»-ի տնօրէն շէյխ Ալամէտտինը կամ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Իլիաս Սարգիսը ձեզ կը հրաւիրեն, որ բարի ըլլաք եւ չմերժէք իրենց հետ ճաշ մը ընելու…
Այնպէս որ, երբ լսուեցաւ, թէ Իփէկեանը սիրող դերակատարներու պէտք ունի, վազող վազողի: Պէյրութի ամբողջ աւագանին մէկ օրէն միւսը բեմական կոչում զգաց եւ պատրաստակամ էր բեմ ելլելու «Գասպար Իփէկեանի՜ն հետ»… Ո՞վ չէր ուզեր: Հասուն տարիքի մարդիկ, դիրքի եւ զաւակներու տէր, վաճառական, ուսուցիչ, պաշտօնեայ… Կը յիշեմ մանաւանդ Երուանդ Տարօնեանը (պատկառելի ուսուցիչ), Մելքոն Տէր Մելքոնեանը (յայտնի առեւտրական), Խորէն Սուքիասեանը (նամակատան տնօրէն) ու դեռ քանինե՜ր ու քանիներ:
Խումբը կազմուելու վրայ էր, երբ օր մը Ճեմարան եկաւ: Զբօսանքի մէջ էինք, պարտէզը: Շանթին հետ անկիւն մը կեցած, աշակերտները կը դիտէին` մեկուսի խորհրդակցելով: Յայտնապէս Իփէկեան աչքով ընտրութիւն կ՛ընէր: Աղջիկներուն նայած չունէր: Ուշադրութեան առարկան տղաքն էին: Թեւի լայն շարժում մը ըրաւ եւ գոչեց բարձր.
– Դո՛ւք, երկո՛ւքդ, մօտեցէ՛ք…
Երկու «հաւնուածներէն» մէկը Մուշեղն է, միւսը ես:
– Այս երեկոյ մեզ մօտ կու գաք…
Շանթը գլխու ծանօթ հաստատական շարժումով եւ կոպերու լման փակումով` տուած եղաւ արդէն իր հաւանութիւնը: Իրիկունը գացինք:
* * *
Գասպար Իփէկեանի ընդունելութեան ընդարձակ սրահը: Ո՜վ ըսես չկայ: Ազգային Գաւառական ժողովի նիստ մը ըլլայ կարծէք` դատելով ներկաներու տարիքէն եւ հանդիսաւոր նստուածքէն: Թատրոնին հետ կապ ունեցող եւ սրահին փայլ մը տուող միակ անձը Տիրան Աճեմեանն է, գեղեցիկ, աշխուժ, վառվռուն, արդէն իսկ հռչակեալ դերասան: Միւսները բոլորն ալ եկած են, որ բան մը ընեն «Գասպար Իփէկեանին հետ»: Ներկայացումէն անկախ, .ամէն մէկը իր շրջանակին մէջ պատմելիք պիտի ունենայ, թէ ի՛նչ ըրաւ, ի՛նչ լսեց կամ խօսեցաւ «Գասպար Իփէկեանին հետ»:
Մուշեղին հետ նստած ենք անկիւն մը եւ մտիկ կ՛ընենք Իփէկեանին ընթերցումը: Կը կարդայ փիէսը` իւրաքանչիւր տիպարին յարմարցնելով ձայնին շեշտը եւ դէմքին արտայայտութիւնը: Ժամեր տեւած ընթերցումէն ետք կը սկսի դերերու բաշխումը: Կեդրոնական դէմքը ինքն է` Օշին Պայլը, մրցակիցը` Տիրան Աճեմեանը: Ասոնք ճշդուած են: Միւս դերերը նոր պիտի բաժնուին: Իշխաններ, պալատականներ, զինուորներ:
– Որո՞ւ տանք այս դերը… ո՞վ կ՛ուզէ…
Ամէն նոր առաջարկ մը ընելուն` նշանակալից կերպով մեզի կը նայի, բայց սպասած խանդավառութիւնը չտեսնելով` ուրիշ կողմ կ՛ուղղէ աճուրդը: Դժուարութիւն չունի արդէն: Թեկնածուները շատ են, խլող խլողի: Գրեթէ բոլոր դերերը առնուած են այլեւս, հասած է ամանին յատակը, մանրուքներու կարգը: Վերջապէս Մուշեղին կը յարմարցուի անորոշ, շարքային իշխանի դեր մը: Իշխաններու խումբին հետ ժողովի մը պիտի մասնակցի եւ առանց բերանը բանալու` բեմէն դուրս գայ: Այսքա՛ն: Ես հազարապետն եմ: Դարձեալ խօսք չունիմ: Տիրանին հրամանով բեմ պիտի գամ երկու զինուորներու հետ, Օշին Պայլը պիտի սպաննենք: Ատով պիտի վերջանայ իմ դերս, եւ` փիէսն ալ:
Շաբաթներ տեւող փորձերու ընթացքին բնաւ պէտք չտեսաւ, որ ես կրկնեմ դերս: Այնքան պարզ ու դիւրին էր: Ուրիշներու հետ կը չարչարուէր, կը ջղայնանար, նոյնիսկ կը հայհոյէր երբեմն: Բարեհամբոյր եւ հեզ Իփէկեանը փորձերու ատեն անճանաչելի կը դառնար: Ներկայացումէն առաջ, միայն մէկ անգամ ուզեց, որ ես ալ փորձ մը ընեմ: Տիրանը գոռաց` «Հազարապե՛տ», իսկոյն ներս մտայ երկու զինուորներովս եւ խոնարհութիւն մը ըրի:
– Ախմա՛խ, դուն ներքինի չե՜ս, հազարապե՜տ մըն ես, կը հասկնա՞ս, հազարապետ մը չի խոնարհիր, կը կենայ ա՛յսպէս…
Եւ ցոյց տուաւ: Հասակը ուղիղ, կուրծքը ցայտուն, գլուխը բարձր, ափերը փակած կոնքերուն, պատրաստ` հրաման ստանալու:
– Ա՛յսպէս, հասկցա՞ր:
Հասկցայ: Մեծ բան մը չէր:
* * *
Վերջապէս հասած ենք մեծ օրին: Բեմադրութիւնը տեղի կ՛ունենայ պզտիկ սինեմայի մը մէջ, լաբիւրինթոս փողոցի մը վրայ, ոսկերիչներու շուկան, «Քրիսթալ» անունով: Աւելորդ է ըսել` սրահին վարձքը եւ կողմնակի բոլոր ծախքերը կատարած է ինքը իր գրպանէն:
Գրագէտ Վալադ Վալադեանը բեմավար է այդ օրը: Այսինքն քուլիսին ետեւը աթոռի մը նստած, գիրքը ծունկին` պիտի ազդարարէ, թէ որո՛ւ կարգը կը մօտենայ բեմ մտնելու: Ես կազմ ու պատրաստ եմ: Ոտքէս մինչեւ ծունկերս փաթթած են ափի լայնութեամբ փայլուն դեղին ժապաւէններ, ծունկերս մերկ են, բայց զիստերս առնուած են մոխրագոյն հաստկեկ վարտիքի մը մէջ, ձեռքիս` արծաթէն աւելի փայլուն տախտակէ սուր մը: Թուղթէ սաղաւարտ մըն ալ ունէի, բայց նախորդ օրը ջնջուած էր:
– Զինուորները թող պահեն, բայց հազարապետը պէտք չունի,- ըսաւ Իփէկեան:
Յետոյ առատ եւ անկարգ մազերս ճանկեց, ուժեղ մը ցնցեց գլուխս եւ ըսաւ.
– Այս մացառները կը բաւեն սաղաւարտի տեղ…
Ներկայացումը սկսած է, ու ես կեցած եմ Վալադեանին քով, անհամբեր` բեմ մտնելու:
– Կորի՛ր էստեղից, ուրիշներին խանգարում ես,- քանիցս սաստեց Վալադեանը,- դեռ շատ ժամանակ կայ քեզ համար…
Արդարեւ, ժամը 11:00-ին կը մօտենայ եւ դեռ առաջին արարն է: Բեմին ետեւ ահռելի նեղ է, դերասանները իրարու քսուելով` կը մտնեն, կ՛ելլեն, իսկ ինծի համար դեռ ժամեր կան, վերջին արարին վերջին պատկերն եմ: Խեղճ Վալադեանը մազերը կը փետէ` մէկ կողմէ երթեւեկին հսկելով եւ միւս կողմէ անվերջ զիս վանելով. «Տօ՛, քեզ ո՞վ փորձանք ղրկեց իմ գլխին»:
Այն օրերուն միջնարարի դադարները աւելի երկար կը տեւէին, քան` իւրաքանչիւր արարի գործողութիւնը: Սպասումը եթէ անտանելի էր հանդիսականներուն համար, բաբելոն էր, սակայն, գոց վարագոյրին ետեւ: Աթոռ-սեղան տեղափոխել, նոր արարին բեմայարդարումը պատրաստել` ահռելի ժամանակ կը խլէին: Աննախանձելի կացութիւն մըն էր ինծի համար: Ծուղակը ինկողի վիճակ մը: Հազարապետի հանդերձանքս արգելք էր, որ վար իջնեմ եւ գոնէ սրահէն ներկայացումը դիտեմ, իսկ բեմ մտնելու համար` առջեւս դեռ անվերջանալի ժամեր: Ի՞նչ ընել: Վալադեանը մեղքնալիք էր այլեւս: Սխալմամբ մէկ էջի տեղ երկու էջ դարձուցած էր` խանգարելով մտնողներուն կարգը: Ու թէեւ յաջողած էր իսկոյն շտկել, բայց Իփէկեանին մռլտոցով արձակած թուրքերէն մէկ հայհոյանքը դեռ չէր մարսած: Իրեն մօտենալ կարելի չէր: Բայց ի՞նչ ընել:
Յանկարծ փայլուն գաղափար մը կայծկլտաց ուղեղիս մէջ: Մինչեւ ոտքերս հասնող լայն վերարկու մը գտայ, հագայ, կոճկուեցայ, հակառակ հեղձուցիչ օդին, եւ ծպտումս կատարելապէս ծածկած` նետուեցայ թատրոնէն դուրս: Պուրճի հրապարակին շրջանը ըրի, տեղ մը նստայ, պաղպաղակ կերայ, ուրիշ տեղէ մը սիկարեթ գնեցի, հրապարակին «միւս կողմերն» ալ աչք նետեցի եւ այդպէս, լման ժամ մը մեռցնելէ ետք, դարձայ «Քրիսթալ»:
Երկրորդ արարն էր, իշխաններու ժողովը կը փակուէր եւ մէկիկ մէկիկ դուրս կ՛ելլէին: Յանկարծ, ի՜նչ տեսնեմ: Մուշեղը, ճամբան կորսնցուցած, ճակատի վարագոյրները կը ճանկռտէ ելք մը փնտռելով: Ընդհանուր խնդուք սրահին մէջ, մինչ Մուշեղը յուսահատօրէն կը մաքառի մէկ վարագոյրէն միւսը: Կերպով մը բեմէն կ՛անհետանայ պատուհանէ մը դուրս նետուելո՞վ, թէ՞ դուրսէն քաշուելով, յայտնի չէ: Բեմական իր առաջին եւ վերջին «գործունէութիւնը» պիտի ըլլար ատիկա, ինչպէս` ինծի համար: Թատերական այդ ձախողանքին վրէժը լուծեց, սակայն, Մուշեղ գրական յաջողութեամբ, եւ ի յիշատակ այդ օրուան դերին, պահեց նոյն անունը` Մ. Իշխան:
***
Առաւօտեան ժամը երկուքը կ՛անցնէր, երբ հասաւ կարգս: Վալադեանը, ազատագրումին մօտեցող մարդու գոհունակութեամբ, ըսաւ.
– Դե՜հ, հինգ րոպէից քո կարգն է, տեսնենք հունարդ…
Սկսած էի շտկուիլ եւ շտկել երկու զինուորներս: Թափառումներէս սրունքներուս ժապաւէնները քիչ մը թուլցած էին: Ամրացնելու վրայ էի, երբ զսպանակի պէս բոլորովին քակուեցան: Ամբողջ կծիկը ձեռքիս մէջ, վիրակապի մը պէս, ծայրէն փաթթել սկսած էի, ու դեռ կէսն էի, երբ յանկարծ լսուեցաւ Տիրանին ձայնը.
– Հազարապե՛տ…
Ես դեռ ժապաւէններուս հետն եմ, իսկ Վալադեանը ծոծրակս ճանկած` բեմ կը հրէ…
Սուրը ձեռքս, քանի մը մեթր երկայնութեամբ պոչի պէս ժապաւէնը ետեւէս քաշքշելով բեմ կը մտնեմ եւ անշուշտ… մինչեւ գետին կը խոնարհիմ, մութ սրահին մէջ լսելով խնդուքներ, ժապաւէնիս հաշուոյն, մանաւանդ` վերի լոժերէն…
– Հազարապե՛տ, վե՛րջ տուէք այս մարդու կեանքին,- կը հրամայէ Տիրանը, կամ` ատոր պէս խօսք մը:
Օշին Պայլը նստած է գահի պէս բարձր աթոռի մը վրայ: Կը մօտենանք զինուորներուս հետ, սուրս կը դպցնեմ իրեն: Կը մեռնի: Վարագոյր: Ծափեր: Իփէկեանը անմիջապէս սուրս կը խլէ եւ` զայրացած.
– Ապո՛ւշ, սիրուհիիդ ծաղկեփո՞ւնջ կու տաս, թէ՞ մարդ կը մեռցնես…
Եւ սուրը ձեռքին մէջ ծաղիկի վերածած, ծեքծեքուն, իմ ըրածս ծաղրելու կը պատրաստուի, բայց ժամանակ չ՛ունենար: Վարագոյրը կրկին բացուած է, որոտընդոստ ծափեր, պռաւոներ (ամէնուն տիրապետող «պռաւօ»-ն` Շանթինն է): Փառաւոր յաջողութիւն: Յաղթանակ մը: Իսկ յաջողութեան անվիճելի փաստը, յաղթանակին թագն ու պսակը կ՛ըլլայ այն, որ ներկայացումը… կը կրկնուի՜: Այն օրերուն չտեսնուած բան էր փիէսի մը երկու անգամ խաղցուիլը, «ժողովուրդին բուռն փափաքով»: Հիմա 20-30 անգամ կրկնուիլը սովորական դարձած է: Ո՜ւր էինք, ո՛ւր հասանք:
***
«Օշին Պայլ»-ին երկրորդ շաբաթը կանոնաւոր ընթացաւ: Այլեւս կանուխէն հագուիլ-ծպտուիլ չկայ: Ժապաւէններն ալ անթերի են: Որոշած եմ չխոնարհիլ եւ իրական հազարապետ մը ցոյց տալ հայ ժողովուրդին: Վալադեանն ալ դժգոհելու պատճառ մը չունի ինձմէ: Խելօք մը կեցած` կարգիս կը սպասեմ: Բայց եկուր տես, եթէ թափթփածութիւնը անախորժ է, շատ եռանդուն եւ խանդավառ ըլլալն ան աւելի չ՛արժեր եղեր:
– Հազարապե՛տ…
Մէկ ոստումով բեմն եմ, եւ փոխանակ Տիրանին հրամանին սպասելու, շիտա՛կ Օշին Պայլին վրան, ու կը հարուածեմ, զինուորներուս կարգ չտալով: Եւ տուածս ալ ծաղիկ չէ այլեւս…
Դարձեալ կը մեռնի, վարագոյրը կը գոցուի եւ Իփէկեան ոտքի կը ցատկէ ու կու գայ վրաս.
– Հայվա՛ն, վուր տետիք իսէ էօլտիւր տեմետիք (զարկ ըսինք, մեռցուր չըսինք):
Դարձեալ բացուող վարագոյրը եւ ծափերը փրկեցին զիս: Բայց երբ ամէն ինչ վերջացած էր, վարագոյրը վերջնականապէս իջած` Իփէկեան բացաւ կուրծքը: Տեղ մը, թեթեւ կապոյտ մը կար: Շատեր բեմ եկած էին եւ կը շնորհաւորէին: Շանթը համբուրեց Տիրանը, Իփէկեանը, ուրիշներ: Աղբալեանը ըսաւ.
– Գա՛սպար (Կասպար կը հնչէր), այս անգամին քո մեռնիլը աւելի բնական էր…
Իփէկեանը.
– Բնական չէր, Նիկո՛լ, քիչ մնաց… իրական ըլլար:- Եւ ցոյց կու տար կապոյտ տեղը…
Լսեցի, որ շուրջը զիս կը փնտռէ` անունս տալով, բայց ես քուլիսներուն ետեւն էի: Խենդ պէտք էր ըլլայի աչքին երեւելու համար:
«Օշին Պայլ»-էն Մուշեղը շահեցաւ գրական անուն մը, ես «հայվան» մը, որ գրչանունի յարմար չէր, աւա՜ղ…
Բայց ի՜նչ անուշ մարդ էր, եւ իր զայրոյթները աւելի քաղցր էին, քան` այլոց կեղծ ժպիտները…
10 փետրուար, 1974

