Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբի Հարստութեան Թուայնացում

Գասպար Իփէկեան  Ժորժ Սարգիսեան

Գասպար Իփէկեան                             Ժորժ Սարգիսեան

Սփիւռքահայ թատրերգութեան մէջ  հեղինակութիւն հաստատած  վաստակաւոր բեմադրիչ Ժորժ Սարգիսեանի արխիւի թուայնացման  ծրագիրը  առիթ եղաւ, որ «Ազդակ»  յատուկ նիւթ  պատրաստէ  «Գասպար Իփէկեան»-ի անցած  ուղիին մասին, վաստակաւոր բեմադրիչին ունեցած դրոշմին եւ նոր արխիւի թուայնացման աշխատանքին մասին:

Այս նպատակով ալ դիմեցինք  «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի երկար տարիներու անդամ, արուեստասէր հասարակութեան ծանօթ  եւ Ժորժ Սարգիսեանի գործակիցներէն Պայծառ Գարագաշեանին, ինչպէս նաեւ Ժորժ Սարգիսեանի ընտանիքին մօտիկ բարեկամ եւ անոր արխիւի թուայնացման գաղափարը յղացած Համազգայինի  աշխատանքներուն մէջ մեծ ներդրում ունեցած Սելլա Թնճուկեանին:

Համազգայինի Թատերական Գործունէութիւնը

Համազգայինի Ճեմարանը 1929-ին սկսած էր արդէն իր կրթական առաքելութեան` Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի տնօրինութեամբ: Գասպար Իփէկեանի ներկայութիւնը Համազգայինի կրթական եւ մշակութային միութեան մէջ անխուսափելիօրէն ծնունդ պիտի տար թատերական շարժումի:

Գասպար Իփէկեան, աւարտելէ ետք «Սորպոն» համալսարանի իրաւաբանական բաժինը, կը մեկնի Գերմանիա` ձեռք ձգելու թատերական հմտութիւն, եւ շատ չանցած` յագեցած իր թատերական պաշարով, կը վերադառնայ Թիֆլիս, կը նուիրուի թատերական արուեստին եւ այլազան թատերախաղերով կը խանդավառէ ժողովուրդը:

Հիւրախաղերով կը մեկնի` Պոլիս, Թեհրան, Պաղտատ, Գահիրէ, ստեղծելով թատերական արուեստի մեծ հետաքրքրութիւն: 1930-ին, ընտանիքով կը հաստատուի Պէյրութ, եւ որպէս Համազգայինի մշակութային միութեան հիմնադիրներէն, 1941-ին կը հիմնէ Համազգայինի թատերասէրներու միութիւնը, 18 հոգիներու անդամակցութեամբ:

Միութեան նպատակը կ՛ըլլայ զարկ տալ թատերական արուեստին` որպէս ժողովուրդի դպրոցի, վառ պահելու հայ լեզուի հարազատութիւնը եւ հնչողութիւնը: Մասնաւորաբար` ցոյց տալու հայ փառքերը եւ մշակոյթը, պարզութեամբ եւ բնականութեամբ:

1942 ապրիլին առաջին անգամ ըլլալով խումբը կը բեմադրէ Լեւոն Շանթի «Ինկած բերդի իշխանուհին», Գասպար Իփէկեանի բեմադրութեամբ, ժողովուրդին շնորհելով թատերական արուեստի գերագոյն վայելքը:

1943-ին Իփէկեան կը բեմադրէ Հինիքընի «Պեպեքս»-ը (թարգմանութիւն), 1944-ին Լեւոն Շանթի «Հին աստուածները», որուն բացառիկ խաղարկութեամբ, ժողովուրդին տպաւորութիւնը կ՛ըլլայ խո՛ր, ու արձագանգը` ուժեղ:

1946-ին Իփէկեան անորոշ ժամանակով կը մեկնի Եւրոպա. խումբին ղեկավարութիւնը հերթով կը ստանձնեն տոքթ. Բաբգէն Փափազեանն ու Ժորժ Սարգիսեանը:

 

GeorgeShahabian_BaydzarKarakashian1948-ին տոքթ. Փափազեան կը վերադառնայ Իրաք` անձնական գործով:

Գասպար Իփէկեանի թատերական ըմբռնումները իւրացուցած եւ բեմադրիչի մեթոտներով տոգորուած Ժորժ Սարգիսեան կը ստանձնէ խումբին պատասխանատուութիւնը: 1949-ին, դարձեալ Գասպար Իփէկեանի առաջնորդութեամբ, խումբը կը ներկայացնէ «Հեղեղը» (թարգմանութիւն): 1950-ին «Ժողովուրդի թշնամին» (թարգմանութիւն):

Այս բեմադրութեամբ վերջ կը գտնէ Իփէկեանի թատերական գործունէութիւնը:

Քայքայուած էր արդէն առողջութիւնը, բայց իր երազները թատերական շարժում ստեղծելու` յաջողած:

1952-ին Իփէկեանի մահով Ժորժ Սարգիսեան վերջնականապէս կը ստանձնէ խումբին պատասխանատուութիւնը եւ արժանավայել կերպով կը շարունակէ թատերական աշխատանքը` խումբին անունը կնքելով «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբ:

Ժորժ Սարգիսեան 35 տարի առանց ընկրկումի կը շարունակէ խումբին ղեկավարութիւնը` արուեստի բարձր հասկացողութեամբ եւ հայերէնի ճշգրիտ հնչողութեամբ: Ան կը հանդիսանայ միակ բեմադրիչը Լեւոն Շանթի թատերական ստեղծագործութիւններուն` «Օշին Պայլ», «Հին աստուածներ», «Կայսրը», «Շղթայուածը», «Ինկած բերդի իշխանուհին», «Եսի մարդը»:

Ժորժ Սարգիսեան 35 տարուան ընթացքին ո՛չ միայն կը դառնայ Պէյրութի լաւագոյն դերասանը, դերուսոյցը եւ բեմադրիչը, այլ` ամբողջ սփիւռքի:

Խումբը հիւրախաղերով կը մեկնի` Սուրիա, Իրաք, Իրան, Կիպրոս, Քանատա` Թորոնթօ, Մոնրէալ, ապա Միացեալ Նահանգներ` Ֆրեզնօ, Լոս Անճելըս, Սան Ֆրանսիսքօ, Պոսթըն, Տիթրոյթ, Նիու Ճըրզի, Նիւ Եորք, ապա` Հարաւային Ամերիկա` Արժանթին, Ուրուկուէյ, Պրազիլ:

35 տարուան ընթացքին Գասպար Իփէկեանի խումբին մաս կը կազմեն 235 անձեր, 25 մնայուն անդամներ:

1986-ի սեպտեմբերին Ժորժ Սարգիսեանի մահով վերջ կը գտնէ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը:

Վերջ կը գտնէ նաեւ Գասպար Իփէկեանի հայերէն լեզուի ու հարազատ շեշտն ու արտայայտիչը հանդիսացող թատերական դասական դպրոցը:

Հետեւաբար վերոյիշեալ պատճառներով կը սպասուի, որ ասկէ ետք Համազգայինի թատերական կառոյցները չյիշուին որպէս Գասպար Իփէկեան թատերախումբի շարունակութիւնը, այլ բարեհաճին կոչուիլ Համազգայինի մշակութային միութեան թատերասէրներու տարբեր անուանակոչութեամբ:

ՊԱՅԾԱՌ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ

Պէյրութ, 30 մայիս 2014

 

Թատերական Արխիւներու Թուայնացման
Անհրաժեշտութիւն

Երբ տարիներ առաջ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան մաս կը կազմէի, այն ատեն համացանցը տակաւին նոր մուտք կը գործէր մեր հայ իրականութեան մէջ. հակառակ անոր  որ ոչ մէկ մասնագիտութիւն ունիմ այս մարզին մէջ,  սակայն Համազգայինի  կայք մը ունենալը անհրաժեշտութիւն էր, անյետաձգելի ծրագիր մըն էր եւ այն ատեն դարձաւ իմ գլխաւոր մտահոգութիւնս:

Ջանացինք երիտասարդներու օգնութեամբ ստեղծել Համազգայինի կայք մը. անկեղծօրէն  ըսեմ, որ այն ատեն իմ գլխաւոր մտահոգութիւնս կը կեդրոնանար համալսարանականներու յատուկ ֆորումի մասին տեղեկութիւնները արագ եւ մանրամասն կերպով սփռելու վրայ:

1706_HAMAZKAYIN_012Անշուշտ ծրագիրը այն էր, որ Համազգայինի կայքին մէջ  նաեւ Համազգայինի անցեալի եւ ներկայի բոլոր գործունէութիւնները զետեղել,  ծանօթացնել անցեալը եւ ներկայացնել ներկայ հաստատութիւններն ու գործունէութիւնը:

Ուրեմն ասիկա ընթացք տուաւ, որ Համազգայինի բոլոր գործունէութեանց կարգին Համազգայինի  «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի տարիներու գործունէութեան բաժնի էջադրումը եւս մշակուէր,  իր ոսկեշրջանի արդար արժեւորումը ստանար:  Մասնաւորապէս Համազգայինի գործունէութեան ծիրին մէջ անդրադարձ պէտք է կատարուէր Ժորժ Սարգիսեանի  երկարատեւ տնօրէնութեան շրջանին, զոր շատ պատկերալից ձեւով Պայծառ Գարագաշեանը ներկայացուցած է  իր յօդուածին մէջ:

1706_HAMAZKAYIN_013Տարիներու ընթացքին թատերախումբի երկար գործունէութեան էջը մնաց իր նախնական ձեւին մէջ:

Պատերազմական վիճակի պատճառով մեր բոլոր արխիւները ցիր ու ցան եղած էին, այս բոլորը հաւաքելու, նոթագրելու համար լաւատեղեակ, փորձառու անձերու  ներդրման պակասը կար եւ իրագործելու համար` կայք պատրաստող երիտասարդ ուժերու:

Բարեբախտաբար թատերախումբի երեսնամեակի գիրքը ներկայիս բաւական մանրամասնութիւններ  կը հայթայթէ, սակայն կայք մը հաստատելու համար աւելի թարմ նկարներու եւ յաւելեալ մանրամասնութեանց կարիքը կար:

Քարմեն Տէր Կարապետեանի,  Զեփիւռ Շանթի, Նելլի Մինասեանի զաւակներուն եւ Պայծառ Գարագաշեանի հետ  եղած զրոյցներուն ընթացքին յաճախ այս նիւթով ես իմ մտահոգութիւններս յայտնած եմ եւ որոշ կենսագրականներ, տեղեկութիւններ հաւաքած եւ փոխանցած եմ Կեդրոնական վարչութեան: Տակաւին համացանցի յարմար ամփոփումի աշխատանքը փորձառական շրջանի մէջ է,  որ ինչպէս ըսի, բաւարար նկարներու  եւ բովանդակութեան թարմացման կը կարօտէր:

Նազօ եւ Պայծառ Գարագաշեան ամոլը, կրնամ ըսել, միակ անձերն են, որոնք ո՛չ միայն լաւատեղեակ են Համազգայինի  «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին պատմութեան, այլ նաեւ տարիներու վաստակ ունեցած են խումբին գործունէութեան մէջ ու հետաքրքրուած են անով. այս բոլորէն առաջ` անոնք նախ աւելի գործնական գաղափարով մը հանդէս եկան: Անհրաժեշտ գտան «Տէր Մելքոնեան» սրահը օժտել «Գ. Իփէկեան» թատերախումբին մէջ  տարիներու վաստակ ունեցող  դերասաններու դիմանկարներով, ինչպէս կը տեսնենք արեւմտեան թատերասրահներու մուտքերուն. բան մը, որ շատ արագ կերպով իրագործեցին իրենց նիւթական ներդրումով:

Այդ շրջանին նաեւ  յանկարծ պատահեցաւ անսպասելին:

Այս յաճախակի խօսակցութիւնները զիս հասցուցին Լոս Անճելըս` Ժորժի եղբօր աղջկան` Անժելի, այժմ  Սինանեան, եւ յայտնուեցաւ, որ Անժելի հայրը` Սարգիս Սարգիսեան ո՛չ միայն շատ մեծ դեր ունեցած է «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի գործունէութեան մէջ,  այլ  տարիներու ընթացքին հաւաքած է իր եղբօր` Ժորժին սրբագրութիւնները, թատերական անտիպ գործերը, թարգմանութիւնները, ունի այդ շրջանէն հսկայական արխիւային հարստութիւն մը, որ պահ դրուած է իր մօտ:

Տէր եւ տիկին Սինանեաններու խանդավառութիւնն ալ մեծ եղաւ` տեսնելով, որ Համազգայինը հետաքրքրուած է յուշագրելու, քննելու իրենց հօր Սարգիս Սարգիսեանի կողմէ խնամքով սնտուկներու մէջ պահուած արժէքաւոր նոթագրութիւնները:

Կը մնար գործնականի անցնիլ: Շուշիկ Արսլանեանին եւ Քարմեն Տէր Կարապետեանին յանձնուեցաւ այս արխիւային հարստութեան ուսումնասիրութիւնը եւ ապա` Պէյրութ փոխադրութիւնը:

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան  գրասենեակին հետ համադրուեցաւ, կրկնութիւններ չղրկելու համար, երկուստեք քննել, բաղդատել եւ ընտրել  անոնք, որոնք այս արխիւներէն պէտք էր Պէյրութ փոխադրել:

Այդ աշխատանքը արդէն կատարուած է այսօր եւ այս պահուս, իբրեւ արդիւնք այս հետապնդումին, երկու շատ շինիչ ծրագիրներ  ի գործ դրուեցան:

Կեդրոնական վարչութիւնը  առաջնահերթութիւն նկատեց Ժորժ Սարգիսեանի արխիւներէն  քանի մը հանգրուանով լոյս ընծայել թատերական գիրքեր: Ծրագիրներուն առաջինը, որ ընթացքի մէջ է, պիտի ըլլայ հրատարակել շարք մը Ժ. Սարգիսեանի օտար թատերգութիւններէ կատարած թարգմանութիւնները` տեսակ մը թատերական դասագիրքի ձեւով, որ իբրեւ պատրաստ հում նիւթ պիտի ծառայէ որեւէ հայ թատրոնի բեմադրութեան: Իսկ ապագային դարձեալ իր արխիւներէն պիտի հաւաքուի եւ հրատարակուի մնացեալ  թատերական ծաւալուն աշխատանքը:

Երկրորդը` այս արխիւներու թուայնացնելն է: Չափազանց կարեւոր է Սինանեաններէն Պէյրութ հասած  արխիւներուն մէկ մասը Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ  թուայնացնելը,  որ վերջերս «Ազդակ»-ի կողմէ կը կատարուի:

Մեր զանազան մշակութային հարստութիւնները, հարիւրաւոր հին գիրքերը, ուսումնասիրութիւնները, մտաւորականներու յուշերն ու նամակները, որոնք տարիներէ ի վեր կուտակուած են դարակներու մէջ, եւ որոնք խոնաւութեան, հրդեհի եւ այլ պատճառներով  կրնան շատ դիւրութեամբ փճանալ, հարկ է ամէն գնով եւ ամէնէն արագ միջոցին թուայնացնել:

Իսկապէս շնորհաւորելի է  այս նախաձեռնութիւնը, վստահաբար այս բոլորը ժամանակի, պիւտճէի, մասնագէտի կը կարօտին, սակայն երբ թուայնացման միջոցով պատմականը ապահովուած է, անկէ ետք կարելիութիւնները չեն պակսիր: Որքան ուշանանք, այնքան  կորսուելու վտանգին ենթակայ են մեր հաստատութիւններուն, միութիւններուն մօտ ամբարուած  արժէքաւոր արխիւները:

«Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին պատմականը կայքի մէջ տեղադրելու գաղափարը չկատարելագործուած, արդէն իսկ ժամանակավրէպ սկսած է ըլլալ, սակայն անհրաժեշտ է, որ գրանցուի:  Այսօր կարծես կայքերու գործածութիւնը սկսած է պակսիլ… տեղեկութիւններու աղբիւրներու ձեւերը սկսած են սփռուիլ աւելի արագ եւ այլ  նորութիւններով, եւ հաւանաբար տակաւին ապագայի զանազան այլ միջոցներով:

Կարեւորը թուայնագրուած ձեւով պահելն է, որ կարելի ըլլայ հանրութեան  սեփականութիւնը դարձնել ներկայի եւ ապագայի բոլոր նախաձեռնութիւնները: Այդ պատասխանատուութիւնն ու  պարտականութիւնը մեր սերունդի ուսերուն վրայ կ’իյնայ այսօր:

ՍԵԼԼԱ ԹՆՃՈՒԿԵԱՆ

9 յունիս, 2014
Ֆրանսա

Share this Article
CATEGORIES