Սիրող Դրացիներ… Սպաննող Դրացիներ…(*)
ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ
2001 թուականին Լեհաստանի մէջ ժան Թոմասզ Կռոս գիրք մը հրատարակեց «Դրացիներ» անունով, որուն մէջ կը բացայայտէր, թէ 1941 թուականին 1500 հրեաներ հրապարակային սոսկալի սպանութեան մը ենթարկուած են Լեհաստանի մէջ, իրենց դրացիներուն կողմէ:
Լեհաստանի հիւսիսարեւելեան շրջանի Ճետմուապնէ կոչուած համայնքին մէջ պատահած է այս կոտորածը: Ջարդը բոլորովին նորութիւն մը չէր, բայց երկրին պաշտօնական պատմութիւնը իշխող նացի Գերմանիոյ վերագրեց այդ մարդասպանութիւնը:
Այս բացայայտումը գայթակղեցուց շատերը եւ ցնցեց լեհ ժողովուրդին ինքնութիւնն ու նկարագիրը: Ժողովուրդ մը, որ ինքզինք զոհ կը համարէ նացի վարչակարգին:
Շուտով, սակայն, յառաջ եկան նման այլ ոճրագործութիւններ. հետաքրքրականը այն է, որ Կռոս կը նկատէ, թէ այս բոլորը նո՛յն բեմագրութիւնը ունին: Այսինքն Կարմիր բանակը կը նահանջէ, գերմանացիները երկիր կը մտնեն եւ հրեաներուն ջարդը կը սկսի: Գրեթէ միշտ լեհերն են, որ կը սկսին նախաձեռնութիւնը. եւ այդ պատրուակով լեհերու եւ խորհրդայիններու գործակցութեամբ ոճիրը կը գործադրուի: Կը թուի, թէ գերմանական նշանակալի միջամտութիւն չէ եղած:
Կարծէք` այս հարցը բաւարար չէր, երբ յանկարծ Լեհաստանն ու ընդհանուր լեհ ընկերութիւնը ենթարկուեցան երկրորդ ցնցումի մը: Կռոսի բացայայտած հարցը այս անգամ վէճի բնոյթ ստացաւ, եւ ազգայնական աջակողմեան շարժումներն ու Կաթոլիկ եկեղեցին փորձեցին ուրանալ ոճիրը, կամ փորձեցին չնչին հարցի վերածել գործուած ոճիրը: Ըրին ատիկա, քանի որ չէին կրնար հարցը ծածկել` հիմք ունենալով «հրէական համայնավարութեան» մասին եղած հին հակասեմական առարկութիւնը: Եւ այս վէճը երկիրը վերածեց երկու անհաշտ խմբակցութիւններու:
Շուտով, սակայն, գիրքին նիւթը բեմերէ արծարծուելու արժանացաւ: Թատէյուշ Սլոպոտճեանիք նոյն նիւթին մասին թատրերգութիւն մը գրեց` «Մեր դասարանի պատմութիւնը 14 դասերով» խորագրով: Թատերախաղը մեծ յաջողութեամբ ցարդ բեմադրուած է Լոնտոնի, Միացեալ Նահանգներու, Հունգարիոյ, Սպանիոյ, Պրազիլի, Չեխական Հանրապետութեան, Քանատայի, Լիթուանիոյ, Ճափոնի, Սկանտինաւիոյ եւ, անշուշտ, Լեհաստանի մէջ:
Առաջին արարը կը սկսի տեղական իր ժամանակը ապրած ճաշարանի մը մէջ: Բեմը անճաշակ կերպով զարդարուած է ու կահաւորուած, կարծես անճարակ փորձ մը ըլլար ետ պահանջելու շատոնց կորսուած շքեղութիւն մը, բեմի մը վրայ, ուր տխրութիւն եւ շփոթութիւն կը տիրէր: Յարմար վայր մը` շրջանաւարտ աշակերտներու տիպար մէկ հաւաքման:
Դասարանը կը բաղկանայ տասը աշակերտներէ: Հինգը կաթոլիկ է, իսկ միւս հինգը` հրեայ լեհ: Բոլորն ալ ծնած են 1918-ի եւ 1920-ի միջեւ: Այսինքն` 100 տարուան բաժանումէ մը ետք, անկախ Լեհաստանի վերածննդեան շրջանին: Վերոյիշեալ ամէն մէկ աշակերտի ճակատագիրը իր երկրի պատմութիւնը կը ցոլացնէ: Կը սկսի ներքին պատերազմի շրջանէն: Հակասեմականութիւնը կը սկսի յայտնուիլ: Իսկ հրեաներու հանդէպ եղած հակակրութիւնը մակերեսէն արդէն քիչ մը վար կը գտնուի եւ երբեմն օրը ցերեկով կ՛արտայայտուի: Յետոյ կը հասնի 1939-ի խորհրդային գրաւումը, որ շատ մը հրեաներու համար աւելի լաւ փոխընտրութիւն մըն էր, քան նացիներու վարչակարգը: Գաղափար մը, որուն վստահաբար համաձայն չէր լեհ ժողովուրդը:
«Մեր դասարանը» բացառիկ թատերախաղ մըն է, որ վիճաբանութիւն կը ստեղծէ բարոյականութեան եւ խիղճի հասկացողութիւններու միջեւ, չարի, առաքինութեան եւ յանցանքի միջեւ: Ցայտուն կը դարձնէ տարբերութիւնը քաղաքական գաղափարախօսութիւններու եւ կրօնի: Հո՛ս է, որ կը հանդիպինք շատ մը օրինակներու, որոնք ցոյց կու տան, թէ մարդ արարածը ինչպէ՛ս կրնայ յօժարիլ կործանման արարքին, երբ մարդկային բնութիւնը կը փոխարինուի վայրագութեամբ:
Ինչո՞ւ յիշել Թատէյուշ Սլոպոտճեանիքը այս պահուն: Փախստականները, կործանումը եւ այն բոլոր վայրագութիւնները, որոնց ականատես կ՛ըլլանք այսօր Սուրիոյ մէջ, ինծի կը յիշեցնեն հեղինակին «Դրացիներ» գործը: Մեր առօրեայ լուրերը կը յորդին սուրիացի մանուկներուն Միջերկրականին մէջ խեղդուած ըլլալու լուրերով: Եւ շատ քիչեր միայն կը հակազդեն այդ լուրերուն…
Դամասկոսի, Հալէպի եւ Փալմիրի պէս քաղաքներ աւերակ են դարձեր: Դրացի մը իր դրացին կը սպաննէ: Սովորական պատկեր մը, որուն ականատես դարձեր ենք վերջին երկու տասնամեակներուն, նախ Իրաքի մէջ, եւ հիմա` Սուրիոյ:
Անշո՛ւշտ որ անդամալուծուած կը զգամ: Ի՞նչ պէտք է ընել: Անդադար կը փորձեմ հասկնալ, թէ ի՞նչն էր, որ սխալ գնաց:
Ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ դրացիներ, որոնք ամէն առաւօտ իրարու բարի լոյս կը մաղթէին, աղն ու հացը միասին կը բաժնէին, բարեկիրթ ու քաղաքավար էին իրարու հանդէպ, եւ յանկարծ, դրացի մը իր դրացին սպաննողը կը դառնայ… Արդեօք հարկաւո՞ր է մեզի յիշեցնել, թէ մարդը ինչպիսի՛ բաներ ընելու կարողութիւնը ունի:
Ի՞նչն է, որ կը մղէ մեր քաղաքակրթութիւնը` իյնալու ճեղքին, փոսին մէջ:
«Մեր դասարանը» թատերախաղը կը յիշեցնէ իմ նախահայրերս, իմ մեծ հայրս ու մեծ մայրս, եւ այն յանկարծակի քաոսը, որ լափեց անոնց խաղաղ կեանքերը: Կրկին ու կրկին կը փորձեմ հասկնալ, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս մեծ մօրս դրացին` Էլիֆն ու անոր ամուսինը` Մուրատը արիւնախանձ յարալէզ դարձան:
Փոքրիկ, հովուերգական գիւղի մը մէջ, որոշ տեղացիներ, մղուած շահախնդրութենէ եւ չարամտութենէ, սոսկալի ոճիրներ կը գործեն յանուն գաղափարի եւ կրօնի: Անոնք կը հաւաքեն հրեաները մարագի մը մէջ (իսկ հայերը` եկեղեցւոյ մը մէջ) ու կը հրկիզեն ամէն ինչ: Եւ կը դիտեն այդ տեսարանը այնպէս, ինչպէս մարդիկ կը դիտեն հրավառութիւն մը: Մարդիկ, որոնք անցեալին միասին ապրած են իբրեւ դրացիներ, յանկարծ կը վերածուին դահիճներու եւ կ՛այլասերին չարագործութեամբ: Եւ յետոյ, ուրի՜շ մարդիկ կը մեղադրուին այդ բռնաբարութեան համար: Ուրի՜շ բաներ կը մեղադրուին…
Սոսկալի նմանութիւն մը կայ հրեայ լեհերու եւ հայերու պատմութեան միջեւ: Հրեայ լեհերն ու հայերը մէկ կողմ, իսկ լեհերն ու թուրքերը` միւս:
Յետոյ կը մտածեմ մանուկներուն մասին, մեր եւ իրենց: Այսօր ինչի՞ մասին կը խօսինք մեր դասարաններուն մէջ: Կը կրթենք մեր զաւակները տանելի ապրելակերպ ունեցող ընկերութիւն ստեղծելու մասին եւ անշուշտ կլիմայի մասին եղող հարցերը առաջնակարգ տեղ կը գրաւեն դպրոցներուն մէջ: Բայց տանելիութեան գաղափարը լոկ շրջապատի մը անդամներուն փոխյարաբերութիւններով չի կաշկանդուիր: Արժէքներու հարց է. արժէքներ, որոնք կ՛ամրացնեն մեր քաղաքակրթութիւնը, որ ան յարատեւէ:
Թատէյուշ Սլոպոտճեանիքի «Մեր դասարանը» գործը հոյակապ աղբիւր մըն է եւ պէտք է, որ գործածուի մեր դպրոցներուն մէջ:
Թէեւ թատերախաղը Համաշխարհային Բ. պատերազմի եւ անոր նախորդող շրջանին մասին է, բայց լաւ միջոց մը կ՛ընծայէ լուսաբանելու մեր օրերուն (թերեւս նաեւ` մեր զաւակներուն ու թոռներուն ապրած օրերուն) պատահող դէպքերը: Աշխարհի չորս կողմը կատարուող քաղաքական վերիվայրումները, վերջին զարգացումները Միջին Արեւելքի, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Քենիոյ մէջ, յստակաբար կը թելադրեն, որ մենք կարիքը ունինք առաջնորդութեան:
Բոլորս ալ գիտենք, որ բարոյականութիւնն ու խիղճը, առաքինութիւնն ու չարիքը խրթին հարցեր են: Բայց ասիկա արգելք մը պէտք չէ դառնայ, որ մենք չկարենանք մեր դժուար հարցերը քննարկելու: Սակայն այսօր, մեր կեանքի ընթացքին, հազիւ թէ կը վիճինք, թէ ինչպէ՛ս պէտք է դիմագրաւել նման հարցեր, քանի որ չունինք ընդհանուր չափանիշ մը, չունինք բարոյական կողմնացոյց մը, որ կարենանք համաձայնութեան մը յանգիլ:
Առաջնորդող ուղեցոյցի մը չգոյութեան պատճառով մարդկային արժանապատուութեան հանդէպ ունեցած մեր յարգանքը, բաղդատմամբ սահմանափակ տեւողութիւն ունեցող նպատակներու, քաղաքական բացատրութիւններու եւ ժամանակաւոր ձգտում ունեցող լուծումներու, երկրորդական եւ ստորադաս դիրքի մը վրայ դրուած է:
Կը լսեմ առօրեայ հաղորդուած լուրերը եւ կը դիտեմ ջուրերուն մէջ խեղդուած մանուկներու մայրերուն լացն ու կոծը: Կոյտ մը կառչած է կոկորդիս մէջ: Խորապէս զգայացունց է տեսարանը: Ահռելի է ճակատագիրը Միջին Արեւելքի մէջ ապրող բոլոր քրիստոնեաներուն: Ո՞ւր կը տանի մեզ այս ճամբան:
Բայց ե՛ս ալ կը գիտակցիմ, որ աշխարհի չորս կողմ գտնուող մարդիկ այլեւս յոգնած են այսպիսի լուրեր լսելէ եւ ախորժակ չունին ժամանակ տրամադրելու եւ հասկնալու, թէ այդ ինչպիսի՞ ուժ մըն է, որ կը մղէ մարդ արարածը` լքելու իր ունեցած վայելուչ մարդկային արժէքները: Այդ ինչպիսի՞ ուժ մըն է, որ կը մղէ մարդը` լռեցնելու իր ունեցած կարեկցութիւնն ու գութը:
Կը դրժենք լսել, նոյնիսկ երբ մարդասպանները կը պարծենան իրենց կատարած դատապարտելի արարքներով, եւ կամ` երբ կատակերգութեան կը վերածեն այդ սարսափը: Տեսա՞ծ էք քանատացի Ճաշուա Ափնհայմըրի «Սպանութեան գործողութիւնը» կոչուած ժապաւէնը: Դիտեցէ՛ք: Դիտեցէք, որ տեսնէք, թէ ի՛նչ ըսել է պատկերազարդել մարդասպանութիւնը եւ յետոյ սքանչացումով պարել անոր շուրջը:
Այո՛, ես կը հաւատամ, որ շրջապատուած ենք լռութեան մշակոյթով: Լռութիւն մը, որ ամրացուած է ուրուականի մը փոխադարձ շանթաժով: Կ՛ապրինք երանելի՜ տգիտութեամբ: Ժողովրդական երգեր կ՛երգենք, բանաստեղծութիւններ կ՛արտասանենք եւ կը դիտենք գործողութեամբ լի ժապաւէններ: Բայց մեր շուրջը պատահածը չունի՛ զաւեշտական որեւէ հմայք: Բոլորս ալ հակահերոս ենք դարձեր պարտադրուած ինքնարդարութեան մթնոլորտով մը: Եւ կամ` բոլորս ալ խոյս կու տանք մարդոցմէ ու կը դիտենք հեռատեսիլի այն կայանները միայն, ուր մարդ արարածներ չկան, չեն ցուցադրուիր…
Մեր աշխարհը թատրոն մըն է, որ մեզ կը նեղէ ու կը ցաւցնէ: Բայց պէտք չէ մոռնալ, որ պատմութիւնը միշտ մէկ մասը եղած է մեր ներկային: Պէտք է յիշել, որ կային մարդիկ, որոնք սիրեցին, սպաննեցին, չարչարեցին, այրեցին, թաղեցին, զղջացին, ինքզինքնին ներեցին, եւ յետոյ… մեռան: Սակայն բռնաբարութիւնը, սպանութիւնը, մեռած մարդոց դիակները, եւ անոնք, որոնք ջնջուեցան, դեռ կը մնան բեմին վրայ… Ոչ ոք, երբե՛ք, չ՛աներեւութանար: Այն, ինչ որ այսօր կը պատահի մեր շուրջը թատերական այնքան թանձր, այնքան զօրաւոր խաղ մըն է, որ կարծես թէ նստած ենք թատերասրահի մը մէջ, պատմութեան մեծագոյն սեւ փոսի մը եզրին:
Եւ այդ փոսը դեռ կը քաշքշուի…
Թարգմանեց` ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸՍՐԼԵԱՆ
(*) Սիւզան Խարտալեանի այս գրութիւնը լոյս տեսած է «Ասպարէզ» օրաթերթի անգլերէն բաժինի 11 փետրուար 2014-ի թիւին մէջ:

