Թատերական Կեանք. Մէկ Զաւեշտ, Երկու Ողբերգութիւն
ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Բեմայարդարում, Երաժշտութիւն Եւ Այլն.– Բոլոր բեմայարդարումները ունին միեւնոյն proxmetric (1) լուծումները, որոնք հաւանաբար կու գան հեղինակի թելադրութիւններէն:
Բեմի երկու կէսերը ճիշդ ու ճիշդ չափակից (սիմեթրիք) են: Իմա՛ Ճոնին երկու բոյները, կիներն ու յարաբերութիւնները միեւնոյնն են: Ճոն պարզապէս չի գոհանար մէկ կինով: Ներկայ բեմը կը զատորոշուէր երեք ձեւով: Նախ որ քուլիսները կը յիշեցնէին քաղաքի մը սիլուէթը: Այս կրնայ նշանակել, որ փիէսին նիւթը չի վերաբերիր միայն մէկ Ճոն Սմիթի, ինչ որ շատ յարիր է հեղինակի միտք բանիին: Շա՛տ բարի: Երկու բոյներու պատուհանները միշտ փակ էին: Թերեւս որպէսզի երկու կիները չկարենան տեսնել, թէ դուրսը ի՛նչ կը պատահի: Շատ բարի: Բեմի երկու կէսերու գոյները, սակայն, «զօրաւոր» էին եւ հակադիր:(2) Կարմիր գոյնը «տաք» է, իսկ կանաչը` «պաղ»: Այս յարիր չէ փիէսի գաղափարին: Այլ բեմայարդարումներու մէջ պատերու գոյները իրարմէ քիչ կը տարբերին, ինչպէս կը տեսնենք օրաթերթ ուտող Ճոնի նկարին մէջ: Նկարը ցոյց կու տայ նաեւ, որ այլ ճոն սմիթներ ընդհանրապէս մինչեւ վերջ կը պահեն իրենց գլխու վիրակապը: Ո՞վ է տեսեր վէրք, որ առանց հետք ձգելու բուժուի քառորդ ժամուան ընթացքին:
Զգեստները սովորական էին, ինչպէս` տիպարները: Ամերիկեան «Կուտ քոփ-պէտ քոփ» ֆիլմերու հետեւողութեամբ խիստ քննիչը հագած էր սեւ բաճկոն իսկ մեղմ քննիչը` սպիտակ: Եւ այո, Պոպի հագին էր շապլոն պատի-ֆիթ, բայց այդ ոչինչ էր բաղդատած թուրք զառամած Պոպիներէն մէկուն, որուն շատ կարճ սպիտակ տեքոլթէ հագուստը (իմա «առագաստը») ներկուեցաւ արնագոյն …
Երաժշտութիւնը առ հասարակ բացակայ էր: Միեւնոյն ժիր չարլսթոն հատուածը («Տը Չարլըսթն» Ճ. Ճոնսըն, 1925) լսուեցաւ միայն երեք անգամ` արարներու սկզբնաւորութեան եւ փիէսի աւարտին մօտ, երբ թնճուկն ու իրարանցումը հասած էին իրենց գագաթնակէտին: Նման երաժշտութիւն կը գործածուէր Չարլի Չափլինի եւ այլ անխօս զաւեշտական ֆիլմերու մէջ, ուր միայն դերասաններու մարմիններն էին, որ կը «խօսէին» (պատի լենկուէյճ): Չարլսթոնը գործածուած է Թիֆլիսի ելոյթին մէջ: Անգլերէն բեմադրութիւն մը, օրինակ, գործածած է Ֆրանք Սինաթրայի «Լաւ էնտ միրյէճ» հեգնական երգը, որ կ՛ըսէ, թէ առանց ամուսնութեան` սէրը ցնորք է: Ֆրանսական բեմադրութիւն մը գործածած է «J’aime les filles» երգը, ուր Jacques Dutronc սիրոյ հրաւէր կ՛ուղղէ բոլոր աղջիկներուն անխտիր: Երկուքն ալ շատ աւելի յարիր` Ռ.Ք.-ի զաւեշտին:
Չարլսթոնը տարածուեցաւ Ա. համաշխարհային պատերազմէն ետք, երբ մարդիկ կ՛ուզէին մոռնալ անհեթեթ արհաւիրքը: Չարլսթոնը իրականութենէ խելակորոյս «փախուստի» երաժշտութիւնն է: Ա՞յդ էր արդեօք թատերախումբին նպատակը …
«Փոխադրական» եւ լեզուական հարցեր.- Զաւեշտին մէջ կը հանդիպինք (պրոշիւրի բացատրութեամբ) «պատշաճեցման» բազմաթիւ փորձերու, ինչպէս` տեղանուններ, Կիպրոսի մէջ ամուսնանալ, եւ կամ մօթորսիքլով գողերու յիշատակում, որոնք կը մնան մակերեսային եւ կամ նոյնիսկ կը ծառայեն կորսնցնելու հեղինակին միտք բանին:
Ինչպէս վերը յիշեցի, անուններու ընտրութիւնը պատահական չէ, սկսած Սթենլիէն (Լորէլ): Dani-el կը նշանակէ « դատաւորը Տէրն է»: Տանիէլ յայտնաբերեց Ճոնի խաղը եւ արձակեց վերջին վճիռը: Պասթըր ունի բազմաթիւ իմաստներ: Այստեղ յարիր է անոր «փոքրիկ խառնակիչ» իմաստը: Պասթըր երկար ատեն մնաց բեմի վրայ այդպիսով ստիպելով, որ Ճոն-Սթանլի զոյգը խճճուի սուտերու ցանցին մէջ: Քննիչները չեն ստանար լիբանանեան «արիւն», եթէ զիրենք (պարզապէս հնչիւնային նմանութեան նկատառումով) վերամկրտենք որպէս Դանօ եւ Պեշիր: Բացի այդ, եւ մանաւանդ որ մեր քաղաքացիական պատերազմէն ետք Պեշիր անունը իրեն հետ կը բերէ փիէսին բոլորովին անյարիր կապակցութիւններ … Sister Mary շապլոն մըն է, որ անմիջապէս կը ստեղծէ կուսակրօնուհի ըլլալու շփօթը: Պարպարա նահատակուած սրբուհի մըն է:
Երկու բնակարանները կը գտնուին Ճիւնի եւ Պէյրութ: Խճողումատառապ լիբանանցի հանդիսատէսը ուղղակի կ՛ապշի Ճիւնիէն Պէյրութ կատարուած ոստումներու աճպարարային արագութեան ի տես: Մինչդեռ «Վեց օրէնքներ»-ը կը յանձնարարեն չթերագնահատել հանդիսատեսին ուշիմութիւնը:
Զաւեշտին մէջ կան բազմաթիւ օրինակներ, ուր թարգմանութիւնը չէ պահած իմաստը: Կու տամ քանի մը օրինակներ.-
Մենք կը գործածենք «Accessory» բառին ֆրանսական հնչումը, «աքսեսուար»: Այս պարագային այդ կ՛ակնարկէ այն «աքսեսուար» պայուսակին, որ գործածուած էր հարուածելու համար Ճոնի գլխուն: Բայց accessory («յարակիցք»` ըստ Նուպարեան բառարանի) նոյնպէս կը նշանակէ «մեղսակից»: Քանի՞ հանդիսատես «ջոկեց» պայուսակ-մեղսակից շփօթին պատճառը:
Քննիչ Պասթըր ըսաւ, թէ եկած է ստուգելու «նոյնութիւնը»: Անգլերէն «identity» բառը միաժամանակ կը նշանակէ նաեւ «ինքնութիւն»: Ոստիկանը անշուշտ եկած էր ստուգելու Ճոնի ինքնութիւնը:
Ճոնի կիներէն մին զայն յանդիմանեց` ըսելով «Խելացի մի՛ ըլլար»: Անիմաստ սաստ մը: «Smart» տառացիօրէն կը նշանակէ ուշիմ, բայց կը գործածուի նաեւ ժխտական իմաստով: Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել «Շաթըրութիւն մի՛ ըներ»: Այդ շատ խոտոր չէր հնչեր: Մենք այլ տեղ լսեցինք «անանկ նեղուեր է, որ …» բացատրութիւնը:
Ո՞վ հանդիպած է պէյրութցի վարորդի մը, որ կը գործածէ «կրօնական ախտադարձութեան» նման դարձուածքներ: «Relapse» բառը կրնայ նշանակել ախտի մը վերադարձը («ախտա – դարձութիւնը»): Բայց այդտեղ ակնարկը կ՛երթար «Քոյր Մերի»-ի նուաղումին: Բառարանային բառացի թարգմանութիւն մը` «ախտահամոյթ» (սինտրըմ) մը: Օրինակները բազմաթիւ են:
Թիւրիմացութիւններու վրայ հիմնուած զաւեշտը(3) կը յենի երկդիմի բառերու վրայ: Թարգմանութիւն չի նշանակեր առաջին լեզուի բառերը փոխարինել երկրորդ լեզուի բառերով: Այդ ուղղակի կը սպաննէ հումորը: Լեզու` կը նշանակէ լեզուամտածողական համակարգ: Ռ.Ք.-ի զաւեշտերը անհամեմատ նուազ յաջողութիւն գտած են նոյնիսկ «անգլիախօս» Ամերիկայի մէջ: Ինչո՞ւ ընտրել գործ մը, որ գրեթէ անկարելի է թարգմանել: Փիէսի ընտրութեան շուրջ` աւելի ուշ:
Բեմադրութիւն.- Նախ ըսեմ, որ տպաւորիչ էր բեմական հարթակի օգտագործումը եւ` շատ խրթին, խաչաձեւ ու զիկզակ աշխուժ երթեւեկի ճշգրիտ «ոստիկանումը»: Իրարանցումի կամ «քաոսի» տնօրինումը յատկապէս կարեւոր էր երկրորդ արարի ընթացքին: Զաւեշտը այս իմաստով ծայրայեղ «ֆիզիքական» էր: Այդտեղ նոյնիսկ կար միջնադարեան թատրոնի անխնայ գանակոծումը ( յիշել «մահակակիրներ» եւրոպական արլըքենը եւ կամ արեւելեան քարակոզը): Ի դէպ, գանակոծումը նկատելիօրէն սաստկացած էր երկրորդ ելոյթին մէջ, մինչ Սթանլիի տրուած կսմիթները` կրճատուած, յուրախութիւն ինձ եւ յամենայն թատերասիրաց:
Կը յուսամ, որ բեմադրիչը ապագայ ելոյթներուն մէջ կրճատէ նաեւ Ճոնի լեղապատառ պոռչտուքները: Կրկնութիւնը կը սղէ հումորը: Բացի այդ, Ճոն հերոս մըն է եւ ոչ` վախկոտ հաւ:
Բեմադրիչը ստեղծած էր բազմաթիւ բեմական պատկերներ, որոնք երբեմն կը «սառեցուէին» եւրոպական «ապրող պաստառներու» եւ կամ Ճափոնական Քապուքի թատրոնի «mie» թեքնիքի նմանութեամբ: Շա՛տ բարի:
Եզրափակիչ տեսարանը սկսաւ յարիր` հեղինակի գաղափարին: Այդտեղ կային միայն ոչ միասեռական այր մարդիկ: Այդ պէտք է հասկնալ որպէս դռնփակ ժողով` կիներու հետ ծագած հարցերը լուծելու համար: Ֆիլմի տարբերակին մէջ տղամարդիկ կը հաւաքուին դուրսը, Անգլիոյ աւանդական գարեջուրի բաժակը իրենց ձեռքերուն մէջ: Փիէսին տրամաբանութեամբ, Ճոն բոլոր տղամարդոց հերոսն է: Ժողովականներու որոշումն է «բեն ը փէ խփէ»: Այս որոշումը կը յատարարէ Դանիէլ դատաւորը (յիշել անուններու ընտրութեան բաժինը) : Անգլերէն բնագրին մէջ կ՛ըսէ «You, lying bastard!» որ հայերէն մօտաւորապէս կը թարգմանուի «վա՛յ շունշանորդի ստախօս»: Ֆրանսերէնով թարգմանուած է «ժը մանքուա փա զէօն մօ», այսինքն մօտաւորապէս` «ըսելիք չունիմ»: Երկուքն ալ փաղաքշական են: Կ՛արտայայտեն ոչ թէ (քաւ լիցի) դատապարտութիւն, այլ հիացում եւ բարի նախանձ:
Աւելի՛ն. հեղինակը աւելի ուշ գրած է այս «սերիալ»-ին երկրորդ մասը, «Caught in the Net» (ուռկանին մէջ) : Առաջին մասէն 18 տարի ետք Ճոն եւ Պարպարայի որդին համացանցի միջոցով կը ծանօթանայ, այո՛, Ճոն եւ Մէյրիի աղջկան: Բազմաթիւ շապլոն անեքթոտներու հետեւողութեամբ ապօրինի քոյր-եղբայր իրարու կը «զարնուին»: Ա՛յ քեզ բան … Բայց հարցը այդ չէ՛: Միտք բանին այն է, որ ո՛չ առաջին մասին մէջ երկու կիները տեղեկացուեր են ճոնի բազմակնութեան մասին, ո՛չ ալ կարողացեր են մօտ քսան տարուան ընթացքին որեւէ բան կռահել: Ըսինք, չէ՞, անոնք պարզապէս անուղեղ պուպրիկներ են:
Ներկայ բեմադրութեան աւարտը ոչ միայն խոտոր, այլեւ հակադիր է զաւեշտի տրամաբանութեան: Նախ Ճոն բեմի յառաջամասի կեդրոնին մէջ ծնրադիր թողութիւն կ՛աղերսէ (մինչ այդ բացակայ) երկնքէն: Ապա լոյսերը կը մարին, եւ լուսարձակի (իմա՛ երկնային) շողին տակ Դանիէլ դատաւոր ձախ ցուցամատը դաստիարակչավարի բարձրացուցած եւ աջ բռունցքը սպառնալի սեղմած` կ՛արձակէ վճիռ-իմաստութիւնը .- «Սուտը կարող չէ՛ յաղթանակելու»:
Մետասաներորդ ժամուն, հաւանաբար բարոյական ցուցափեղկը պահպանելու մտահոգութեամբ, կատարուած կարկտնում մը: Եթէ թատերախումբին նպատակը բարոյականութեան «ջամբել» էր, հապա ինչո՞ւ ընտրեց ա՛յս փիէսը: Կարելի չէ բարոյականը շրջել 180 աստիճան պարզապէս զեղչելով կարգ մը տեսարաններ եւ աւելցնելով փիեսի մօտեցումին գլխովին անյարիր եզրակացութիւն:
Ես կը կարծեմ, որ այս ցաւոտ վէրքը աւելի խորունկ է: Այդ չի վերաբերիր միայն ներկայ ելոյթին: Նորակազմ թատերախումբը ընտրած է, մեղմ ասած, «թեթեւ» զաւեշտ, որովհետեւ «շուկան ա՛յդ կը պահանջէ»: Չեմ ուզեր արտաբերել իմ շուրջ նստած «խնդալէն մարող» հանդիսատեսներուն արտայայտութիւնները: Կ՛ենթադրեմ, որ բոլոր թատերասէրները կացութեան ծանօթ են:
Մեր թատրոնը հեռացած է իր յունական իմաստէն: Այսինքն` գրեթէ սրբազան վայր մը, ուր մարդիկ կը փորձեն հաւաքաբար եւ գեղարուեստականօրէն քննելու իրենց ընկերութիւնը: Թատրոնը սկսած է, որպէս կանոն նմանիլ հռոմէական ամփիթատրոնին: Վայր մը ուր մարդիկ կը հաւաքուին ապաքաղաքական եւ մեղմ ասած ապաամօթխած ցուցադրութիւններով զուարճանալու համար: Ի զուր չէր, որ քրիստոնեայ առաջին հայրերը կատաղօրէն պայքարեցան այդ թատրոնին դէմ: (4)
Մհեր Մկրտչեանի անուան թատերախումբը փաստեց, որ ունի անհրաժեշտ կարողութիւնը, անդուլ աշխատելու կորովը եւ երիտասարդ մարդուժ: Կը մնայ, որ իր յաջորդ ելոյթներով փորձէ կոտրե՛լ մեր ներկայ թատրոնի ստացած տխուր կաղապարը: Սրտանց յաջողութիւն կը մաղթեմ:
(Շար. 2 եւ վերջ)
Էջատակներ.-
1. Հայերէնով` թերեւս «միջոցաչափում»: Այսինքն, իրերու եւ դերակատարներու միջեւ եղած տարածութիւններու այնպիսի տնօրինում, որ փիէսի միտք բանին լաւագոյնս արտայայտէ:
2. Ներկեր, որոնց խառնուրդը սեւ է: Տեսնել «գոյնի եռանկիւն»-ին վերաբերեալ աղբիւրներ:
3. Սխալներու կատակերգութեան ժանրը առ նուազն այնքան հին է, որքան Շէյքսփիր, որուն առաջին գործերէն մէկը նոյնանուն թատրերգութիւն մըն է («Comedy of Errors» մօտ. 1590):
4. Այս մասին այլ առիթով

