Թրքագնացութիւնը Եւ Մենք

ՀՐԱՅՐ ԵՍԱՅԵԱՆ

Յաճախ արծարծուող նիւթ մը, որ վիճարկութեան առարկայ կը դառնայ ամէն անգամ, երբ հայորդի մը անցանկալի ճամբորդութիւն մը կատարէ:

Ընդհանուր իրականութիւն է, որ Թուրքիան տարածաշրջանային ծանրակշիռ երկիր է: Զբօսաշրջութեան եւ առեւտուրի մէջ Թուրքիոյ գրաւչութենէն զերծ մնալը զոհողութիւն կը պահանջէ թերեւս, ինչպէս որ թրքական արտադրութիւնը աւելի հրապուրիչ կը դառնայ, երբ անոր այլընտրանքը նիւթական աւելի թանկ ճիգ կը հարկադրէ:

Եթէ պիտի դասակարգենք հայերու կողմէ Թուրքիոյ Հանրապետութիւն մուտք գործելու պարագաները, հիմնօրէն հետեւեալ հոլովոյթը մեր առջեւը կը պարզուի.- վաճառականութիւն, պաշտօնական գործուղում, պտոյտ-զբօսաշրջութիւն, ուխտագնացութիւն, ուսումնասիրական-աշխատանքային այցելութիւն դէպի Թուրքիա, սովորաբար` դէպի Պոլիս,Կիլիկիա եւ բռնագրաւուած Հայաստան: Ակնարկութիւնը բացարձակապէս չ՛ընդգրկեր վերոնշեալ պարագաներուն վերջին երկուքը, որոնք էութեամբ բոլորովին կը տարբերին միւս պարագաներէն եւ ինքնին զատ խորագիրներ են, որոնք Հայ դատի լայնածիր օրակարգին մաս կը կազմեն:

Հարցը Թուրքիա երթալու պատճառներուն արդարացուցիչ ըլլալ-չըլլալը չէ, այլ կը յուզէ հասարակութեան մը գիտակցական անձնականութիւնը` եսը:

Որքան ալ հեշտ թուի առարկայական քննարկում ընելու սիրոյն զգացականութիւնն ու կանխատրամադրուածութիւնը մէկդի դնելը, երբեմն զայրացուցիչ ու անընդունելի կրնան դառնալ կարգ մը արարքներ, և անոնց տէրը յանցագործի կը վերածուի մեր աչքին:

Համալսարանի դասընկերոջ մը, որ երեքուկէս ամսուան տեւողութեամբ Հայաստանի ու հայութեան մասին դաստիարակիչ ու հետաքրքրական դասանիւթի հետեւած է, համալսարանի ամավերջի քննութիւնները աւարտելուն պէս զբօսաշրջութեան համար Պոլիս ճամբորդելը դիւրին չի մարսուիր: Աւելի՛ն. ընկերային ցանցերու վրայ թրքական դրօշի ծածանումն  ու թրքական մզկիթներու պանծալի պատկերներու կողքի վրայ ըլլալը , բազմաթիւ հայերու դիմատետրեան հաւանումին արժանանալով, ա՛լ աւելի կը կեղտոտեն տեսարանը:

Նոյնքան ցաւալի է լիբանանահայ նորապսակ զոյգի մը մեղրալուսինի համար Պոլիս ճամբորդելը, որ պաշտօնապէս «կ՛օրհնուի» ` Դիմատետրի վրայ մեղրալուսինի պատկերներուն ու մանրամասնութիւններուն ծանուցումով եւ անոնց տակը «եան»-ով վերջացող մականուններ կրող մարդոց շնորհաւորական հաւանումներու տարափով:

Եթէ վերոյիշեալին նման պարագաները մէկ առ մէկ թուելու ըլլանք, գուցէ հաստափոր գիրքեր կը տպուին: Այդ չէ նպատակը:

Արդ , Դիմատետրը ողողուած է հայ անհատներու թրքական զբօսաշրջային նկարներով ու «check in»-ներով: Վերջիններուս կ՛ընկերակցին քաջալերական «հաւանում»-ները, որոնք կարծէք, թէ կը թարգմանուին «Ապրի՛ս, շատ լաւ կ՛ընես: Ես ալ կը մտադրեմ նոյնը ընել»-ով:

Հայութեան համար Թուրքիա պտոյտի երթալը նորութիւն չէ: Այսուհանդերձ, անցեալին, երբ առցանց ընկերային կեանքը այսքան զարգացած չէր, որքան է այսօր, համատարած երեւոյթ չէր այս յոռի արարքը: Ժամանակին Թուրքիա երթալը անընդունելի եւ բարոյապէս արգիլուած կը նկատուէր: Գացողները ծուռ աչքով կը դիտուէին: Ժողովուրդը չարախօսութեամբ կը բամբասէր ենթական. «Լսեցի՞ր, այսինչը Թուրքիա գացեր է»-ի մեղադրական եղանակը սովորական էր:

Ցաւ ի սիրտ, տարուէ տարի պոտրումներու ու մարմարիսներու ծովափները յաճախող հայերու հանրագումարը կ՛աւելնայ` ի հաշիւ ազգային-բարոյական գիտակցութեան:

Այս զարգացումով` հակահայկական շահերով դէպի Թուրքիա ճամբորդութիւնը հետզհետէ կ՛օրինականանայ քաղաքականապէս չէզոք եւ ազգայնապէս թոյլ շրջանակներուն մէջ: Կ՛օրինականանայ ու կ՛ամրագրուի հասարակութեան ենթագիտակցութեան մէջ եւ կը վերածուի սովորական երեւոյթի, որ ոմանք կը վարակէ ու ուրիշները անտարբերութեան կը մղէ:

Որքան որ ուրախալի է Դիմատետրի էջերուն վրայ Արարատի,Երեւանի ու Տաթեւի շքեղ պատկերները դիտելը, այնքան  ցաւալի եւ ընդվզեցուցիչ է ապազգային տրամադրութիւններով սահմանէն անդին կատարուած իրողութիւնը:

Ցաւալին, իբրեւ գործողութիւն, ճամբորդութեան իրողութեան  մէջ չի կայանար, այլ անշօշափելի գաղափարական-հոգեկան ճամբորդութեան մէջ` հայութենէն Թուրքիա, հայկականութենէն դէպի հակահայկականութիւն, ոտնահարելով ազգային եսը, զգետնելով հայուն բարոյական արժէքները: Մեր միլիոնաւոր եղեռնամահ նախնիներուն հոգիները, հայկական պահանջատիրութիւնը, հայոց արդար Դատն ու Հայաստանը ո՞ւր մնացին:

Իրենք ալ հայ են, մեր անմիջական շրջանակներուն մաս կը կազմեն: Իրենց ալ նախահայրերը օսմանեան ազգասպանութեան ենթարկուած են: Լա՛ւ, իրենց խիղճերը ի՞նչպէս կ՛ընդունին իրենց կատարածը: Ապրիլ քսանչորսին ի՞նչ երեսով  հսկումի պիտի մասնակցին: Ի՞նչ տրամադրութիւններով պիտի քայլարշաւեն:

Արեւմտեան Հայաստանի մէջ դարերու վրայ թրքութեան ահարկու բռնաձուլման ենթարկուած տարրեր ազգային ինքնագիտակցութեամբ իրենց արմատներուն կը վերադառնան` հակառակ բոլոր դիմագրաւեալ դժուարութիւններուն:

Եւ մինչ այս Թուրքիա ապրողները  կը վերահայանան, հոգեւոր Հայաստան կը մեկնին, Լիբանանի մէջ հայեր հակառակ ուղղութեամբ կ՛ընթանան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (1)
  • Raffi 9 years

    «վիճարկութիւն» բառը ճիշդ գործածուած է հոս:

  • Disqus ( )