«ՎԿԱՅԱՐԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ». ԳԻՐՔ Բ. (ՊԱՏՐԱՍՏԵՑ` ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ)

2011-ին Պէյրութի մէջ Կարպիս Լ. Նազարեան Հիմնադրամի թիւ 15 հրատարակութիւնը լոյս ընծայեց Յարութիւն Իսկահատեանի «Վկայարան Հայկական ցեղասպանութեան» խորագրեալ ուսումնասիրութեան Բ. գիրքը` խմբագրութեամբ Գէորգ Եազըճեանի:

Հատորը կը բաղկանայ 352 էջերէ եւ կը բովանդակէ Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսէօր, Սամուէլ Մուրադեանի «1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը վերահաստատող կարեւոր գիրք» խորագրեալ յառաջաբանը, «Վկայարան» շարքի Ա. գիրքին մասին հայրենի եւ սփիւռքահայ գրողներու կարծիքները, Եղեռնի շուրջ 55 գիրքերու համառօտ ներկայացումը հեղինակին կողմէ, ինչպէս նաեւ` անձնանուններու եւ տեղանուններու ամբողջական ցանկը:

«Վկայարան»ի Ա. հատորին նման, Բ. գիրքը եւս կը բովանդակէ լայն ծանօթութիւններ 1915 թուի հայ ժողովուրդի տարագրութեան եւ նահատակութեան շուրջ:

Այս առումով, Յարութիւն Իսկահատեան տարած է գնահատելի աշխատանք` փոխանցելով Եղեռնի մասին շահեկան տեղեկութիւններ հայ ընթերցողներուն: Հեղինակը յանձն առած է մանաւանդ ամէն զոհողութիւն` համախմբելով Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ 55 գիրքեր, զորս ամփոփած ու վերածած է հատորի:

Այս կերպով, «Վկայարան»ի Բ. հատորը օգտագործելի հրատարակութիւն մըն է` հիմնուած ըլլալով Եղեռնի ականատեսներու վկայութիւններուն եւ վաւերական փաստերու վրայ:

«Վկայարան»ը հայ ժողովուրդի խաչելութեան եւ հերոսամարտերուն յատկացուած իր կարեւոր բաժիններով հայոց արիւնոտ տառապանքը վկայող գործ մըն է, որ կը ծառայէ իբրեւ գիտական աղբիւր պատմագէտներուն եւ բանասէրներուն:

Յարութիւն Իսկահատեան նախաձեռնողն է «Վկայարան Հայկական ցեղասպանութեան» մատենաշարին: Ձեռնարկելով սոյն տպագրական աշխատանքին` իր նպատակն է հաստատել յարակցական կապեր Եղեռնի հետ առնչուած յուշագրական բնոյթ կրող երկերու հետ: Այս իմաստով, առանց Յարութիւն Իսկահատեանի կատարած պրպտումներուն, հետազօտութեան եւ փնտռտուքներուն, «Վկայարան»ի Ա. եւ Բ. հատորներուն մէջ ամփոփուած բազմաթիւ երկերը անծանօթ կամ անմատչելի պիտի մնային ընթերցողներուն:

55 գիրքերու ամփոփումը բովանդակող «Վկայարան»ի Բ. հատորը իր մահաբոյր մթնոլորտին մէջ կը պահէ ընթերցողը: Այս ուղղութեամբ, հեղինակը չէ խնայած որեւէ մէկ ճիգ` հաւաքելով Եղեռնի մասին բաւարար նիւթեր այլազան աղբիւրներէ: Ահա թէ ինչո՛ւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած «Վկայարան»ը, բառին իսկական առումով, վկայարանն է հայ նահատակներու, որոնք զոհ գացին անապատի բորեաններու կլափին: Այդ նահատակներու շարքին կը դասուին նորածին երեխաներ, որոնք մահացան սրախողխող տանջանքով, հազիւ նոր մտած էին կեանքի սեմէն ներս: Այդ ջարդուածներուն մէջ կան թուրք ստահակներու կողմէ առեւանգուած դեռատի աղջիկներ: Կան իրենց հարազատ օճախներէն տարագրուած բիւրաւոր հայ ընտանիքներ, որոնք քալեցին թուրք զինուորներու սուիններուն տակ, մահուան արիւնոտ ճանապարհով:

Արդարեւ, «Վկայարան»ին մէջ յիշուած 55 գիրքերէն կ՛ուզենք թուել անունները կարգ մը գիրքերու, որոնց միջոցով հեղինակը իրազեկ կը դարձնէ ընթերցողը 1915 թուին թուրքերու կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած անմարդկային եւ ահաւոր բռնարարքներուն:

1.- Վահան Մինախորեան, «1915 թուականը, արհաւիրքի օրեր»:

2.- Թէոդիկ, «Գողգոթա-թրքահայ հոգեւորականութեան եւ իր հօտի աղէտալի 1915 տարին (Նոր Ղեւոնդեանք), 2. Վան»:

3.- Էդուարդ Սամուէլի Աւագեան, «Ուրֆայի վերջին ահազանգը»:

4.- Վերժինէ Սվազլեան, «Հայոց ցեղասպանութիւն-ականատես վերապրողների վկայութիւններ»:

Հակառակ Եղեռնի հետ աղերսուած վերոյիշեալ սարսափազդու իրադարձութիւններուն` յատկանշական է այն իրողութիւնը, թէ հեղինակը կը հիմնաւորէ «Վկայարան»ի Բ. հատորը Եզեկիէլ մարգարէի գիրքէն իր մէջբերած հետեւեալ յուսադրիչ խօսքերով. «Ահա՛ չորցած ոսկորներ, Տէրոջը խօսքը մտիկ ըրէ՛ք: Այսպէ՛ս կ՛ըսէ Տէրը այս ոսկորներուն. «Ահա՛, ես ձեր մէջ հոգի պիտի դնեմ ու պիտի կենդանանաք»: (Եզեկիէլ, ԼԷ. 4-5):

Արդարեւ, յիշեալ տողերով հեղինակը կը հաւատայ անմահութեան գաղափարին: Կը հաւատայ, թէ հայ նահատակները դառնալով հանդերձ տարաբախտ վկաները իրենց եղերական ճակատագրին, կը շնչաւորուին ու կը գոյատեւեն շնորհիւ աստուածային հրաշագործութեան ու կ՛ըլլան էակից տարրերը կենդանական աշխարհի:

Այս հաւատքով, այս ոգեղէն ըմբռնումով Յարութիւն Իսկահատեան ձեռնարկած է «Վկայարան Հայկական ցեղասպանութեան» խորագրեալ ուսումնասիրական աշխատանքին` հաստատելով այն համոզումը, թէ մեր նահատակները կ՛ապրին յաւիտենապէս մեր յիշողութեան մէջ` անթառամ վայելչութեամբ…:

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Ապրիլ 2011
Պէյրութ

Share this Article
CATEGORIES