«Չեմփիընզ Լիկ». Բանանց 1-0 Արդիւնքով Պարտութիւն Մը Կրեց

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 2014-2015 տարեշրջանի զտումի Ա. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, Բանանց Երեւան 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Սանթա Քոլոմայէն, Անտորրա-լա-Վելլայի «Քոմունալ» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին:

Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Մարք Փիւյոլ` 5-րդ վայրկեանին: Օրուան իրաւարարն էր Ենս Մայ (Դանիա):

Սակայն հակառակ իր կրած այս պարտութեան, Բանանց ցարդ իր յոյսերը չէ կորսնցուցած յաջորդ հանգրուան հասնելու իմաստով` նկատի ունենալով, որ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 8 յուլիսին` Երեւանի մէջ:

Share this Article
CATEGORIES