Հայաստանի Մէջ. Արծաթէ Նոր Յուշադրամ` Ի Պատիւ 2014-ի Մոնտիալին

0207tramՀայաստանի Կեդրոնական դրամատունը իր կարգին անմասն չմնաց Պրազիլի մէջ տեղի ունեցող 2014-ի Մոնտիալէն` այս առիթով անոր ի պատիւ ստեղծելով արծաթէ յուշադրամ, կը յայտնէ ArmSport.am` իր լուրը քաղելով Կեդրոնական դրամատան պաշտօնական կայքէն:

Յուշադրամին մէկ երեսին վրայ դրուած է Հայաստանի զինանշանը, որուն վարը անուանական արժէքին մակագրութիւնն է` «100 դրամ DRAM» եւ տպագրութեան թուականը` 2014:

Վարը ձախ կողմը այդ յուշադրամը տպող ընկերութեան կնիքն է, իսկ անոր շրջագիծին վրայ գրուած են հայերէնով եւ անգլերէնով «Հայաստանի Հանրապետութիւն» եւ «Republic of Armenia»:

Յուշադրամին միւս երեսը 2014-ի Մոնտիալին մասնակցող 32 երկիրներուն անուններն ու դրօշներն են, իսկ կեդրոնը` «2014 Fifa World CupTM»:

Նշենք, որ այս յուշադրամը (5000 օրինակ) տպուած է Գերմանիոյ մէջ գտնուող «Geiger Edelmetalle» դրամատան մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES