Ճորքայեֆ. «Մխիթարեան Լաւագոյնն Է Հայկական Ֆութպոլի Պատմութեան Մէջ»
Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Ինթեր Միլանի նախկին ֆութպոլիստ, աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Եուրի Ճորքայեֆ իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին անդրադառնալով Հենրիխ Մխիթարեանի կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը յառաջդիմութեան մէջ է: Բոլորս ալ կը յիշենք, որ Եուրօ-2012-ի զտումի մրցաշարքին Հայաստան բաւական լաւ ճամբայ կտրեց, սակայն չկրցաւ ապահովել աւարտական հանգրուանի իր տոմսը: Պորուսիա Տորթմունտի մաս կազմող միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան հիանալի ֆութպոլիստ է եւ կը նկատուի հայկական ֆութպոլի պատմութեան լաւագոյնը»:
CATEGORIES Մարզական

