Պարոնեանի «Պտոյտ Մը Պոլսոյ Թաղերուն Մէջ» Գիրքը Թուրքիոյ Լաւագոյն Գիրքերու Ցանկին Վրայ
Թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթը կազմած է այն գիրքերուն ցանկը, որոնք պէտք է կարդացուին այս տարուան ամառնային արձակուրդներու ընթացքին: Ցանկին մէջ ընդգրկուած է Յակոբ Պարոնեանի «Պտոյտ մը Պոլսոյ թաղերուն մէջ» գիրքը:
«Պտոյտ մը Պոլսոյ թաղերուն մէջ» գիրքը երգիծանքով կը պատմէ Պոլսոյ 34 թաղամասերու հասարակական եւ առօրեայ կեանքին մասին, ինչպէս նաեւ` հայ համայնքի խնդիրներուն հանդէպ հայ ղեկավարներու անտարբերութեան եւ հարուստ-աղքատ տարանջատման ստեղծած հակասութեան մասին:
CATEGORIES Հայ Դատ

