Թուրքիոյ Պատմագիտական Ընկերութեան Ղեկավար Հիւլակիու Եւ Հայագիտութեան Ամպիոնի Աշխատակիցները Կը Հրաժարին

0407hulaguՀայոց ցեղասպանութեան ուրացման քարոզարշաւի թրքական գլխաւոր ակադեմական կազմակերպութեան` Թրքական պատմագիտական ընկերութեան (ԹՊԸ) ղեկավար Մեթին Հիւլակիուն (նկարը) իր հրաժարականը ներկայացուցած է: Թրքական «Միլլիէթ» թերթին տուած հարցազրոյցի մը մէջ ան նշած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին համար նախատեսուող  շարք մը ուսումնասիրութիւններ եւ սեմինարներ կրնան անաւարտ մնալ:

«Միլլիէթ» կը յայտնէ նաեւ, որ Հիւլակիույի հրաժարականէն ետք հրաժարական ներկայացուցած են Թուրքիոյ հայագիտութեան ամպիոնի 4 աշխատակից, որոնցմէ դոկտ. Մուսա Շաշմազը յայտնած է, թէ վարչապետ Էրտողանի 1915-ի դէպքերու առնչութեամբ ցաւակցական ուղերձը դժուարութիւններ ստեղծած է հայագիտութեան ամպիոնի աշխատակիցներուն համար:

Share this Article
CATEGORIES