Հայկական Լոպին Հասեր Է Վան, Իգտիր Եւ Մալաթիա…

0407asimderԹուրքիոյ մէջ կը գործէ «Հայկական պնդումներու դէմ պայքարելու միջազգային կազմակերպութիւն» կոչուած մարմին մը, որուն նպատակն ու առաքելութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը ուրանալն է: Այս կազմակերպութեան կեդրոնը կը գտնուի Ըղտըրի (Իգտիր) մէջ: Թրքական կրճատումով` կը կոչուի ԱՍԻՄ-ՏԷՐ: Ըստ այս կազմակերպութեան պնդումներուն, հայե՛րն են, որ ցեղասպանութիւն գործադրած են թուրքերու դէմ: ԱՍԻՄ-ՏԷՐ ցուցահանդէսներ կը կազմակերպէ եւ հայերու սպանդները «ապացուցող» լուսանկարներ կը ցուցադրէ:

Վերջերս վերոյիշեալ կազմակերպութեան նախագահ Կէօքսել Կիւլպէյ ըսաւ, որ անդրադարձած են, թէ հայկական լոպիները այժմ սկսած են աշխատիլ Մալաթիոյ մէջ եւ այդ պատճառով իրենք ալ Մալաթիա եկած են, որպէսզի լուսաբանեն Մալաթիոյ ժողովուրդը եւ չարտօնեն, որ Մալաթիոյ ժողովուրդը խաբուի հայկական լոպիներու քարոզչութիւններէն:

Ան հաւաքի մը ընթացքին յայտարարեց, որ հայերը 1915-ին Թուրքիոյ մէջ եւ 1992-ին ալ Ազրպէյճանի մէջ թուրքերու դէմ ցեղասպանութիւններ գործադրած են: Մալաթիոյ Ապտիւլլա Կիւլ հանրապարտէզին մէջ բացուեցաւ ցուցահանդէս մը, ուր այս երկու սպանդներուն վերագրուած լուսանկարներ ցուցադրուեցան:

ԱՍԻՄ ՏԷՐ-ի նախագահ Կիւլպէյ ըսաւ. «Հիմա Մալաթիա եկած ենք, որովհետեւ վերջերս անդրադարձանք, որ Կարսի, Իգտիրի ու Վանի հայկական լոպիները սողոսկած են Մալաթիա: Մենք Կարսի սեւ Իգտիրի մէջ շատ յաջող աշխատանք տարինք հայկական պնդումներուն դէմ, հիմա Մալաթիա եկած ենք: Մալաթիան ալ քաղաք մըն է, որ շատ տառապած է հայերու գործած ոճիրներէն, ուստի գիտենք, որ գիտակից ժողովուրդ է մալաթիացին, եւ մենք ալ պիտի չարտօնենք, որ հայկական լոպիները խաբեն Մալաթիոյ ժողովուրդը»:

Share this Article
CATEGORIES