2012-Ի ՖՈՒԹՍԱԼԻ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ ԶՏՈՒՄԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄԱՍ ԿԱԶՄԵՑ Ա. ԽՄԲԱԿԻՆ

Նախորդ շաբաթավերջին, Զուիցերիոյ Նիոն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ 2012-ի ֆութսալի աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը: Նշենք, որ այս մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան 2-18 նոյեմբեր 2012-ին` Թայլանտի մէջ:

Եւրոպայի գօտիին մէջ տեղի ունեցած զտումի Ա. հանգրուանի վիճակաձգութեան, 20 խումբերը բաժնուեցան 5 խմբակի: Հայաստան, որ մաս կազմեց Ա. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Վրաստանը, Մոլտաւիան եւ Մալթան: Մրցումները տեղի պիտի ունենան 19-23 հոկտեմբեր 2011-ին` Վրաստանի մէջ:

Եթէ Հայաստան գրաւէ իր խմբակին պարագլուխի դիրքը, Բ. հանգրուանին մաս պիտի կազմէ Գ. խմբակին` իրեն մրցակից ունենալով Սլովենիան, Սերպիան եւ Իսրայէլը:

 

Share this Article
CATEGORIES