ԱՍԻՈՅ ԱԹԼԵԹԻԶՄԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ԿՐԵԹԹԱ ԹԱՍԼԱՔԵԱՆ ՏԻՐԱՑԱՒ ԱՐԾԱԹ ՄԵՏԱԼԻ ՄԸ

Կրեթթա Թասլաքեան (ձախին)

Նախորդ շաբաթավերջին Ճափոնի Քոպէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցան Ասիոյ աթլեթիզմի ախոյեանութեան մրցումները:

Այս մրցումներուն Լիբանանէն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Կրեթթա Թասլաքեան, որ մաս կը կազմէ Ինթըր Լեպանոն ակումբին:

Թասլաքեան 200 մեթր վազքի մրցումներուն յաջողեցաւ Լիբանանի ապահովել արծաթ մետալ մը` արձանագրելով 24″ 01 արդիւնք մը: Առաջին հանդիսացաւ ճափոնցի Շիսաթօ Ֆոքոշիմա (23″ 43), իսկ երրորդ` անոր ազգակից Սայուրի Էմայա (24″ 06):

Նշենք, որ Կրեթթա Թասլաքեանի կը պատկանին 60, 100, 200 եւ 400 մեթր վազքի լիբանանեան մրցանիշները:

Share this Article
CATEGORIES