ՇՈՓԵՆԻՆ ՍԻՐՏԸ

«Հայերը մեծ ներդրում եւ նպաստ ունեցած են Լեհաստանի ընկերային, տնտեսական եւ մշակութային կեանքին զարգացման մէջ», այսպէս արտայայտուեցաւ լեհ օրէնսգէտ-տնտեսագէտ մը, որուն պատահաբար հանդիպեցայ, եւ որուն հետ հետաքրքրական զրոյց մը ունեցայ Վարշաւիայէն Քրաքով շոգեկառքի 3 ժամնոց ճամբորդութեան մը ընթացքին:

Հետաքրքրական էր նաեւ այդ պատահական հանդիպումին պատահական օրը` 28 մայիս 2011: Թէեւ աշխատանքով կը մեկնէի քրաքով, բայց նաեւ` ապրելու եւ պեղելու պատմութեան ընթացքին Լեհաստանի մէջ հայկական իրականութիւնը. այս իմաստով իւրայատուկ ժամադրութիւն մը ունէի, նոյնինքն Հայաստանի առաջին անկախութեան տարեդարձին օրով:

Զրուցակիցս, օրէնսդրական եւ տնտեսագիտական մասնագիտութիւններուն կողքին, հետեւած էր նաեւ պատմութեան դասընթացքներու եւ քաջատեղեակ էր Հայոց ցեղասպանութեան ողբերգական իրականութեան: «Հայերը շատ լաւ գործարարներ եղած են եւ միշտ աշխատած են լեհ գաղութին մէջ` առանց օտար զգալու: Ապահովելով կեանքի բարւոք կենսամակարդակ` դարձած են ազնուական քաղաքացի եւ այդ պատճառով դիւրին եղած է նոյնացումը իրենց եւ տեղական գաղութին հետ»:

Եթէ մէկ կողմէն իր հետաքրքրութիւնն ու գիտելիքներու առատ փոխանցումը իմ հետաքրքրութիւնս կը սրէր, միւս կողմէ` «ձուլումին» ու «նոյնացումը» ցաւը սիրտս կը կրծէր` իբրեւ իրականութիւն…: Անոր ըսածը իրականութիւն է, քանի որ հայերը Լեհաստանի մէջ տարիներ շարունակ ունեցած են ազգային, մշակութային, եկեղեցական եւ ընկերային մեծ ներկայութիւնը, որ այսօր նոյնացած է տեղական իրավիճակին հետ…: «Եթէ «իչ» մասնիկով ազգանունները պեղես, պիտի տեսնես, թէ հոն հայկական արիւն կայ», կը շարունակէր ան նոյն հետաքրքրութեամբ: Լեհաստանի մէջ այսօր կայ հայկական նոր իրականութիւն մը: Լեհաստանի մէջ կ՛ապրին աւելի քան 45 հազար հայեր` մեծամասնութեամբ Հայաստանէն: Անոնք կ՛աշխատին նոյն ուժգնութեամբ, ինչպէս աշխատած է պատմութեան տարբեր հոլովոյթներուն ապրած իւրաքանչիւր հայորդի: Մտքիս ու սրտիս մէջ անպայման կայ այն մտահոգութիւնը, որ արդեօք այս գաղո՞ւթն ալ պիտի ենթարկուի իր մականուններուն ետին լեհական «իչ» մասնիկը կրելու իրավիճակին, ինչ որ ի յայտ պիտի գայ, երբ ապագային հայորդիներ հայկական արխիւային աշխատանքի մը ձեռնարկեն: Արդեօք այս գաղո՞ւթն ալ, նոյնանալով տեղական ժողովուրդին հետ, պիտի ձուլուի՞ լեհական իրականութեան մէջ…: Պատմութիւնը նման փորձառութիւններու ականատես եղած է. այս երկրին մէջ արդեօք դարձեա՞լ պիտի կրկնուի այս երեւոյթը…:

Թերեւս ճամբորդութիւնը քիչ մը երկար էր, բայց մեր խօսակցութիւնը առիթ չէր տար ձանձրանալու: «Լեհ ժողովուրդը շատ տառապած է իր պատմութեան ընթացքին, յատկապէս` Բ. Համաշխարհային պատերազմին. այս իրականութիւնը մեզ դարձուցած է աշխատասէր ժողովուրդ մը», շարունակեց ան: «Աւելի քան երեք միլիոն լեհ սպաննուած է Բ. Համաշխարհային պատերազմին` գերմանացիներուն բռնագրաւումին ժամանակաշրջանին, զոհերուն թիւը նոյնն է, որքան` Հրէական ողջակիզումին զոհերուն թիւը», ըսաւ ան: Զարմանքի նշան մը գծուեցաւ դէմքիս վրան լեհական ցեղասպանութեան մասին չլսելուս պատճառով հակառակ հրէական ողջակիզումին մասին տեղեակ ըլլալուս. նոյն պահուն զրուցակիցիս դէմքին վրայ երեւցաւ մեղմ ժպիտ մը, որուն ետին կը տեսնէք յուզմունք եւ տխրութիւն:

«Հրեաները աւելի լաւ կրցած են իրենց հարցը աշխարհին ծանօթացնել, քան` մենք»: Լեհ զրուցակիցս հետզհետէ բացայայտեց տարիներէ ի վեր իր սրտին մէջ պահած այլ վէրք մը, բայց միւս կողմէ` ամրապնդելով հայենիքին հանդէպ նուիրուածութիւնն ու կարօտը…

Թէեւ կողքին նստած կը զրուցէի, բայց եւ այնպէս մտքով առանձնացած` կ՛ապրէի պատմութիւնս ամբողջութեամբ ու զայն կամրջելով լեհական իրականութեան հետ. կը հասկնայի իր ցաւը, որ նաեւ իմս էր: Ցեղասպանութիւնն ու անոր իրական հաշուետուութիւնը: Բայց ինչո՞ւ պատմութեան ընթացքին  արձանագրուած նոյնատեսակ դէպքեր եւ իրավիճակներ տարբեր ձեւով ու կշիռով կ՛ընկալուին միջազգային ընտանիքին կողմէ…:

«Համայնավար կարգ ու սարքի օրերը դժուար էին, բայց գոհունակ էինք, որովհետեւ մեր երկրին մէջ կ՛ապրէինք եւ այսօր ալ նոյն մեր երկիրը պիտի շինենք», հպարտօրէն ըսաւ ան, որ լծուած է տենդագին աշխատանքի` պետական անձնակազմի ու վարչամեքենայի մէջ վերցնելով տնտեսական խորհրդատուի պատասխանատու պաշտօնը:

Շոգեկառքը սկսաւ մօտենալ Քրաքովի կայարանին: Ան հաւաքեց իր պայուսակները եւ հրաժեշտ տալով ինծի` ըսաւ. «Հայերը անկեղծ եւ պարկեշտ ժողովուրդ եղած են մեր երկրին մէջ»:

Ուրախ էի լեհ զրուցակիցիս` ազգիս նկատմամբ վկայութեամբ, որուն մէջ կը տեսնէի անոր քննական միտքը, վերլուծումն ու համոզմունքը, բայց տակաւին կայ յաւելեալ պատմութիւն…

Լեհաստան հպարտ է իր մէկ զաւակով միջազգային երգահան Շոփենով: Անոր անունը կը տեսնես երկրին, մանաւանդ մայրաքաղաք Վարշաւայի տարբեր շրջաններուն մէջ, իսկ անոր երաժշտութիւնը լսելի է ամէն տեղ. այդ երաժշտական յօրինումներուն մէջ զգալի է անոր սէրն ու տագնապը իր երկրին ու ժողովուրդին հանդէպ: Շոփեն մահացած է Ֆրանսա եւ ուզած է թաղուիլ Լեհաստան: Ցարական Ռուսիոյ իշխանութիւնները չարտօնելով այդ` կարելի եղած է Շոփենին միայն սիրտը բերել Վարշաւա եւ զետեղել կեդրոնական շրջանի Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ: Շոփենին սիրտը, որ լեցուն է իր երկրին ազգային-հայրենասիրական զգացումով ու կարօտով, իր տեղը գտած է հոն, ուր իր սիրտը միշտ տրոփած է իր ամբողջ կեանքին ընթացքին:

Լեհաստան այսօր անցած է Եւրոպական Միութեան համակարգ եւ արդէն սկսած է խօսիլ տալ իր մասին միջազգային ընտանիքին մէջ:

Մինչ կը շրջագայէի երկրին տարբեր շրջանները ու ամէն քայլափոխի վերելք մը կ՛ապրէի, լեհ զրուցակիցս հաստատ ու վճռական խօսքերը անընդհատ կը կրկնուէին մտքիս մէջ` «… լծուած ենք մեր երկիրը շինելու»:

Եթէ Շոփենի սիրտը թաղուած է Վարշաւայի մէջ, ուրեմն անոր տրոփիւնը չէ դադրած: Այդ տրոփիւնը այսօր կը մղէ զրուցակիցս եւ լեհ ժողովուրդը, որոնք` «… լծուած են իրենց երկիրը շինելու»:

Բայց Շոփենի սրտին նման կան նաեւ հայ ժողովուրդին բոլոր «նուիրեալներուն» սիրտերը, որոնք թաղուած են հայրենիքի մէջ` անկախացած ու պահանջատէր: Այս սիրտերուն տրոփիւնները տակաւին կանգ չեն առած եւ նոյն տրոփիւնները կը յուշեն ու կը զգաստացնեն հայը, հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի, որ անհրաժեշտ է լծուիլ մեր երկիրը շինելու եւ մեր պահանջատիրութիւնը շարունակելու»:

Արժէք է եւ ուժ` Շոփենին սիրտը, բայց անպայմանօրէն նաեւ` հայունը…:

ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES