Վարդօ – Թաքուն Հայերու Պատմութիւն
ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Եղբայրս` Վարդավառը, օր մը դպրոցէն տուն եկաւ` ըսելով. «Հայերէնի ուսուցչուհին զիս Վարդօ վերանուանեց»: Այդ օր բոլորիս համար ալ զարմանալի թուեցաւ եղբօրս ստացած վերամկրտումը, քանի որ այդ, բացի մեծ հօրս անունը ըլլալէ, նաեւ կը յիշեցնէր մեր հայկական եւ քրիստոնէական կարեւորագոյն աւանդութիւններէն եւ տաղաւարահարաց տօներէն մին: Ու պահ մը յիշեցի, թէ ինչպէ՛ս նոյն ուսուցչուհին, բարի կամեցողութեամբ, փորձած էր անունս հայացնելով` վերածել Մարիանայէն Մարինէի:
«Մարինէ» հայկական անունս ինքզինք պարտադրեց ուսանողութեանս երկրորդականի շրջանին, սակայն «Վարդօ»-ն, իմ դժգոհանքիս առընթեր, շարունակեց իր իշխանութիւնը մինչեւ անցեալ մայիս, երբ դարձաւ իմ հպարտանքիս շարժառիթներէն մին:
Խումբ մը հալէպահայ «խենթ»-եր, Մայիս 28-ի տօնակատարութեանց ներկայ գտնուելու ձգտումով, Արեւմտահայաստանի ճամբով կ՛ուղղուէին դէպի Արեւելահայաստան: Անոնց ինքնաշարժը ցուցարարներու կողմէ կը կասեցուէր: Ովքե՞ր էին այդ տարօրինակ բնաւորութեամբ մարդիկը…
Մշոյ դաշտի Վարդօ գիւղի պահանջատէր հայերն էին: Այն գիւղը, որուն մէջ հազարամեակներ առաջ սկիզբ առած էր վարդավառեան տօնակատարութիւնները` Աստղիկ դիցուհիի հովանաւորութեամբ, վարդերու տարափով, ուրկէ ստացած էր իր անուանումը ու մինչեւ մեր օրերը` պահպանած զայն: Մշոյ դաշտի հիւսիսարեւմտեան շրջանը, Մուշ քաղաքէն 60 քլ դէպի հիւսիս, շրջապատուած Բիւրակնեան (Պինկէօլ) լեռներով, ջրառատ գիւղ մըն է Վարդոն, տասնմէկ հազար բնակչութեամբ: Երկու մեծ երկրաշարժերու (1946 եւ 1966 թուականներուն) թիրախ դարձած, որոնցմէ վերջինին վէրքերը չեն սպիացած տակաւին: 1071 թուականին սելճուքներու արշաւանքին եւ Մանազկերտի ճակատամարտին իբրեւ հետեւանք` Վարդոն կ՛անցնի սելճուքներու տիրապետութեան տակ, իսկ 1514 թուին` օսմանեան: Ու բարեկամս շարունակեց պատմել. «Անոնք իրենց հուժկու մարմիններով մեր ինքնաշարժին ընթացքը կասեցնելով` կը ջանային բան մը ըսել, գանգա՞տ էր, թէ՞ աղերս, չէր հասկցուեր. աւելի ճիշդը` այս երկուքին հանրագումարը, որ ահազանգի մը պէս կը հնչէր անոնց ցասկոտ եւ պահանջատէր շրթներէն` «Ժամանակին այստեղ հայեր կ՛ապրէին, այժմ եւս կ՛ապրին»: Տարօրինակ էր անոնց արտաքինն ու խօսակցութիւնը: Գիւղի բնակիչները ամբողջութեամբ հայեր էին: Բազմաթիւ փոքրիկ շրջակայ գաւառներով այս աւանը իր բնակչութեամբ, Ցեղասպանութեան ժամանակ առերես իսլամութիւն ընդունած, արտաքուստ թուրք, քիւրտ իսլամ ներկայացող, բայց իր ազգային-կրօնական նկարագիրը գաղտնի շարունակող, ներամփոփ, խառն ամուսնութիւններէ հեռու մնացած մեր արիւնակիցները կը ներկայացնէր: Խուսափելով ձուլումէն` կրցած էին իրենց հայկականութիւնը պահպանել մինչեւ մեր օրերը: Անոնք կը փնտռէին իրենց «եղբայրներ»-ը: Տարիներ շարունակ զրկուած իրենց մայրենի լեզուով արտայայտուելու իրաւունքէն` պարտադրաբար թուրք կոչուած էին, քանի որ սահմանադրական օրէնքը կ՛ըսէ, թէ Թուրքիոյ տարածքին ապրող քաղաքացիները բոլորն ալ թուրքեր են: Իսկ Արեւմտահայաստանի եւ արեւմտահայութեան հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն «Ակունք»-ը Երեւանէն կը գրէ. «Այսօր Թուրքիոյ մէջ հայը ազգութիւն չէ, այլ` խորհրդաւոր թշնամի»:
Ու Նեմրութ լերան շրջակայքը` հազարաւոր տարիներէ ի վեր ապրած բնիկ հայեր, իրենց թմբիրէն ելած` կը պարզէին իրենց ինքնութիւնը: Զարթօնքի մէջ էին, կը շփէին քունէն բացուող իրենց արտեւանունքները:
Բարեկամիս Հալէպ վերադարձի նոյն օրն իսկ պրպտեցի «ֆէյսպուք»-ը: Մինչ այդ կ՛այպանէի բոլոր «ֆէյսպուք» օգտագործողները, այդ օր այդ «բարիք»-ին շնորհիւ` կրցայ կապի մէջ մտնել խեղճ ու անտէր հայերու հետ, որոնք ոչ միայն Վարդօ գիւղի, այլ Արեւմտահայաստանի տարածքին մեծ մասին ծագումով հայ բնակիչներն էին, խեղաթիւրուած անուններով, խոր սրտի վիշտով ու կսկիծով մարդիկ, որոնք ծածուկ կը մնան աշխարհի, նոյնիսկ իրենց սփիւռքի արիւնակիցներու ոչ միայն աչքերէն, այլ նաեւ` սիրտերէն: Ո՞վ կրնար գուշակել, թէ Թիւլին Էրօղլուն կրնար Թալին Էրմէնիօղլու ըլլալ, որ «ֆէյսպուք»-ի վրայ թրքերէնով կը խոստովանի` ըսելով. «Լա՛ւ որ երաժշտութիւնը լեզու չունի, թէ ոչ այս հայկական գեղեցկութենէն զրկուած պիտի մնայինք»: Խօսքը «ֆէյսպուք»-ի իրենց համար վերապահուած էջի մասին է, որուն անունն է «Վարդօ Էրմէնիլէրը»: Կը պարզուի, թէ էջին հեղինակը ծնած է Վարդօ, աւարտած` Վարդոյի լիսէն, աշխատած` Նիկոլ Գալանտէրեանի անուան բեմարուեստի մանկավարժական համալսարանը, սակայն ներկայիս կ՛ապրի Գերմանիա, իսկ անձնանունը անյայտ կը մնայ մեզմէ… Ու ասոր նման իրար ետեւէ կը յայտնագործեմ նաեւ` Սասուն, Մուշ, Պիթլիս, Արաբկիր, Սեբաստիա, Պինկէօլ, Վան, Աղրըտաղ, Տարօն… էրմէնիլէրը էջերը: Իւրաքանչիւր «էջ» անուններու եւ պատմութիւններու աշխարհ մըն է, հայու աշխարհ… Բոլոր Էրօղլու ազգանուն կրողները ունին հայկական ծագում, որ կը նշանակէ` հայորդի: Վարդոյի հայերը իրենց էջին իբրեւ դիմանկար` զետեղած են ծեր մամիկ մը ձեռքին զէնք… Անոնց ցաւերուն ու հայ ըլլալու տառապանքին, ինչո՞ւ չէ, յետամնաց գիւղաքաղաքի մը մարդիկը ըլլալուն` կարելի է հաղորդակից դառնալ այս միջոցով եւ թերեւս մտածել լուծումներու մասին, անշուշտ` հայրենի պետական աջակցութեամբ եւ մակարդակով, ծածուկ կամ բացայայտ: «Անատոլուի հայեր» էջը կը գրէ թրքերէնով. «Մեր նպատակն է Արեւմտահայաստանի եւ աշխարհի տարբեր մասերուն սփռուած հայեր իրարու կապել եւ իրենց անցեալին հասու դարձնել»: Կը մտածեմ, թէ ինչպէ՛ս լուցկիի ցպիկը ե՛ւ աւերող, ե՛ւ պիտանի յատկանիշներ ունի, նոյնը կարելի է ըսել նաեւ համացանցին եւ այս հրաշք պատեհութեան` «ֆէյսպուք»-ին համար, ուր փոքրիկ սեղմումով մը «like» ընելով կամ «հաւանել»-ով, որ իմ հայերէնով թարգմանուած տարբերակս է, կրնամ ցաւած հայու մը աչքերուն ժպիտ պարգեւել: Իմ երկու բառովս, մխիթարական խօսքովս զգացնել, որ իրենք առանձին չեն: Նախ պէտք է ընդունիլ ու կազդուրել զանոնք խօսքով: Ու հոն այդ «էջ» ըսուածին վրայ ամէն յանցանք եւ թերութիւն բացայայտ է: Իսկ ինչ որ կը հրատարակես, բոլորին սեփականութիւնը կը դառնայ, ու իրենց վիշտը կը համակէ քեզ: Այս միջոցով կարելի է ծանօթանալ իրենց ներքին կեանքին: Մշոյ բարբառին` աղաւաղուած թրքերէնով կամ ալ քրտերէնով` Վարդոյի հայերէնին: Անոնցմէ մաս մը նաեւ կը ճանչցուին իբրեւ «զազա» եւ իրենց լեզուն զազայերէնն է: Վերջերս Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ իրենց նուիրուած գիտաժողով մը, որուն հրաւիրուած էին նաեւ իրենք: Այս համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին մեծ թիւով եւ այնքան շոյուած ու «հայ» զգացած էին:
Մեկնաբանող մը Հայաստանէն «ֆէյսպուք»-ի վրայ կը հարցնէ. «Ի՞նչ լեզու է…»: Տեսանիւթերու ընդմէջէն կը ծանօթանամ անոնց երգ ու բառին, խանձուած դիմագիծերուն, հայկական աչքերուն, ամենակարեւորը` հայու տանջուած, բաբախող սիրտին: Անոնք շատ անգամ թուրքերու կողմէ կը շփոթուին քիւրտերու հետ եւ իրենց ճակատումներուն ընթացքին կամ իրենց իրաւունքներու հետապնդման ճամբուն վրայ կը նահատակուին իբրեւ քիւրտ խռովարարներ: Կը պատահի նաեւ հակառակը, երբ թուրքերը կ՛եզրակացնեն, թէ այն, ինչ որ խորհրդաւոր է կամ` ահաբեկչութեան հետ կապուած, ուրեմն հայեր կան անոր ետին, կամ ալ ծագումով հայեր են: Կ՛ունկնդրեմ Վարդոյէն Հայկ Եազճեանի «Հանին» սկաւառակը` հայահունչ երաժշտութիւն, երեք հազար տարիներու խորքէն հնչող իր պարզ հնչերանգով, հայկական տուտուկի եւ քամանչայի ընկերակցութեամբ:
«Մեր տանիտէր պարտքկոր ընկան լէլէ, լէլէ, լէլէ ջան», կամ` «Լորի, լորի, լորի քամին», որուն բառերը կը շարունակուին զազայերէնով, որ կ՛ըսէ` «Քնացիր, մանկիկս, հանգիստ քունով, գոնէ գիտեմ, թէ աչքերուս առջեւ ես, մինչեւ գայ «արթննալու» օրդ… լորի, լորի, լորի քամին…»:
Դարձեալ մէկը, ըստ երեւոյթին ինծի պէս նոր ծանօթացած այս մարդոց, այս անգամ Հայաստանէն կը գրէ. «Ի՞նչ լեզու է…»: Տեսահոլովակներուն բոլոր դէմքերը արցունքոտ աչքերով, մանկական ցեխոտած դէմքերով, պատռտած հագուստներով թշուառ մարդիկ են: Աստուա՛ծ իմ, մարդ որքան անխիղճ ըլլալու է, որ իր ականջները կարենայ փակել անոնց աղաղակին ու կոչին…
Անոնք կորսնցուցած իրենց մարդկային տարրական իրաւունքները` լեզուն եւ բարեկեցութիւնը, ուրիշի իշխանութեան տակ տակաւին կը շարունակեն գոյատեւել: Ծայրայեղ թշուառութեան մէջ ապրող հայեր: Հարց կու տամ ես ինծի. «Եթէ հոն մնացած ըլլայի, արդեօք ես ալ նոյն վիճակին մէջ չէի՞ ըլլար…»:
«Անատոլուի հայեր» էջին մէջ կը կարդամ թրքերէնով. «Իմացի՛ր, թէ այն, ինչ որ տխուր սրտով հեռացած ատեն ձգած ես, վերադարձիդ այլեւս չես գտներ…»:
Անոնք իրենց հողին վրայ կ՛ուզեն ապրիլ իբրեւ հայ: Այս մարդիկը ամէն ժամանակէ աւելի պէտք ունին մեր կարեկցութեան ու աջակցութեան: Անոնց վրայ իշխող պետութիւնը ներքնապէս քայքայուած է, եւ անոնք երկրորդ եղեռնի մը վախով ու սարսափով կ՛ապրին: Միթէ Արցախը, Ջաւախքը եւ սփիւռքը Հայաստանի վիրաւոր հատուածներն ու զաւակնե՞րն են, իսկ ասոնք` ո՞չ:
Այսօր աւելի շատ հայութիւն ունինք Արեւմտահայաստանի մէջ, քան` Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ: Անոնք երեքուկէսէն չորս միլիոն հայութիւն են` ըստ Հայկազուն Ալվրցեանի, մեծ մասամբ` քրտացած եւ թրքացած, որոնց կարեւոր մէկ տոկոսը կ՛ուզէ վերադառնալ իր արմատներուն: Անոնց մեծ մասը գաղտնօրէն պահպանած է իր քրիստոնէական աւանդութիւնները, ամուսնացած` իրենց բախտակից ծպտեալ հայերու հետ, արտաքնապէս ներկայանալով իբրեւ թուրք կամ քիւրտ: Իսկ տարբեր փաղանգ մըն ալ թուրքերու եւ քիւրտերու կողմէ իսլամութիւնը բռնութեամբ դաւանած է: Նոյնիսկ անոնց մէկ մասը տեղեակ անգամ չէ, թէ իրենց մեծ հայրերն ու մայրերը բռնի կրօնափոխութեան ենթարկուած են: Սակայն գերակշռող մեծամասնութիւնը ամուր գրկած իր գաղտնիքը` կը սպասէ արմատներուն վերադառնալու:
Արեւմտահայաստանի հողին վրայ ոտք դնելու առանձնաշնորհումին տակաւին չարժանացայ, սակայն օրն ի բուն այդ հողերուն վրայ արեան գնով ապրող, այդ հողերու իսկական տէրերուն, որոնք ամուր կառչեցան իրենց հողին, այդ հայերուն հետ հոգեկան կապի մէջ ըլլալը զօրաւոր ներուժ կը պահանջէ…
Վերջերս Ալաշկերտի շրջանէն ծագումով հայեր կը գրեն. «Ի՛նչ Զատիկ, ի՛նչ հատիկ, երբ մենք ուրախ չենք եւ ուրիշի իշխանութեան տակ եւ անոր սպառնալիքներով կ՛ապրինք»: Մշոյ դաշտի Վարդօ գիւղի կամ Մուշի, Տիգրանակերտի, Տարօնի (եւ կարելի է շարել գրեթէ մեր բոլոր բռնագրաւուած գիւղերու եւ քաղաքներու անունները) մեր արիւնակից քոյրերն ու եղբայրներն են: Կորսնցուցած` լեզու, երջանկութիւն, բարօրութիւն, բայց` ո՛չ հող, թէեւ ուրիշին կարծուած եւ ուրիշէն խլուած մեր հողը իր իսկական սեփականատէրերուն ոտքերուն, անոնց ոտքերուն տակ է: Ամուր կառչած իրենց հողին` դեռ կը սպասեն զիրենք լքած, բայց անգամ մըն ալ ետեւ չդարձած հարազատներուն…

