ՀԱՅՐԵՆԻ ԿԵԱՆՔ

ՍՓԻՒՌՔԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԱՄՊԻՈՆԻ ԱՌԱՋԻՆ
ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐԸ ՎԿԱՅԱԿԱՆ ՍՏԱՑԱՆ

Յուլիս 8-ին կայացաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ 2008-ին հիմնադրուած Երեւանի պետական համալսարանի  Հայ բանասիրութեան բաժինի կազմին մէջ գործող սփիւռքագիտութեան ամպիոնի

առաջին շրջանաւարտ մագիստրոսներու վկայականներու յանձնման արարողութիւնը:

Շնորհաւորելով սփիւռքագիտութեան ամպիոնի առաջին շրջանաւարտները եւ յաջողութիւն մաղթելով անոնց գործունէութեան Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան մասնաւորապէս նշեց. «Քաղաքականութիւնը մշակում եւ իրականացնում են մասնագէտները: Այսօր մեր գլխաւոր խնդիրներից մէկը մասնագէտներ պատրաստելն է, ովքեր կը զբաղուեն սփիւռքի հիմնախնդիրների ուսումնասիրութեամբ եւ կը նպաստեն Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացմանը»:

Շրջանաւարտները շնորհաւորեցին նաեւ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան ուսումնարանի տնօրէն Ա. Մելքոնեանը, Երեւանի պետական համալսարանի սփիւռքագիտութեան ամպիոնի վարիչ Ե. Աւետիսեան եւ ամպիոնի դասախօսները` նշելով մարդուժի հզօր հիմքի ստեղծման կարեւորութիւնը Հայրենիք-սփիւռք գործակցութեան զարգացման իմաստով:

Շրջանաւարտները այնուհետեւ ներկայացուցին սփիւռքագիտութեան ամպիոնի երկու տարուան պատմութիւնը:

Վկայականներ յանձնուեցան 11 մագիստրոսներու. երկրորդ տարուան ծրագիրով նոյնպէս կ՛ուսանի 11 մագիստրանտ:

Այս տարի սփիւռքագիտութեան ամպիոնին մէջ մագիստրոսական ծրագիրով կրթութիւնը շարունակել փափաքողներուն թիւը զգալիօրէն աճած է:

«ՈՍԿԷ ԾԻՐԱՆ»Ը ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԿԸ ՍՏԵՂԾԷ ԱՅԼ
ՏՐԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ», ԸՍԱՒ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՍԱՐԳՍԵԱՆ

Երեւանի «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահին մէջ 10 յուլիսին սկսաւ «Ոսկէ ծիրան» երեւանեան միջազգային 8-րդ փառատօնը: Հակառակ յորդառատ անձրեւին` փառատօնի բացումը կայացաւ նախատեսուածին համաձայն:

Փառատօնի բացման ներկայ էին վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական բաժինի ներկայացուցիչներ, աշխարհահռչակ դերասաններ, բեմադրիչներ, եւ այլն:

Ինչպէս նշած է վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, «Ոսկէ ծիրան»ը երեւանցիներու կեանքը կը դարձնէ առաւել հետաքրքրական: «Արդէն անհնարին է դարձել պատկերացնել ամառը` առանց այս փառատօնի, որը ստիպում է Երեւանին ապրել այլ տրամադրութեամբ», ըսաւ Տիգրան Սարգսեան` աւելցնելով, որ փառատօնը տարուէտարի կը կատարելագործուի: «Կառավարութիւնը քայլեր կը ձեռնարկի, որպէսզի փառատօնը շարունակական լինի», ըսաւ վարչապետը:

Փառատօնի կազմակերպիչները յոյս յայտնեցին, որ 10-րդ փառատօնը պիտի կայանայ յատուկ փառատօնային կեդրոնին մէջ, որ կարելիութիւն պիտի ունենայ ընդունելու շուրջ 1500 հանդիսատես:

Աշխարհահռչակ դերասանուհի Ֆանի Արտան համաշխարհային շարժանկարի զարգացման գործին մէջ ունեցած աւանդին համար արժանացած է Փարաճանովեան մրցանակներու: Փառատօնը սկսած է Աբաս Քեառոսթամիի «Վաւերացուած պատճէնը» շարժանկարով:

ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻ ՆՈՐ ՄԱՍՆԱՇԷՆՔ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ
ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Հայաստանի անկախութեան 20-ամեակին օրը` սեպտեմբեր 21-ին, բացումը պիտի կատարուի Մատենադարանի նոր մասնաշէնքին: Իսկ յաջորդ օրը պիտի սկսի Միջազգային հայագիտական գիտաժողով` նուիրուած Մեսրոպ Մաշտոցի ծննդեան 1650-ամեակին:

Մատենադարանի փոխտնօրէն Շուշանիկ Ղազարեան յայտնած է, որ նոր մասնաշէնք պիտի տեղափոխուին` հայագիտական գրադարանը, ձեռագիրներու վերականգնողական եւ թուարկման բաժանմունքը եւ ընթերցասրահը: «Հին շէնքը ամբողջովին պիտի վերանորոգուի, նորամուծութիւններ պիտի ըլլան ցուցադրութեան առումով: Պիտի պահպանուի հիմնական ցուցասրահը, ինչպէս նաեւ պիտի ըլլան տարբեր շրջաններու գրչութեան կեդրոններու ցուցասրահներ, որովհետեւ հաւաքածուները շատ հարուստ են. անհրաժեշտ է ցուցադրել մեր ձեռագրատան հաւաքածոները», նշած է Շուշանիկ Ղարիպեան:

Ձեռագրատան գլխաւոր աւանդապահ Գէորգ Տէր Վարդանեան յայտնած է, որ հին մասնաշէնքին մէջ ընթերցասրահէն կ՛օգտուի 65 հոգի, իսկ անոր մասնաշէնքի ընթերցասրահէն պիտի կարենայ օգտուիլ 230 հոգի:

Մասնաշէնքը ունի բոլոր կարելիութիւնները` մատեանները բարւոք վիճակի մէջ պահելու համար: Այստեղի ձեռագիրներու վերականգնողական բաժինը տարածաշրջանին մէջ լաւագոյնն է: Մասնագէտները շատ փորձառու են եւ յաճախ կը հրաւիրուին արտերկիր:

Նշենք, որ ձեռագիրներուն մեծ մասը մագաղաթէ են եւ անոնք յաճախակի մշակման կարիքը ունին:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԱՅՑԵԼԱԾ Է
2011 ԹՈՒԱԿԱՆԻ «ԱՐԻ ՏՈՒՆ» ԾՐԱԳԻՐԻ
ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՂՆԵՐՈՒՆ

30 յունիսին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան այցելած է Աչվերանի «Կարին» ճամբարին հիւրընկալած 2011 թուականի «Արի տուն» ծրագիրի առաջին հանգրուանի մասնակցողներուն: Անոնք նախարարին փոխանցած են իրենց տպաւորութիւններն ու զգացումները, ինչպէս նաեւ Հրանուշ Յակոբեանի ներկայացուցած են ճամբարի ընթացքին իրենց սորված ազգային երգերն ու պարերը:

Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի հետ Աղվերանի «Կարին» ճամբար այցելած է Հայաստանի երգահաններու միութեան նախագահ Ռոպերթ Ամիրխանեան: Երգահանը շարք մը ստեղծագործութիւններ մեկնաբանած է, եւ ծրագիրի մասնակիցները մեծ ոգեւորութեամբ ձայնակցած են անոր: Այնուհետեւ երգահանին նուագակցութեամբ սփիւռքահայ երիտասարդները մեկնաբանած են Ռ. Ամիրխանեանի եւ հայ անուանի երգահաններու շարք մը ստեղծագործութիւններէն եւ այդպիսով երեկոն վերածուած է իսկական տօնի:

«Կարին» ճամբարի ընթացքին ցուցադրուած են «Հայրենիք, քեզ այդպէս կը տեսնեմ» համահայկական նկարչական մրցոյթի աշխատանքները:

Նշենք, որ նոյն օրը Աղվերանի «Կարին» ճամբար այցելած են նաեւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած սփիւռքի զանգուածային լրատուամիջոցներու երիտասարդ լրագրողներու դպրոցի մասնակցողները: Սփիւռքահայ երիտասարդ լրագրողները եւ «Արի տուն» ծրագիրի մասնակցողները բաժնեկցած են հայրենիքի մէջ անցուցած իրենց օրերու տպաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ երիտասարդ լրագրողները հարցազրոյցներ վարած են արիտունցիներու հետ:

«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ԵՒ
ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՋԱՆՔԵՐՈՎ
ՂՈՒԶԷ ՃԱՐՏԱՐ ԳԻՒՂԸ ՆՈՐ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶ ՈՒՆԻ

28 յունիսին Լեռնային Ղարաբաղի Մարտունի շրջանի Ղուզէ ճարտար գիւղին մէջ հանդիսաւոր արարողութեամբ բացումը կատարուեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինի եւ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան հովանաւորութեամբ կառուցուած մանկապարտէզին:

Ծրագիրը իրականացուած է «Լ. տենտօ կրուփ» ընկերութեան նախագահ  Ժան-Միշել Կրինպերկի եւ «Պերինիք եւ Եւրելիա» ընկերութեան նախագահ Միշել Փազումեանի նուիրատուութիւններով` ի յիշատակ հիմնադրամի բարերար Էմանուէլ տը Լապարրի, որ կեանքի վերջին տարիներուն աշխուժօրէն ներգրաւուած եղած է հիմնադրամի արցախեան ծրագիրներուն մէջ:

Բացման արարողութեան ներկայ գտնուած են Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան, Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Արթուր Թովմասեան, կառավարութեան անդամներ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի պատուիրակութիւն եւ Ֆրանսայէն եկած բարերարներ:

Գիւղը մանկապարտէզի կարիքը ունէր մօտաւորապէս 1988-էն ի վեր, երբ Ղուզէ Ճարտարը, իբրեւ վարչական միաւոր, առանձնացած է իր դրացի Ճաթար գիւղէն: Մինչ նոր շէնքի կառուցումը` ընդամէնը 40 փոքրիկ կը յաճախէր մանկապարտէզ, որ կը գործէր 1930-ականներուն կառուցուած դպրոցի նախկին շէնքին մէջ եւ ունէր երկու դասարան միայն:

Երկյարկանի նորակառոյց մանկապարտէզին թէ՛ արտաքին ձեւաւորումը եւ թէ՛ ներքին յարդարանքն ու կահաւորումը  առանձնայատուկ գրաւչութիւն ունին: Մանկապարէզը ունի գեղեցիկ եւ յարմարաւէտ խաղասենեակներ, ննջարաններ, հանդերձարաններ, կենցաղային պարագաներով յագեցուած խոհանոց, լուացքի սենեակ, բուժկէտ, բաղնիքներ: Մանկապարտէզը ապահովուած է նաեւ կեդրոնական ջեռուցման եւ օդափոխութեան համակարգով: Փոքրիկները իրենց բացօթեայ ժամանցը կրնան անցընել արդէն իսկ բարեկարգուած խաղահրապարակին մէջ:

Մանկապարտիզպանուհի Յասմիկ Յարութիւնեան շնորհակալութիւն յայտնելով բարերարներուն` նշած է, որ «Տարիներով փայփայած մեր երազանքը արդէն իսկ իրականութիւն է, եւ այսօր մեր փոքրիկները պիտի դառնան այս հրաշալի դղեակին տէրերը»: Ըստ անոր, կրթօճախը իր յարկին տակ պիտի կարենայ ընդունիլ մինչեւ 80 փոքրիկ: Ներկայիս կը քննարկուի մանկապարտէզի կրթական ծրագիրը:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան շեշտած է, որ «Մեր մանուկներուն կրթութեան եւ դաստիարակութեան համար բարւոք պայմաններու ստեղծումը այն հիմնաքարն է, որուն վրայ կը կառուցուի անոնց ապագան»:

Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան, հիւրերը ողջունելէ ետք, նշած է, որ Ղուզէ Ճարտարը ամէնէն մեծ համայնքն է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ այստեղ բարեկարգման ծրագիրները պիտի շարունակուին:

Յիշեցնենք, որ Ղուզէ Ճարտարը Լեռնային Ղարաբաղի Մարտունի շրջանի 40 գիւղերէն մէկն է եւ կը գտնուի ազրպէյճանական սահմանէն մօտաւորապէս 20 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Ղուզէ Ճարտար գիւղին մէջ այսօր կ՛ապրի 1800 մարդ:

ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՀՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԱՐՇԱՒԱԽՈՒՄԲԸ
ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ
«էՐԵԲՈՒՆԻ» ԹԱՆԳԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

«Էրեբունի» պատմահնագիտական արգելոց-թանգարանի միջնաբերդին մէջ 2008-2011 թուականներուն պեղումներ իրականացնող հայ-ֆրանսական հնագիտական աշաւախումբը յունիս 28-29 դասախօսութիւններ ներկայացուցած է` նուիրուած Ֆրանսայի մէջ  հնագիտական ժառանգութեան ուսումնասիրութեան, պահպանութեան, հանրահռչակման արդի հարցերուն եւ մօտեցումներուն: Այս մասին նշած է ֆրանսական արշաւախումբի պատուիրակութեան ղեկավար, Պրեթոնի հնագիտական ծառայութեան անդամ Ստեփան Տեղամփը, երկու օրուան ընթացքին «Էրեբունի» թանգարանին մէջ պիտի ներկայացուի երեք դասախօսութիւն` կանխարգելիչ հնագիտութեան մասին Եւրոպայի եւ Ֆրանսայի մէջ հնագիտական ժառանգութեան վերականգնման պահպանութեան, ինչպէս նաեւ ժամանակագրութեան, թուագրման հարցերուն նուիրուած:

«Դասախօսութիւնները ճանաչողական եւ ուսուցողական բնոյթի են` նախատեսուած նիւթով հետաքրքրուող բոլոր անձերուն համար: Յուսանք, որ անոնք կ՛ըլլան արդիւնաւէտ եւ հետաքրքրութիւնը մեծ կ՛ըլլայ անոնց համար», նշած է Ս. Տիշամփ:

Անդրադառնալով վերջին տարիներուն «Էրեբունի» արգելոց-թանգարանին մէջ իրականացուած պեղումներուն` Ս. Տեշամփ տեղեկացուցած է, որ կատարուած աշխատանքները շատ արդիւնաւէտ են, իսկ հայ հնաբաններու միացեալ պեղումները կարելիութիւնը կ՛ընձեռեն կատարելու նոր բացայայտումներ «Էրեբունի» ուրարտական, յետուրարտական եւ աքեմենեան շրջաններու վերաբերող:

ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՕՐՈՒԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ
ՀԱՄԵՐԳ` ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

1985-ին Եւրոմիութեան առաջնորդերու Միլանոյի մէջ կայացած ժողովին որոշուած է, որ մայիս 9-ը նշուի, իբրեւ Եւրոպայի օր: Տօնը այս տարի զանազան հարցերու պատճառով յետաձգուած եւ նշուած է յունիս 28-ին: Հայաստանի մէջ Եւրոպական միութեան պատուիրակութիւնը, դեսպան Ռաուլ տը Լուցենպերկըրի գլխաւորութեամբ, ներկայ գտնուած է Եւրոպայի օրուան նուիրուած կալա-համերգին, Երեւանի Արամ Խաչատրեանի անուան համերգասրահին մէջ:

Կալա-համերգին բացման արարողութեան ընթացքին Ռաուլ տը Լուցենպերկըր նշած է, որ Եւրոպայի միասնական գաղափարն է տեսնել խաղաղ եւ ժողովրդավար դրացիներ, այդ պատճառով ալ կը շեշտէ եւրոպական արժէքներու տարածումը Եւրոպայի դրացի պետութիւններուն մէջ: «Կ՛ուղջունեմ բոլորը եւ ողջոյնովս կը ցանկամ Եւրոմիութեան ջերմ խօսքերը փոխանցել բոլորին: Եւրոպան կարեւոր կը համարէ իր տարածաշրջանի դրացիները եւ այդ թիւին մաս կը կազմէ Հայաստանը, եւ անոնց հետ սերտ յարաբերութիւններ կը հաստատէ: Կրնամ ապացուցել, որ Հայաստանի իշխանութիւնները իրենց նախաձեռնողականութեամբ յստակ քայլեր կ՛առնեն դէպի Եւրոպա եւ եւրոպական արժէքներ», նշած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար դեսպան Ռ. տը Լուցենպերկըր:

Կալա-համերգին Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիք նուագախումբը, երգահան Էդուարդ Թոփճեանի գլխաւորութեամբ, կատարած է` Մոցարթի «Ֆիկարոյի ամուսնութիւնը» օփերային երկու ատեաններ, Մասնէի «Մանոն Լեսքօ»ի Մանոնի արիան եւ հատուածներ` Պելինիի եւ Վերտիի տարբեր օփերաներէն:

ՏԱՍԸ ՌՈՒՍ ՆԿԱՐԻՉՆԵՐ ՊԻՏԻ ՊԱՏԿԵՐԵՆ
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲՆԱՇԽԱՐՀԸ

«Հայկական ներկապնակ» փառատօնի ծիրին մէջ օգոստոս 6-ին Հայաստան պիտի գան Ռուսիոյ գեղանկարիչներու միութեան 10 անդամներ, որոնք հայ 10 գեղանկարիչներու հետ պիտի երթան Արցախ եւ պիտի նկարեն հայկական բնաշխարհը: Ըստ փառատօնի համակարգող Գագիկ Աւետիսեանի, Արցախ կատարած այցելութենէն ետք նկարիչներուն յաջորդ հանգրուանը պիտի ըլլայ Տաթեւը, որմէ ետք Վայոց Ձորը, Գիւմրին, Լոռին, ուր նկարիչները պիտի պատկերեն հայկական պատմամշակութային ժառանգութիւնը: Լոռիի մէջ 20 գեղանկարիչներուն պիտի միանան նաեւ տասը հայ նկարիչներ, որոնք եւս պիտի ստեղծագործեն:

Ըստ. Գ. Աւետիսեանի, այդ օրերուն պատկերուած ստեղծագործութիւնները սեպտեմբեր 2-ին պիտի ցուցադրուին Հայաստանի նկարիչներու միութեան կեդրոնին մէջ: Իսկ աշխատանքները պիտի նուիրուին Հայաստանի անկախութեան 20-ամեայ յոբելեանին: Գ. Աւետիսեան նշած է նաեւ, որ կը նախատեսուի ցուցահանդէսը ներկայացնել նաեւ Ռուսիոյ մէջ:

Յիշեցնենք, որ փառատօնը պիտի իրագործուի Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան, Հայաստանի նկարիչներու միութեան, «Փիւնիկ» բարեգործական միութեան եւ «Լոռուայ ձոր» հայրենակցական միութեան միացեալ ջանքերով:

ՄԱՐՏԻՐՈՍ ՍԱՐԵԱՆԻ «ՊԱՐՍԿԱՍՏԱՆ» ԱՆՈՒԱՆ
ԿՏԱՒԻՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՄԱՆ
ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ ՍԿՍԱՆ ՅՈՒՆԻՍ 25-ԻՆ

Մարտիրոս Սարեանի տուն-թանգարանի տնօրէն Ռուզան Սարեան վերջերս լրագրողներուն հետ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնած է, որ Մարտիրոս Սարեանի 1913-ին ստեղծագործած «Պարսկաստան» անուան նկարը, որուն մէջ պատկերուած է պարսկական կենցաղէն դրուագ մը, վնասուած էր նկարիչին կենդանութեան օրերէն` ջեռուցման խողովակի արկածի պատճառով: Նկարին զգալի մասը, ըստ վերականգնող մասնագէտին, ջուրէն քայքայուած է:

Վերականգնման աշխատանքները սկսած են յունիս 25-ին: Նկարը լրագրողներուն դատին յանձնուած է առաջին հանգրուանի ներկաշերտի ամրակայումէն ետք: Ըստ Ռուզան Սարեանի, կտաւը պատկերուած է Թեմփերա ներկով, սակայն փորձ կատարուած է վերականգնելու իւղաներկով: Ո՛վ փորձած է վերականգնել եւ ե՛րբ, յայտնի չէ: Միայն Միլանոյի հայկական մշակոյթի փաստագրման եւ ուսումնասիրման կեդրոնի վերանորոգման բաժինի ղեկավար Գայեանէ Կազնատին յայտարարած է, որ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ տրամադրուած է 5 հազար եւրօ: Անյայտ է նաեւ նկարին վերականգնողական աշխատանքներու աւարտը, ինչպէս նաեւ` միւս վնասուած եւ վերականգնման կարիք ունեցող նկարներուն քանակը: Կտաւը Մ. Սարեանի տուն-թանգարանի բացման օրէն ի վեր կը գտնուի այնտեղ:

Վերականգնողական աշխատանքները իրականացուած եւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան եւ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան «փիլոթային ծրագիր»ի միացեալ ջանքերով: Նկարին վերականգնման աշխատանքները համակարգած է Միլանոյի հայկական մշակոյթի փաստագրման եւ ուսումնասիրման կեդրոնի վերանորոգման բաժինի ղեկավար Գայեանէ Կազնատին, կը վերականգնէ իտալացի վերականգնող նկարիչ Լուչիանա Պիլիոթին եւ Հայաստանի ազգային պատկերասրահի վերականգնող նկարիչներ Հայկ Ամիրխանեան եւ Արամ Մաթեւոսեան:

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԵՑԱՒ
ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԳՐՈՂ ՄԱՆՈՒԷԼ ԱԴԱՄԵԱՆԻ
«ԹԱՏԵՐԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐ» ԳԻՐՔԸ

Հայաստանի երաժշտական ընկերութեան մէջ վերջերս ներկայացուեցաւ սփիւռքահայ գրող Մանուէլ Ադամեանի «Թատերգութիւններ» գիրքը, որ հրատարակուած է Հայաստանի մէջ եւ պիտի ներկայացուի նաեւ սփիւռքի մէջ: Նշենք, որ Մանուէլ Ադամեան ծնած է Պէյրութ եւ այժմ կ՛ապրի Լոնտոն:

Լրագրողներու հետ ասուլիսի ընթացքին Մ. Ադամեան նշած է, որ գիրքը 15 թատերգութիւններու հաւաքածու է: Անոր մէջ լոյս տեսած` «Անողոք ճակատագիր»ը, «Սփիւռք կոչեցեալ»ը, «Մեծ Եղեռն»ը նախորդ տարիներուն հրատարակուած են առանձին գիրքերով:

«Գիրքին մէջ զետեղուած ստեղծագործութիւնները պատմական-հայրենասիրական են: Կան նաեւ հոգեբանական տրամներ: Այսինքն ստեղծագործութիւնները այնպէս եւ այնպիսի նիւթերով գրուած են, որ նախատեսուած է իւրաքանչիւր ընթերցողի համար: Կը կարծեմ, որ իւրաքանչիւրը կրնայ իրը գտնել այս գիրքին մէջ», յայտնած է Մ. Ադամեան:

Մ. Ադամեան 15 գիրքի հեղինակ է: Ան ստեղծագործական աշխարհ մուտք գործած է իբրեւ բանաստեղծ, սակայն 80-ական թուականներու սկիզբը, բանաստեղծութիւններուն զուգահեռ, հանդէս եկած է նաեւ իբրեւ թատերագիր: Նշուած ժամանակահատուածին մէջ Միջին Արեւելքի, սփիւռքի մէջ քաղաքական նոր շարժումներ տեղի ունեցան: Այդ իրողութիւնները պատճառ դարձան, որ լոյս տեսնեն «Անողոք ճակատագիր» եւ «Սփիւռք կոչեցեալ» թատերական գործերը:

Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան նշած է, որ Մ. Ադամեան սփիւռքի ամէնէն կարեւոր դէմքերէն մէկն է: Ան մեծ դերակատարութիւն ունեցած է սփիւռքի հայապահպանութեան գործընթացին մէջ: «Շատ ուրախ ենք` կազմակերպելով Մ. Ադամեանի գիրքին շորհահանդէսը: Կը կարծեմ, որ Մ. Ադամեան այս գիրքով իր մասին բաւականին հետաքրքրութիւն պիտի յառաջացնէ հայ հասարակութեան մէջ» հաղորդած է Հ. Յակոբեան: Յիշեցնենք, որ Մ. Ադամեան 2010-ին Հայաստանի նախագահին կողմէ պարգեւատրուած է «Մովսէս Խորենացի» մետալով, սփիւռքի նախարարութեան պատուոյ գիրով, ինչպէս նաեւ` Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի նախարարութեան պատուոյ գիրով եւ յուշամետալով:

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES