Սեւրի Դաշնագիրի 94-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկին Մելիք Գարագաւորեանի Արտասանած Խօսքը.

Ինչպէ՞ս Նախապատրաստուեցաւ Սեւրը, Ինչպիսի՞ն Էր
Միջազգային Կացութիւնը Սեւրը Նախորդող Հանգրուանին

0808_sevre2Ինչպէս գիտէք, մէկ կողմէ Ա. Աշխարհամարտի դաժան պայմանները, միւս կողմէ` 1917-ին հոկտեմբերին անկանխատեսելի քաղաքականութիւններու երկիր դարձած Ռուսիոյ մէջ պոլշեւիկեան յեղաշրջումը, որ ամբողջ տարածաշրջանը կը մատնէր դժնդակ կացութեան:

Ա. Աշխարհամարտը կը հասնէր իր աւարտին, պարտուած Թուրքիան ենթակայ էր մեծերու դատավճիռին:

1918 հոկտեմբերին երիտթրքական կառավարութիւնը հրաժարեցաւ: Լուծուեցաւ երկիրը ղեկավարող «Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն» կուսակցութիւնը:

Նոյեմբերի սկիզբը դաշնակիցներու եւ Թուրքիոյ միջեւ կնքուեցաւ Մուտրոսի զինադադարը:

Թրքական բանակները ետ քաշուեցան անդրկովկասեան տարածաշրջանէն:

Փաստօրէն Ա. Աշխարհամարտը իր աւարտին կը հասնի դաշնակիցներու յաղթանակով եւ Թուրքիոյ պարտութեամբ:

Խաղաղութեան եւ հաշտութեան համաժողովը տեղի կ՛ունենայ Փարիզի արուարձաններէն Սեւրի մէջ:

Դաշնագիրի ստորագրութեան կը մասնակցին` Անգլիա, Ֆրանսա, Իտալիա, Ճափոն, Պելճիքա, Յունաստան:

Պաշտօնապէս կը հրաւիրուի Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ Աւետիս Ահարոնեանի: Ներկայ կ՛ըլլան նաեւ օսմանեան Թուրքիոյ իթթիհատական կառավարութեան ներկայացուցիչները:

Սեւրի դաշնագիրը այն միջազգային քաղաքական վաւերական թուղթն է, մեծ պետութիւններուն եւ պարտուած Թուրքիոյ միջեւ կնքուած միակ փաստաթուղթը, որով պաշտօնական ճանաչում կը ստանան միացեալ, ազատ եւ անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Թուրքիայէն ունեցած անոր արդար պահանջները:

Այս դաշնագիրով Հայաստանի տարածքը կը դառնար 161 հազար քառ. քիլոմեթր, ինչ որ ի վիճակի կը դարձնէր աշխարհասփիւռ հայութեան համախմբումը այդ տարածքին վրայ եւ այլ քաղաքակիրթ ազգերու կողքին կ՛ապահովէր հայութեան անվտանգութիւնը եւ անկաշկանդ զարգացման եւ ստեղծագործութեան շարունակութիւնը:

Արդարեւ, Հայաստանի պատուիրակութեան խնդրանքին ընդառաջելով` Միացեալ Նահանգներու նախագահը Վուտրօ Ուիլսըն յանձն կ՛առնէր հովանաւորել եւ իր աւարտին հասցնել այս գործը:

Քաղաքական մեծարժէք այս դաշնագիրի ստորագրութենէն անմիջապէս ետք, բոլոր կողմերը ոտքի կանգնած սրահի մը մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան նախագահ Աւետիս Ահարոնեան հետեւեալը կը յայտարարէր. «Կեանքիս ամենաերջանիկ օրն է այս: Երեսուն տարուան պայքարս, բողոքս, տառապանքս ու յոյսերս պսակուեցան փառաւոր յաջողութեամբ»:

Թրքական դաշնագիրը ստորագրուեցաւ եւ բոլոր դաշնակից պետութիւններու համաժողովը այսպիսով հռչակեց միացեալ, անկախ եւ ազատ Հայաստան:

Ահաւասիկ Սեւրի դաշնագիրի Հայաստանի վերաբերող վեց յօդուածները` յօդուած 88, 89, 90, 91, 92, 93:

Սակայն հիմնականին մէջ յօդուած 89-ը, ուր կ՛ըսուի, թէ Թուրքիա եւ Հայաստան, ինչպէս նաեւ միւս պայմանադիր բարձր կողմերը կը հաւանին Ամերիկայի նախագահին իրաւարարութեան յանձնել Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի եւ Պիթլիսի նահանգներուն մէջ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի սահմանին որոշումին խնդիրը եւ ընդունիլ նախագահին որոշումով Հայաստանի ծով իջնելուն եւ վերոյիշեալ սահմանին յարակից բոլոր օսմանեան հողերուն զինուորապէս չէզոքացման մասին պատրաստուած բոլոր տրամադրութիւններուն:

Սեւրի դաշնագիրի պատմական ամէնէն մեծ ծառայութիւնը հայկական հարցին այն էր, որ աշխարհը պաշտօնապէս ճանչցաւ իր հայրենիքին` Արեւմտեան Հայաստանի նկատմամբ հայ ժողովուրդի իրաւաքաղաքական իրաւունքները:

Սեւրը նախորդող եւ յաջորդող տարիներու ընթացքին հայ թրքական սահմանին վերաբերող կնքուած են 6 պայմանագրեր: Ժամանակագրական առումով առաջինը Պրեստ Լիթովսկիի պայմանագիրն է, երկրորդը` Սեւրի պայմանագիրը, երրորդը Ալեքսանդրապոլի պայմանագիրն է, չորրորդը` Մոսկուայի, հինգերորդը` Կարսի, իսկ վերջինը Լոզանի պայմանագիրն է` կնքուած 1923 յուլիս 24-ին:

Արդարեւ, Պրեստ Լիթովսկիի, Ալեքսանդրապոլի, Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագրերը անօրինական ու  անվաւեր են, քանի որ տուեալ պայմանագրերը կնքող կողմերէն ոչ մէկը օրին միջազգային իրաւունքի արժանացած իշխանութիւններու ներկայացուցիչ էր:

Իսկ Սեւրի պարագային օրինական էր, քանի որ սոյն դաշնագիրը կնքող բոլոր կողմերը իրենց երկիրներու օրինական եւ ճանչցուած

իշխանութիւններ էին:

Այսօր, Սեւրի դաշնագիրի ստորագրութենէն 96 տարիներ ետք, 161.000 տարածքէն մնացած է միայն Հայաստանի Հանրապետութեան 29.000 քառ. քիլոմեթրը եւ Արցախի ազատագրուած տարածքը:

Այսօր Հայաստանը, 1991-էն ի վեր, վերստին անկախացած է, Հայաստանի Հանրապետութիւնը վերստին միջազգային ընտանիքին լիիրաւ անդամ է` փոխադարձ պարտականութիւններով եւ պարտաւորութիւններով, Հայաստանը ՄԱԿ-ի անդամ է, Հայաստանը անդամ է նաեւ

եւրոպական անվտանգութեան եւ համագործակցութեան Հելսինքիի 1975-ին եզրափակիչ փաստաթուղթի 10 պարբերութեան, որուն համաձայն, միջազգային ընտանիքի անդամներու միջեւ գոյութիւն ունեցող հակամարտութիւնները միջազգայնօրէն ստանձնած պարտաւորութիւնները անվարան պէտք է կատարել:

Հետեւաբար, ըստ մէկէ աւելի միջազգային իրաւաքաղաքական մասնագէտներու, Հայաստանի Հանրապետութիւնը կրնայ այսօր ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ուշադրութեան յանձնել, որ Թուրքիան կը թերանայ Ուիլսընի իրաւարար վճիռով ստանձնած պարտաւորութիւնները, այսինքն` հայ-թրքական խնդիրը:

Այսօր անհրաժեշտ է հայ-թրքական յարաբերութիւնները, սահմանային խնդիրները տեղափոխել իրաւական դաշտ եւ այդ յարաբերութիւններուն մէջ գոյութիւն ունեցող բոլոր խնդիրներուն տալ իրաւական լուծումներ եւ ձեւակերպումներ:

Պէտք է ազգովին մերժել ներկայ հայ-թրքական երկխօսութեան ձեւաչափը:

Պէտք է ազգովին մերժել Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու ներկայ փաթեթը, որ, ըստ էութեան, ոչ միայն պատմական սխալ մըն էր, այլեւ այդ ազգավնաս արձանագրութիւններուն մէջ մեզմէ պահանջուածը մեր արժանապատուութիւնն է, մեր հայրենիքի կորուստը, մեր ապագայ սերունդներուն անհերքելի իրաւունքներու զիջումը եւ սփիւռքը իր ճակատագիրին ձգելը:

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները պէտք է ճշդել` մեկնելով Հայաստանի եւ համայն հայութեան անվտանգութենէն, որուն խարիսխը պէտք է հանդիսանայ Սեւրի դաշնագրին իրաւաքաղաքական տրամաբանութիւնը, ոչ թէ` տխրահռչակ այն արձանագրութիւնները, որոնք ստորագրուեցան Ցիւրիխի մէջ, որոնք կը պարունակեն հայութեան համար միակողմանի եւ անընդունելի զիջումներ. առաջին` հրաժարիլ Ցեղասպանութեան ճանաչումէ եւ համապատասխան հատուցումէ, երկրորդ` հրաժարիլ Սեւրի դաշնագիրի տրամադրութիւններէն եւ պահանջատիրութիւններէն, երրորդ` հրաժարիլ Արցախի անկախութենէն եւ զայն վերադարձնել Ազրպէյճանի կազմին, չորրորդ` Կարսի պայմանագիրի վերահաստատումը, որպէսզի մէկանգամընդմիշտ ոչնչացնեն Սեւրի դաշնագիրին միջազգային վաւերական փաստաթուղթի արժէքը»:

Ահաւասիկ այսօրուան Թուրքիոյ նախապայմանները` Հայաստանին հետ յարաբերելու:

Հայրենակիցնե՛ր,

Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ ընդհանրապէս համայն հայութիւնը ո՛չ ֆութպոլային դիւանագիտութեան կարիքը ունին, ո՛չ ալ` Թուրքիոյ հետ նախապայմաններով յարաբերութեան, ոչ ալ` մտաւորականներու կամ պատմաբաններու միջեւ շինծու միջազգային հանդիպումներու կամ գիտաժողովներու, որոնք քաղաքական պատուէր կատարելով` պիտի փորձեն խնդրոյ առարկայ դարձնել հայութեան անհերքելի իրաւունքները, Թուրքիոյ կողմէ առաջարկուած, ցանկացած այս տեսակի յարաբերութիւններու ձեւաչափը պէտք է յստակօրէն մերժել:

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայ ժողովուրդին անհրաժեշտ է այսօր միջազգային իրաւունքի հիման վրայ պաշտպանել հայ ժողովուրդի շահերը. ազգովին պէտք է վերակենդանացնենք Սեւրը:

Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչները պարտին օրակարգի վերածել իրենց հանդիպումներու ընթացքին Սեւրի իրողութիւնը եւ Թուրքիոյ պարտաւորութիւնները միջազգային ընտանիքի մէկ այլ անդամի` Հայաստանի հանդէպ:

Վերջապէս, կ՛ակնկալենք Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահէն 4 ապրիլ

2010-ին Միացեալ Նահանգներ այցելութեան ընթացքին Ուաշինկթընի տաճարին մէջ հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամ, Սեւրի դաշնագրի իրաւավճիռը ստանձնող Վուտրօ Ուիլսընի շիրիմին առջեւ արտասանած իր խօսքին գործնական թարգմանութիւնը:

Տակաւին, 1980-ական թուականներու սկիզբը Պերլինի պատի քանդումէն եւ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն տարիներ առաջ Արեւմտեան Գերմանիոյ վարչապետ Հելմութ Քոհլ իր բոլոր միջազգային հանդիպումներուն ընթացքին չէր թաքցներ արեւմտեան եւ արեւելեան Գերմանիաները միաւորելու ճիգը, արդեօ՞ք ան այդ քայլերով պատերազմ յայտարարած կ՛ըլլար Խորհրդային Միութեան, արդեօ՞ք ռազմական ուժերու հաւասար պայմաններու առկայութեամբ Հելմութ Քոհլ կը պայմանաւորէր այդ միաւորման կոչերը, բնականաբար` ո՛չ, այլ` հիմնուելով միջազգային ընտանիքի պարտաւորութիւններու վրայ եւ մանաւանդ ազգային անժամանցելի եւ անհերքելի արդար իրաւունքներու տրամաբանութեան վրայ:

Խորապէս ըմբռնելով հանդերձ, որ ներկայիս կ՛ապրինք բաւական հակասական, տարաբնոյթ եւ անկանխատեսելի աշխարհաքաղաքական եւ ռազմավարական ժամանակահատուածի մէջ, յատկապէս` ներկայիս Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի քաղաքական կացութեան բերումով, մէկ կողմէ «Արաբական գարուն»-ի չնախատեսուած անխուսափելի ահաւոր  ձախողութեան հետեւանքները, որոնք շրջանին համար վերածուեցան պատուհասի, միւս կողմէ` տարածաշրջանի անկայունութիւնը, բախումնային իրավիճակը, երկիրներու սահմաններու վերաձեւաւորումը, խալիֆաթներու ստեղծումը, քրտական գործօնի առկայութիւնը կամ իրաքեան քրտաբնակ շրջաններու ենթադրեալ անկախութիւնը, շրջանի երկիրները մասնատելու եւ ամէնուրեք փոքր իշխանութիւններ ստեղծելու միջազգային որոշ մութ ուժերու մարտավարութիւնը կրնայ ոմանց մօտ մտահոգութիւն յառաջացնել, որ թերեւս այսօր ելլելով ներկայ բարդ միջազգային ռազմաքաղաքական կացութիւններէն` նպատակայարմար չէ Հայաստանի Հանրապետութեան համար Սեւրը վերակենդանացնելը:

Սակայն, մեր համեստ կարծիքով, մենք համոզուած ենք ճիշդ հակառակին, նախ` որովհետեւ ներկայ խառնիճաղանճ ռազմաքաղաքական անկանխատեսելի կացութեան մէջ որքան որ որեւէ երկիր կամ ժողովուրդ մտահոգ պէտք է ըլլայ, Թուրքիա առնուազն քանի մը անգամ աւելի մտահոգ ըլլալու պատճառներ ունի. երկրորդ` ինք պիտի լուծէ իր հարցերը Իրանի, Իրաքի, Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ հետ. լուծելու համար զանոնք պէտք է առաջին հերթին հրաժարի փանթուրանական գաղափարներէն, պէտք է հրաժարի ծայրայեղականներուն ապահով ապաստան տրամադրելու քաղաքականութենէն, շրջանի այլ երկիրները անկայունացնելու նկրտումներէն, պէտք է հրաժարի ծաւալապաշտական մօտեցումներէն. ահաւասիկ բուն պատճառները` շրջանի կայունութիւնը խնդրոյ առարկայ դարձնող. կ՛ըմբռնենք նաեւ, որ Թուրքիա լուրջ ձեւով անհանգստանալու պատճառներ կրնայ ունենալ, տրուած ըլլալով, որ թէեւ մեզի համար ալ վիճելի, սակայն քրտական անկախ միաւորումի մը ստեղծման գաղափարը իրեն կը յուշեն Սեւրի անժամանցելիութիւնը, Սեւրին կենդանի ըլլալը եւ շրջանի երկիրներուն ընձեռած քաղաքական հնարաւորութիւնները:

Այո՛, կ՛ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր փոփոխութիւնները տեղի կ՛ունենան այնքան արագ, որ երբեմն չենք հասնիր հարցերուն հետեւելու, չենք հասնիր լրատուամիջոցներուն, անգամ` հրատապ լուրերուն վերլուծումներուն. բայց նաեւ կ՛ապրինք աշխարհի մը մէջ, որ երբեմն կազմակերպ, մարտունակ եւ պայքարող հաւաքականութեան կողքին կը բաւէ տեղեկատուական մանր առաւելութիւն մը կամ գիտական նոր յայտնաբերում մը, արհեստագիտական նոր նուաճում մը, որպէսզի այլ կողմ թեքի ուժերու հաւասարակշռութեան նժարը:

Այնպէս որ, երբ ոմանք կ՛առարկեն եւ կ՛ըսեն, որ այսօր հայ ժողովուրդը եւ Հայաստանը ի վիճակի չէ հողային պահանջները դնելու Թուրքիոյ առջեւ` ելլելով ուժի առկայ յարաբերակցութենէն, բայց ո՞վ կ՛ըսէ, թէ անխուսափելիօրէն հողային պահանջները ներկայացնել` կը նշանակէ Թուրքիոյ հետ առճակատում:

Իսկ բախում չունենալ Թուրքիոյ հետ` երբեք պէտք չէ նշանակէ, որ մենք կրնանք զիջիլ մեր հողային պահանջատիրութենէն, որովհետեւ իրապէս ոչ ոք կրնայ նախատեսել, թէ ի՛նչ վերապահած է վաղուան օրը:

Այդ իսկ պատճառով Թուրքիա պէտք է հասկնայ, որ այնքան ատեն որ տակաւին չէ սրբագրած իր անցեալը եւ փոքրամասնութիւններուն

իրաւունքները չէ վերահաստատած, Թուրքիոյ խորտակումը կը դառնայ անխուսափելի եւ ինք լաւ գիտէ ատի, որովհետեւ անհակակշռելի պիտի դառնան ներքին խլրտումներու օղակը, անհակակշռելի պիտի դառնան ազգային քաղաքական արդար պահանջները` հայերու, քիւրտերու եւ ուրիշներու, անհակակշռելի պիտի դառնան կեդրոնական իշխանութեանց եւ զանազան շրջաններու եւ զանազան տեսակի հասարակական շարժումներու միջեւ առճակատումը. ամբողջ խնդիրը այն է, որ մենք իբրեւ հայութիւն` ո՞ւր պիտի ըլլանք, որքա՞ն պատրաստ պիտի ըլլանք, ի՞նչ հեռաւորութեամբ պիտի վերաբերինք տուեալ հարցերուն հետ: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը պիտի հասկնայ, որ հարեւաններու հետ զերօ խնդիր ունենալու վարդագոյն քաղաքականութեան թիւ 1 օրակարգը Սեւրի դաշնագիրին Հայաստանին վերաբերող 88, 89, 90, 91, 92 եւ 93 յօդուածները յարգել եւ կիրարկել է:

Թուրքիա եթէ իր քաղաքականութիւնը վերատեսութեան չենթարկէ, այո՛, մինչեւ իսկ իր սահմանները կրնան խնդրոյ առարկայ դառնալ: Թուրքիա եթէ շարունակէ անտեսել միջազգային նորմերը, պայմանագրութիւնները, փոքրամասնութեանց ընդվզումները, կրնայ մինչեւ իսկ անդամահատուիլ, ինչպէս որ պարագան էր Սեւրի 5-րդ յօդուածի Ե. գլուխին, երբ հպատակ բոլոր ազգերը տիրացան իրենց ինքնորոշման իրաւունքին, եւ խստօրէն կրճատեցին Թուրքիոյ զինուորական, ցամաքային, ծովային ու օդային ուժերը:

Այսուհանդերձ, այս հարցերուն կապակցաբար պէտք է չափազանց զգուշ ըլլալ եւ հեռու մնալ լոզունգային տրամաբանութեամբ տղայական եւ ամբոխավարական ելոյթներէն եւ շարժումներէն, որոնք ոչ միայն օգտակար չեն, այլեւ վնաս կը հասցնեն Հայ դատի աշխատանքներու հետապնդման գործընթացին, առնուազն` քարոզչական եւ յարաբերական մակարդակներու վրայ: Չափազանց զգուշ պէտք է ըլլալ, որպէսզի երբեմն անմեղօրէն կատարուած յայտարարութիւնները ոմանց կողմէ, ներազգային թէ միջազգային մակարդակի վրայ, շահարկումի չենթարկուին:

Արդարեւ, ոչ ոք կը ժխտէ հայ-թրքական երկխօսութեան կարեւորութիւնը, սակայն հայ-թրքական տագնապը պէտք է լուծել ըստ էութեան, այսինքն` Սեւրի դաշնագիրի տրամադրութիւններուն վրայ, ինչ որ կ՛ենթադրէ ամբողջութեամբ ընդունիլ զայն լուծելու պատասխանատուութիւնը եւ վճռակամութեամբ ստանձնել անոր քաղաքական եւ իրաւական հետեւանքները:

Հետեւաբար, առանց նախապայման դնելու Արցախի անկախութենէն հրաժարիլը, առանց նախապայման դնելու հողերու պահանջատիրութենէն, առանց նախապայման դնելու Ցեղասպանութեան միջազգային

ճանաչման գործընթացէն եւ առանց նախապայման դնելու, որ վերահաստատեն Կարսի պայմանագիրը, որովհետեւ Կարսի պայմանագիրի վաւերացումը Հայաստանի համար կը նշանակէ յաւիտեանս խաչ քաշել Արեւմտահայաստանի վրայ: Ահա այս շրջագիծէն դուրս ամէն երկխօսութիւն պարզապէս դաւաճանութիւն է, Ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է մեր արժանապատուութեան, Արցախի ու հայրենիքի կորուստն է:

Ուստի, երբ ոմանք այստեղ կամ այլուր, այսօր կամ վաղը հարց տան, թէ պահանջատիրութիւն, նիւթաբարոյական հատուցում, Սեւրի վերականգնում կամ Արեւմտահայաստանի վերատիրացում որո՞ւ համար է եւ ինչո՞ւ համար է,  երբ տակաւին Սեւրի դաշնագիրի կորիզը հանդիսացող այսօրուան Հայաստանի մէջ չենք կասեցուցած արտագաղթը, երբ տակաւին պատկառելի չափով չենք կրցած վերաբնակեցնել Արցախը եւ արդեօ՞ք արտերկրի պայմաններու մէջ ապրող եւ սպառողական շռայլ ընկերութեան բարիքներուն վարժուողները կը ձգեն կ՛երթան ու խոպան հողերու վրայ նոր կեանք կը սկսին: Ճակատագրապաշտ այս մօտեցումներուն պատասխանը հետեւեալն է. նախ` այո՛, երկրորդ` բռնագրաւուած հողեր չեն պահանջուիր անհատներու կամ որոշ դասակարգի մը համար, այլ պարզապէս` անոր համար, որ անոնք հայ ազգի իրաւունքներն են եւ արդար պահանջը, այդ հողերը կը պահանջենք հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի անվտանգութեան համար, եւ ոչ ոք ապագայ սերունդներու հաշուոյն կրնայ կամ իրաւունքը ունի մէկ թիզ հող իսկ զիջելու, բացարձակապէս:

Արդարեւ, Ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին,  իբրեւ կազմակերպ հաւաքականութիւն, այսօր յաւելեալ պատճառներ ունինք ապագայի նկատմամբ յուսալից դառնալու, այդ շունչով ամրապնդելու հայկական զոյգ հանրապետութիւններու սահմաններու անվտանգութիւնը:

Այնպէս, ինչպէս որ ամբողջ վերջին 50 տարիներու ընթացքին Հայ դատի մարմինները, գրասենեակները անսահման նուիրումով գործեցին 1915-ի Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով, նոյն թափով եւ շեշտադրումով այսօր ալ մեր բոլոր մարմինները, կոմիտէները, գրասենեակները անվարան աւելի մասնագիտացած ձեւով պիտի հետապնդեն Սեւրի պահանջատիրութեան դիրքերը, որովհետեւ, հաւատացէք, այդ դաշտին մէջ մեր դիրքերը շատ ուժեղ են, տրուած ըլլալով, որ անոնք խարսխուած են միջպետական երկկողմ եւ բազմակողմ փաստաթուղթերու վրայ:

Ահա առարկայական այս պայմաններու լոյսին տակ բնաւ անիրապաշտութիւն չէ Սեւրի դաշնագիրի վերարժեւորումը, այժմէականացնելը եւ հետապնդման մասին խօսիլը:

Սեւրի մասին խօսիլը եւ հետապնդումը կը զօրացնէ Նախիջեւանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սահմաններուն եւ լեռներուն վրայ դիրքերը պահող մեր ազատամարտիկներուն կորովը, կը յուշէ անոնց, որ իրենք առանձին չեն այդ սրբազան խրամատներուն մէջ, այլ իրենց թիկունքը կանգնած է համայն հայութիւնը` Ջաւախքէն մինչեւ Պուրճ Համուտի թաղամասի մեր բոլոր կոմիտէները:

Վերջապէս, պէտք է չափազանց զգօն մնալ, որովհետեւ պէտք չէ մոռնանք, որ մենք տակաւին պատերազմի մէջ ենք, եւ հայ-ազրպէյճանական սահմանագիծին վրայ կացութիւնը կը մնայ խիստ լարուած, ինչպէս գիտէք, մինչեւ տակաւին այսօր շաբաթական դրութեամբ աւելի քան 350 անգամ 1994-ի մայիսին կայացած Արցախի եւ Ազրպէյճանի միջեւ զինադադարը կը խախտեն ազերիները` անյաջող ներթափանցումներով, արձակելով իւրաքանչիւր անգամ աւելի քան 5000 կրակոց դէպի մեր տղոց դիրքերը, խլելով օրական զոհեր արցախեան բանակի շարքերէն, յանուն հայրենիքի ազատութեան ու անվտանգութեան:

Սակայն ի զուր. հայկական զինուած ուժերու բարձր պատրաստուածութեան եւ մարտունակութեան շնորհիւ` ազերիներուն ստացած հակահարուածը ոչ թէ միայն համարժէք է, այլեւ ութ անգամ աւելի ծանր է:

Ժամանակն է սթափելու եւ վերաշխուժացնելու հայկական գործօնը: Սեւրի արծարծումը նաեւ կը զօրացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան դիրքերը, կը զօրացնէ Արցախի քաղաքական կարգավիճակի կարգաւորման միջազգային դիրքերը, կ՛ամրապնդէ Հայաստան-Ռուսիա-Իրան առանցքը: Հետեւաբար, չհաւատալ Սեւրի դաշնագիրի իրագործման, Հայաստանի ամրապնդման, Արցախի անկաշկանդ զարգացման եւ վերաբնակեցման, սփիւռքի հայապահպանման` կը նշանակէ կռնակ դարձնել մեր ազգային արժէքներու համակարգին` գերադասելով անհատականը հաւաքականէն եւ մոռնալով Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի համար իրենք զիրենք զոհաբերածներուն յիշատակը:

Փառք ու պատիւ Միացեալ, Ազատ, Անկախ Հայաստանի գաղափարին ազատամարտիկ Աւետիս Ահարոնեաններու, Նիկոլ Աղբալեաններու, Արամ Մանուկեաններու,

Կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը,
Կեցցէ՛ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )