ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ. ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆ ԵՒ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ԴԱՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի նախակրթարան եւ երկրորդական դասարաններու վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 27 յունիս, 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, վարժարանին շրջափակին մէջ:

Հանդիսութիւնը սկսաւ ուսուցիչներու եւ շրջանաւարտներու հանդիսաւոր մուտքով ու Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ:

Բեմը, որ կարծէք ճարտարապետական փոքրիկ նմուշ մըն էր, կը ներկայացնէր եկեղեցիի մը կառոյցը, որ եզերուած էր միջնադարու հայ նկարիչներու ստեղծագործական վառ երեւակայութիւնը մարմնաւորող հայկական ինքնատիպ նախշով մը, որուն կեդրոնը թռչնագիր զարդանկարներով գրուած էր ԿԲՎ, եւ որուն ներքեւ զետեղուած էր Աստուածաշունչէն համար մը: Բեմը իր ամբողջութեամբ ու գոյներու ներդաշնակութեամբ կ՛արտացոլար հոգեւոր խորք ու հայկական անմահ արժէք:

Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի տնօրէնին պատ. Հրայր Չոլագեանի Աստուածաշունչի ընթերցումէն ու աղօթքէն  ետք, բեմ բարձրացաւ վարժարանին երգչախումբը եւ Շողիկ Թորոսեանի խմբավարութեամբ մեկնաբանեց երգերու գեղեցիկ փունջ մը: Շրջանաւարտ Սերօ Քելուկեան կենսունակութեամբ ասմունքեց Թէքէեանի «Եկեղեցին հայկական» բանաստեղծութիւնը, որուն յաջորդեց նկարներու ցուցադրութիւնը, ուր կը ներկայացուէին աշակերտներու դպրոցական առօրեան յատկանշող հաճելի պահեր: Բեմի հայկական գեղարուեստական արժէքները աւելի եւս ուշագրաւ դարձան, երբ վարժարանի պարախումբին նազանի աղջիկները համաչափ ներդաշնակութեամբ ներկայացուցին գաւառական պարերու փունջ մը` ոգեւորելով ներկաները:

Հրաժեշտի ուշագրաւ ուղերձներով հանդէս եկաւ 6-րդ դասարանէն Ծաւի Պիլալեան հայերէնով, 12-րդ դասարանէն Լիւսի Գոճայեան  արաբերէնով, իսկ Թետի Խաչատուրեան` անգլերէնով: Անոնք իրենց շնորհակալական խօսքերը փոխանցելէ ետք պատկան մարմիններուն, խոստացան արժանաւոր զաւակները մնալ այս վարժարանին ու բարենպաստ գործունէութիւն ծաւալել իրենց շրջապատին մէջ:

Սարին Էքմեքճեան հայրենասիրական ապրումով ասմունքեց Համօ Սահեանի «Նայիրեան դալար բարտի» բանաստեղծութիւնը: Օրուան պատգամաբերը` Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. Փոլ Հայտոսթեան, իր սրտի խօսքը արտասանեց ու շրջանաւարտներուն փոխանցեց իր պատգամը` ըսելով. «Դպրոց մը, ինչպէս նաեւ անձ մը կը ճանչցուի եւ կ՛արժեւորուի իր վայելած հովանաւորութեամբը: Աշակերտը կը վայելէ դպրոցին հովանաւորութիւնը, դպրոցը իր կարգին կարօտ է եկեղեցիին հովանաւորութեան, իսկ եկեղեցին Աստուծոյ հովանաւորութեան տակ է: Դո՛ւք, շրջանաւարտնե՛ր, Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի հովանաւորութիւնն է, որ կը վայելէք. ուրեմն շահարկեցէք հոսկէ ստացած ձեր ուսումը եւ վկայականը` հոգիով ու ընթացքով»:

Տեղի ունեցաւ աւանդութիւն դարձած վահանի փոխանցումը: 12-րդ դասարանէն Մեղեդի Ֆուտուլեան վահանը փոխանցեց 6-րդ դասարանէն Վաղիկ Մկրտիչեանին, որ խոստացաւ վառ պահել վարժարանին անունը, ըլլալ տիպար ու ուսումնատենչ աշակերտ ու քալել 12-րդ դասարանին անցած ջանասիրութեան ուղիէն:

Շրջանաւարտ դասարաններու առաջնակարգ աշակերտներու մրցանակաբաշխումը կատարուեցաւ ձեռամբ Շրջանաւարտից միութան ատենապետ Թամար Կէօքճեանի:

12-րդ դասարանէն առաջնութեան մրցանակ ստացան` Լիւսի Գոճայեան եւ Յովսէփ Տէօվլեթեան, իսկ 6-րդ դասարանէն` Ծաւի Պիլալեան: Բարի վարուց մրցանակի արժանացան 12-րդ դասարանէն Մարիա Լենա Գիսոյեան, իսկ 6-րդ դասարանէն` Ռիթա Գասարճեան: Այլ մրցանակներ ստացան` Մեղեդի Ֆուտուլեան, Թետի Խաչատուրեան, Սերօ Քելուկեան, Մարիա Լենա Գիսոյեան եւ Լիւսի Գոճայեան:

Վկայականներու տուչութիւնը կատարուեցաւ ձեռամբ վարժարանի տնօրէնուհի` Մարալ Տէյիրմենճեանի, եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Սողոմոն Քիլաղպեանի եւ հոգաբարձութեան ատենապետուհի Փոլին Սաղըրեանի:

Ապա վարժարանի տնօրէնուհին ընթացաւարտ աշակերտները յորդորելով` ըսաւ. «Երբ վախի կամ անապահովութեան զգացումներ ունենաք, վանեցէք զանոնք` ընկղմելով աշխատանքի հունին մէջ: Մի՛ արտօնէք, որ վախը անդամալուծէ ձեզ: Սիրեցէ՛ք ձեր աշխատանքը, արդիւնքներէն աւելի եւ միշտ պատրաստ եղէք կատարելու ոչ միայն ձեզմէ պահանջուածը, այլ գացէք մղոն մը անդին սիրով, մտադրութեամբ, գոհունակութեամբ եւ մղուած այն գիտակցութենէն, որ աստուածատուր ձեր կարողութիւններուն ու կարելիութիւններուն տէրն ու տնտեսը դուք էք, սակայն զանոնք ծաւալեցէք ոչ միայն ձեր կեանքերուն համար, այլ` մարդկութեան համար»:

Վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը աւարտեցաւ վեր. Ս. Քիլաղպեանի օրհնութեան աղօթքով: Հրաժեշտի նախորդող վայրկեաններուն հնչեցին շնորհաւորական երգեր ու տեղի ունեցաւ հրավառութիւն:

6-րդ դասարանէն վկայական ստացան հետեւեալ աշակերտները.
Այնթապլեան Սելինա, Արզումանեան Սիրակ, Գասարճեան Ռիթա, Էճիտեան Պետիկ, Թելֆէեան Արթիւր, Խաչիկեան Սերժ, Ճիզմեճեան Ժագ, Մկրտիչեան Վաղիկ, Մուշեան Նուպար, Պիլալեան Ծաւի, Սարաֆեան Յովսէփ, Սեմերճեան Փաթիլ, Սողոմոնեան Թրէյսի, Քելուկեան Սթիւ եւ Քենտիրճեան Յովհաննէս:

12-րդ դասարանի կենսաբանութեան բաժինէն վկայական ստացան հետեւեալ աշակերտները.
Գիսոյեան Մարիա Լենա, Գնտոյեան Կարինէ, Գոճայեան Լիւսի, Կէօքճեան Նարինէ, Մանիսալեան Հանրի եւ Քելուկեան Սերօ:

Տնտեսագիտութեան բաժինէն`
Խաչատուրեան Թետի, Յարութիւնեան Արշօ-Սարին, Պոյամեան Փաթիլ, Սանթուրեան Մակի, Տէօլտիւլեան Սեպուհ, Տէօվլեթեան Յովսէփ եւ Ֆուտուլեան Մեղեդի:

Share this Article
CATEGORIES