Ճատրակ. Սամուէլ Սեւեանին Բացառիկ Յաջողութիւնը

0825_sevianArmchess.am կը հաղորդէ, որ ամերիկահայ 13 տարեկան ճատրակ խաղացող Սամուէլ Սեւեան հասաւ բացառիկ յաջողութեան:

Ռոքվիլ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ճատրակի միջազգային բաց մրցաշարքին, ան երրորդ անգամ ըլլալով ամբողջացուց կրանտմասթըրի կոչում ստանալու ձեւը եւ դարձաւ Միացեալ Նահանգներու ճատրակի պատմութեան մէջ առաջին խաղացողը, որ ճատրակի բարձրագոյն մակարդակին կը հասնի 14 տարիքը չբոլորած:

Անցեալին Ռապըրթ Ֆիշըր կրանտմասթըր դարձած է 15 տարեկանին:

Այժմ անոր վարկանիշը պէտք է հասնի 2500-ի, որպէսզի ՖԻՏԷ-2 պաշտօնապէս կատարէ հայ ճատրակ խաղացողին կրանտմասթըրի կոչումը:

Share this Article
CATEGORIES